Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ՄԵՐ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը, աշխարհատարած իր համայն անդամակցութեան եւ համակիրներու լայն շրջանակին անունով, անխառն գոհունակութեամբ կ’ողջունէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ գործուած Հայկական Ցեղասպանութեան։

 

Արդարեւ, թիւ 150 բանաձեւի միաձայն որդեգրումը ո՛չ միայն պատմական գօտեպնդող երեւոյթ է, այլ նաեւ ծանրակշիռ քայլ մը՝ դէպի ճշմարտութեան եւ արդարութեան վերականգնումը։
Շուրջ ամիս ու կէս առաջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան կողմէ թիւ 296 բանաձեւի անկիւնադարձային որդեգրումէն ետք, ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտէզի եւ Թէտ Քրուզի դրուատելի ճիգերը յանգեցան առաջադրուած բանաձեւի միահամուռ ընդունման, այս անգամ Ծերակոյտին կողմէ։

 

Յատկանշական է նաեւ այն իրողութիւնը, որ զոյգ այս յաջողութիւնները արձանագրուեցան ի հեճուկս Սպիտակ տան բացայայտ ընդդիմութեան։
Այսպէսով, Միացեալ Նահանգները կը միանան Հայկական Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող 28 այլ պետութիւններու շարքին, որ կը ներփակէ նաեւ Գերմանիան, Ռուսաստանի Դաշնութիւնը եւ Ֆրանսան։

 

Բարձրօրէն եւ անվերապահ կերպով գնահատելի են ամերիկահայ բոլոր կազմակերպութիւնները, միաւորներն ու անհատները որոնց երկարամեայ, յարաճուն եւ անխոնջ ջանքերուն շնորհիւ ձեռք բերուեցաւ փայլուն այս իրադարձութիւնը։
Անվարան կարելի է յայտարարել, թէ անգամ մը եւս կը վերահաստատուի ազգային մեր պահանջատիրութեան անժխտելի ԱՆԺԱՄԱՆՑԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ։

 

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան

Ատենադպիր

Մայք Խարապեան

Ատենապետ

 

14 Դեկտեմբեր 2019

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ