ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.
«Մարդ արարածը, ընկերութեան մէջ, կը գնահատուի ո՛չ միայն կենցաղային իր վարքագիծով, այլեւ իր գործածած լեզուին մակարդակով»։
Նորատիպ բառարանի մը առաջին տողերը կը կազմեն սոյն համապարփակ խօսքերը, որ աշխատասիրած է ու յօրինած ՏաճատԾ. Վրդ. Եարտըմեան, Լոս Անճելըսէն։
«Հայերէն լեզուի ժամանակակից բառարան» վերտառութեամբ հրատարակութիւն մը, որու մասին առաջին անգամ տեղեկացած էի շնորհիւ «Ասպարէզ» թերթի առցանց էջերուն, անցեալ տարի, Դեկտեմբերի 18-ին:
Ամերիկա, Եւրոպա եւ ովկիանոս մը անծիր… անկարելի ձեռնարկ մը կը թուէր այդ հատորը ձեռք բերել։
Երկարատեւ ու անյոգնաբեկ հետապնդումներէ ետք, ու շնորհիւ աստուածային նախախնամութեան, այդ հատորը գրասեղանիս վրայ կը գտնուի այսօր. նուէր՝ հայրենիքէն, հոգեշնորհ եկեղեցականէ մը՝ Սուրբ Էջմիածինէն։
«Այս բառարանը ինծմէ խլեց շուրջ 50 տարիներու թէ՛ մնայուն եւ թէ՛ պարբերական աշխատանք, նկատի ունենալով նաեւ եկեղեցական հանգամանքիս եւ պատասխանատուութիւններուս բազմազբաղ պարագան», կը խոստովանի Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեան։
Ու մենք, անվարան, կը հաւատանք այս իրողութեան. ներկայ հատորը անժխտելի հաւաստիքն է անոր։ Ստոյգ ու տեսանելի։
Լրջախոհ մօտեցում մը՝ եւ արդէն ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ, թէ սոյն հրատարակութիւնը ժամանակակից հասկացողութեամբ եւ ըմբռնումով է պատրաստուած. հազարէ աւելի էջեր, որոնք կը ներընդգրկեն բառագանձ մը անգնահատելի ու կը հիմնաւորեն լեզուաբան Ստեփան Մալխասեանցի խօսքերը գրուած 1943-ին. «Մի մարդու կեանքը, թէկուզ վաթսուն տարի էլ նա աշխատի, բաւական չէ մեր ամբողջ մատենագրութիւնն ու պարբերական մամուլը կարդալու եւ նրանցից բառեր հաւաքելու»։
Կէս դարու աշխատանք… ու դժուար չէ մակաբերել, թէ ո՛րքան դժուար ձեռնարկ մըն է եղած իրականացնել բառարանագրութեան սոյն ծրագիրը, նկատի ունենալով հանդերձ գիտականութեան յաջողութիւններուն ընձեռած բոլոր հնարաւորութիւնները։ Ծրագիր, որ կ՚ենթադրէ «ունենալ բառերու ատաղձ, մշակել եւ որոշել անոնց նշանակութիւնները, անոնց համապատասխան օրինակները կազմել, ոճերը գտնել ու դասաւորել, փոխառեալ բառերու ծագումը նշանակել, ինչ որ ստեղծագործական բարդ աշխատանք է եւ կը պահանջէ ամենամեծ ուշադրութիւն, մտքի լարում եւ բազմակողմանի տեղեկութիւններ», ինչպէս շեշտադրած է նոյնինքն Ստ. Մալխասեանց անցեալին։
Այս բոլորն են Հ. Տաճատ վարդապետի հեղինակած բառարանը։ Սփիւռքի այլացնող իրականութեան այդ «Միւսն» է ան, ուր էջ առ էջ կը ստուերանկարուի տրամաբանական գիծ մը լուսաբանումներու եւ ուղենշումներու, յատկապէս գիրքի կառուցուածքին եւ որոշ բառերու կիրառումին նկատմամբ, իբրեւ սատար՝ խուսափելու կրկնութիւններէ ու աւելադրութիւներէ, եւ ընդառաջելու հեղինակի թելադրանքին, այսինքն՝ «ճիշդ օգտագործել»։
Եւ ճի՛շդ այս տեսանկիւնէն թերթելով, իսկական վայելք մըն է կարդալ «ժամանակակից նորութիւններ» նկատուած բառերուն իմաստները, այնքան կուռ, յստակ ու բովանդակալից բացատրութիւններով դրսեւորուած, ուր չըմբռնելն ու չհասկնալը նոյնիսկ՝ անկարելի կը թուի։ Եւ այսպէս մինչեւ վերջին էջը՝ 1021, առանց անտեսելու առօրեայ խօսակցութիւններուն մէջ առատօրէն կիրարկուած օտար բառերուն հայերէնները, ինչպէս նաեւ՝ թուայնային ասպարէզին վերաբերող եզրերը:
Ահա՛ թէ ինչու, ըստ մեր խոհական կարծիքին, ան է՛ ու կը մնայ վերջինտասնամեակներուն, արեւմտահայերէնին նուիրուած սփիւռքի բառարանագրութեան կարեւորագոյն աշխատասիրութիւնն ու հրատարակութիւնը՝ մէկ հատորի մէջ ամփոփուած, իբրեւ շառաչուն պատասխան բոլոր այդ անվերահասու գրիչներուն, որոնք անընդհատ կը կարկինեն արեւմտահայերէնի հորիզոնը՝ որպէս մռայլ, ու ծանծաղամիտ հիմնաւորումներով զայն կը գերեզմանեն։
Մինչ կը փակեմ սոյն տողերը, կը վերյիշեմ նախաբանին մէջ հեղինակին՝ Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի թողած հետեւեալ խորհրդածութիւնները. «Որքան ալ երկարատեւ աշխատանք մը եղաւ, սակայն վստահ եմ, թէ ո՛չ անթերի է, ոչ ալ կատարեալ…»։
Կրօնաւորական սքեմին վայելուչ խոնարհ խօսքեր… որոնք կ՚արտացոլան համակ համեստութիւնը մեր Հայրերուն արժանընձիւղ այս մեծ հոգեւորականին. Համեստութիւն, որ յիսուն տարի ետք եւս ըսել կու տայ… «Ես ըրի ա՛յն՝ ինչ որ տարիներու ընթացքին կ՚երազէի… »։
Գեղեցիկ երազ, վարդապետ։
Ա՛յս է սահմանագիծը ճշմարիտ մեծութեան…
Հո՛ն, ուր արժանիքը կը դառնայ՝ գրաւականը արժէքին։
ՎԱՐԴԱՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ