Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Շնորհակալութեան երկու խօսք

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

 

Այս տարի հայ ազգին կաղանդչէքը կանուխ եկաւ: 12 Դեկտեմբեր 2019 թուականը, հայ ազգի, Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային պատմութեան մէջ արձանագրելով որպէս արդարութեան հաւաստիք: Հոգ չէ, թէ այդ եղաւ բարոյական յաղթանակ, սակայն այն դարձաւ մեծագոյն հիմնաքարը հայ ժողովուրդի իրաւունքներու արդարադատութեան եւ պահանջատիրութեան պայքարին որպէս վարձատրութիւն:

 

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը, 29 Հոկտեմբեր 2019-ին,  թիւ H.S.296 (Non Binding) բանաձեւը, իր 116-րդ նիստին, վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Բանաձեւը ներկայացուած էր քոնկրէսական Էտըմ Շիֆի հեղինակութեամբ, որուն մասնակից էին հայամէտ եւ արդարադատ բազմաթիւ քոնկրէսականներ, ծերակուտականներ եւ պետական գրասենեակներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս՝ Ֆրէնք Փալոն, Ճուտի Չու, Պապ Մէնէնտեզ, Թէտ Քրուզ եւ ուրիշներ:

 

Բանաձեւին ընդունման յաջորդական քայլն էր զայն հասցնել Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտ, որուն վաւերացումը այնտեղ, շիրմաքարը պիտի դառնար թրքական ուրացման եւ ժխտողական կեցուածքին:

 

Ծերակուտականներ Պապ Մէնէնտէզ եւ Թէտ Քրուզ եղան թիւ 150 բանաձեւին, դարձեալ Non Binding, Stand Alone բանաձեւին ջահակիրները դէպի ծերակոյտ, ուր յաջորդական երեք անգամ մերժուելէ ետք, այսօր, 12 Դեկտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Անոնք յաջողեցան իրականացնել համայն հայ ժողովուրդի մը հարիւրամեայ երազը, Ծերակոյտին բացարձակ հաւանութեամբ ընդունելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:

 

Սառնասիրտ դիւանագէտի մը ներկայացումը կը սպասէի հեռատեսիլի կայանէն, այնպէս ինչպէս պատահած է միշտ, այլ բազմազան առիթներով: Սակայն ծերակուտական Մէնէնտէզի յուզումի պահը իսկապէս որ խորին յարգանքի զգացումով ընկալուեցաւ հայ ժողովուրդին կողմէ, յուզելով ո՛չ միայն զիս, այլ նաեւ հայ ազգը: «Մարդկային ողբերգութեան անտեսումը մեզի համար չէ. որպէս ժողովուրդ, մենք այդ չենք ներկայացներ, մենք աւելի լաւ ենք եւ այդ պէտք է արտացոլայ մեր արտաքին քաղաքականութեան մէջ», ըսաւ ան: Պարագան նոյնն էր նաեւ Էտըմ Շիֆին հետ, ուր կ՚ըսէր, «իսկապէս կը հիանամ հայ ժողովուրդին յամառ գոյատեւման եւ իր արդար դատի յարատեւ հետապնդման աշխատանքներուն վրայ»:


Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն յաջորդող դարուն, հայ ժողովուրդը ապրած է տառապանքներով, վերականգնումի մաքառումներով, հալածանքներով, յուսախաբութիւններով, անարդարութիւններու շարաններով, յարատեւ պայքարով եւ պահանջքներու հետապնդումներով: Այսօր, կարծէք այդ բոլորը կը փարատէին մեր սրտերէն, միտքերէն, մեր առաջ բանալու համար նոր վերելքի ուղի մը, այս անգամ՝ ո՛չ առանձին տանելու մեր պայքարը դէպի արդարութեան կիրարկում, այլ  մեր կողքին ունենալով աշխարհի հզօր տէրութիւններ, որոնց շարքին վստահօրէն պիտի միանան բազում այլ տէրութիւններ եւս, պարտադրելու համար թուրքը, որպէսզի ընդունի իր նախահայրերուն կատարած անիրաւութիւնը եւ հատուցում տայ հայ ժողովուրդին:

 

Շատեր հաւանաբար առարկեն, թէ Ամերիկան մի քանի առիթներով ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, նաեւ այլ երկիրներ: «Յետոյ ի՞նչ»:  Ճանաչումը որեւէ օգուտ կրնա՞յ բերել հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման աշխատանքներուն: Պատասխանը արդէն ինքնին կը կայանայ այն նոր ուղիին մէջ որ բացուած է հայ ժողովուրդին դիմաց եւ կը կոչուի «պահանջատիրական աշխատանքներ», մեր թիկունքին ունենալով համայն աշխարհի ճանաչման նեցուկը, զայն գործածելու համար մեր յաջորդական պայքարի փուլին մէջ:

 

Շատ յաճախ ոգեւորուած ենք յաղթանակներով: Ըլլան անոնք պատերազմական, գիտական, ուսումնական կամ այլ: Այս յաղթանակը սակայն, թող ըլլայ յատկանշական այն առումով, ուր՝ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ եւ ո՛չ հատուածական աշխատանքով կարենանք շարունակել մեր պայքարի յաջորդ փուլը, պահանջատիրութեան աշխատանքները, մինչեւ իրականացում:

 

Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր հայ կազմակերպութիւններուն, որոնք անխոնջ աշխատանք տարին այս օրուան վարձատրութեան հասնելու համար:

 

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ