Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԱՅ ԿԻԼԻԿԻԱ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻ «ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԲՌՆԱԳՐԱՒՈՒԱԾ ԴՐԱԽՏԸ» ԳԻՐՔԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ՝ «Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարտիկ Մատէնճեանի հրատարակած Ցեղասպանութեան մասին եռահատոր գիրքին՝ «Բռնագրաւուած դրախտին» երրորդ եւ վերջին հատորին ներկայացումը։

 

Գրասէրներու կողքին ներկայ էր նաեւ Փասատինա քաղաքի Սուրբ Սարգիս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Պօղոս Քհնյ. Փալթայեան ներկայացնելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը:

 

Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցւոյ Աւագ հովիւ՝ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ գիրքի եւ գրականութեան արժէքներուն եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան գծով տարուած աշխատանքներուն եւ ապա հեղինակին կարճ կենսագրականը ներկայացուց, անոր հրատարակած գիրքերուն ցանկով:

 

Ապա, Վերապատուելին հրաւիրեց հեղինակը ներկայացնելու համար իր գիրքերը, մանաւանդ վերջին հրատարակութիւնը՝ Quest For Ravished Paradise գիրքը եւ վերջինը «Բռնագրաւուած դրախտը» եռահատոր գիրքը:

 

Յիշեցնենք որ եռահատոր գիրքին անգլերէն երկու հատորներն ալ մրցանակի տիրացած են Hollywood Books Festival 2016-ին եւ 2017-ին:

 

Առաջին հատորին համար զանազան քաղաքական անձնաւորութիններ գնահատականներ ուղղած են, որոնց գլխաւորը նախկին Դաշնակցային Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուքին նամակն է, որուն մէջ նախագահը կ՚ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ Գերմանիոյ աջակցութիւնը, փլանաւորումը եւ գործադրութիւնը, նոյնիսկ մեղքի բաժինը մասնակցութեան մէջ գերման Ռայխի զինուորականներուն կողմէ, նաեւ քաղաքական ղեկավարութեան գիտակցաբար աչք փակելուն մէջ՝ ռազմավարական նպատակներով:

 

Հեղինակը անդրադարձաւ թէ ինչպէս տեղի ունեցած էր հայկական Ցեղասպանութեան մասին գիրքերուն հրատարակութիւնը, իր կատարած ճամբորդութիւնները դէպի զանազան երկիրներ, տեղեկութիւն քաղելու համար Սեբաստիոյ նահանգի Չեփնի գիւղի վերապրած համագիւղացիներէն կամ անոնց զաւակներէն: Ապա, ներկայացուց տեսաերիզ մը որ կը պարփակէր երրորդ հատորէն յատուկ մասեր:

 

Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին երիզը, որուն մէջ կային ջարդերու մասին քանի մը ակնարկութիւններ, մանաւանդ թուրք կնկայ մը հայերէն բառեր արտասանելը եւ խաչակնքելը, առանց մոռնալու պատի-գորգի վրայ նկարուած  Յիսուսի «Վերջին ընթրիքի» տեսարանը որպէս բեմի զարդ:

 

Աւարտին, հեղինակը՝ Մարտիկ Մատէնճեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիլիկիա եկեղեցիին եւ  բոլորին՝ իրենց ներկայութեան համար:

 

Վերապատուելի Մկրտիչեան իր փակման խօսքին մէջ գնահատանքով անդրադարձաւ Մարտիկ Մատէնճեանի աշխատանքներուն եւ Տէր Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի Պահպանիչով վերջ գտաւ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին գիրքի ներկայացումը։

 

Ներկաները նաեւ առիթը ունեցան Մարտիկ Մատէնճեանի հրատարակած բազմաթիւ գիրքերուն ծանօթացման, որոնց կարգին մանկական երկու պատմուածքներ՝ հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով:

 

Տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

 

Հայ Կիլիկիա Աւետարանական եկեղեցի

Փասատինա 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ