Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային Սլացք. ՀՈՎԱՆԱՒՈՐԵԱԼ, ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԱԾ ՈՒ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՂ ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ. Ի ՎԵՐՋՈՅ ԿԸ ՓՏԻ՞, ԹԷ՞՝ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՓՏԵՑՆԵԼ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-

Ո՛չ նորութիւն է, ո՛չ ալ գաղտնիք։

Աշխարհը կը տապլտկի փտածութեան նեխած ոլորտներուն եւ եռացող «կաթսա»ներուն մէջ, իր զանազան տեսակներով, տարբեր չափերով, խայտաբղէտ արդիւնքներով ու բազմագոյն հետքերով, դառնալով համատարած… «ՄԱՆՐԷԱՍՏԱՆ» մը։

 

Ճիշդ է, փտածութիւնը ԱՄԵՆՈՒՐ է, սակայն, հարցը այն է, որ բոլոր պետութիւններու մօտ, նոյն քանդողութեամբ եւ ընդհանրութեամբ չէ կամ ալ նոյն գահավիժութեամբ ու վնասաբերութեամբ չէ, որովհետեւ իւրաքանչիւր երկիր եւ պետութիւն ունին իրենց յատուկ կարգավիճակը ու դրուածքը։

 

Հետեւաբար, փտածութիւնը «համապետական ու համաժողովրդային» պարունակութիւն մըն է, որ ունի իր արմատները, գոյավիճակն ու գործընթացը, աշխատաոճը եւ ուղղակողմը, գործելով մերթ ընդյատակեայ, մերթ երեւելի թափանցիկութեամբ։

 

Կարգ մը երկիրներու պարագային, եթէ փտածութիւնը «կը հովանաւորուի» պետական-կազմակերպչական հզօր ուժերու կողմէ, ինչ որ, որոշապէս, իրականութիւն ըլլալու չափ ճիշդ է, ուրիշներու համար, «ուրուական»ի վարպետութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ խլրտող քանդիչ ուժ մըն է։

 

Փտածութիւնը տիրող (՞) իշխանութիւն մըն է, որուն շուրջ որեւէ կասկած պէտք չէ ունենալ, այնքան ատեն որ՝ անիկա խոր «հիմք»եր դրած է ժողովուրդներու կեանքին մէջ, ամէնէն անմարդկային, ստորնային ու սատանայական միջոցներով, գիտակցաբար թէ ոչ, բացայայտօրէն թէ ոչ եւ կը ճնշէ հասարակութիւնը, արիւնաքամ կ’ընէ ու կը խեղդէ զայն, որովհետեւ, փտածութեան քաղաքականութիւնը ա՛յս է, փտածութիւնը ա՛յս ոճով կը գործէ եւ փտածութիւնը միշտ կը մնայ… կանգուն։

***

Վերանորոգեալ փտածութիւնը, ինքզինք վերանորոգող փտածութիւնը կամ շարունակուող փտածութեան աւերուածութիւնը, այսօր, աւելի քան երէկ (կամ վա՞ղը), կը քանդեն, կ’աւերեն ու կը փշրեն մարդկային, համայնքային, կենցաղային եւ ապրուստային ամբողջ կառոյցներ, իրենց պետական ու կառավարական, իշխանական եւ վարչակարգային լծակներով։

 

Ո՞ւր զգալի չեն այս սայթաքումները ու սահանքները, երբ փտածութիւնը կը սողոսկի ամէն խաւէ ու դասակարգէ, շրջանակէ ու միջավայրէ ներս, իր ահաւոր ու բզկտելի ազդակներով, ստեղծելով խոցելիութիւններու թունաւոր սրսկումներ, իրենց ամէնէն վտանգաւոր եւ աղիտաբեր դրոշմներով։

 

Հասկնալի է (պէ՛տք է ըլլայ), որ փտածութիւնը, իր ժանիքներով ու մագիլներով, կը թեւածէ ամենուրէ՛ք, իր ամէնէն այլանդակութեամբ եւ այլախոցութեամբ, չխնայելով ո՛չ ոք, ո՛չ մէ՛կ կողմ։

 

Աշխարհը կը յաւակնի յայտարարել, թէ կը պայքարի փտածութեան դէմ, ատիկա ԲԱՑԱՐՁԱԿ ու ԲԱՑԱՅԱՅՏ ստախօսութիւն է, իր խորքով ու տեսքով, որովհետեւ մեծ մասին մօտ, ան «գործող մեքենայ» է, «արտադրող մեքենայ», «տարածուող մեքենայ»։

 

Իսկ համոզուելու համար այդ կրծող իրականութեան, պէտք կա՞յ բացատրութիւններու, երբ իւրաքանչիւր փտացող երկրի մէջ ապրող կը տեսնէ ու կը զգայ զայն իր կեանքին եւ միջավայրին մէջ, իր մորթին վրայ։

 

Փտածութիւնը «սողոսկող վիշապ» մըն է, որ կը ծուարի պետական-կառավարական ծալքերէն ներս, համագործակցութեամբ մաֆիական զօրասիւներու, որոնք կրնան ըլլալ ներքաղաքական եւ նաեւ միջ-պետական մակարդակներու վրայ, անոնց մէջ ընդգրկելով մեծ անձնաւորութիւններ ու նշանաւոր դէմքեր, իրենց դիմակային գործունէութեամբ ու գործօն մասնակցութեամբ։

 

Դժբախտաբար, մեր անմիջական ոլորտներուն մէջ, ուր կ’ապրին բազմամիլիոններ, որոնց մէջ նաեւ հայութիւն, տարբեր գաղութներու ու Հայաստանի մէջ, իրենց մորթին վրայ կը զգան փտածութեան գարշանքն ու խորշանքը, որովհետեւ անիկա.

– Հզօ՞ր ուժ է

– Անձեռնմխելի՞ ամրոց

– Հովանաւորուա՞ծ կալուած

– Անհպելի՞ շրջանակ

– Անհասանելի՞ մարդակոյտ

 

Ժամանակներն եւ օրինակները ցոյց տուին, որ փտածութիւնը, իրօք, իշխողական է, իր գոյութեամբ, գործընթացով, մարդուժով եւ նիւթականութեամբ, որովհետեւ հովանաւորեալ է ու զօրացեալ, միանգամա՛յն։

 

Եթէ «Ալ Քալփոնի»ական օրերուն, համափտածութեան արարքները, ներուժերը ու ներթափանցութիւնները դարձան պողպատեայ ամբողջութիւն մը, տապալելով իշխանութիւններ ու սպառնալով իշխանապետերու, այսօր, տարբեր տարազումներով, բայց նոյն բովանդակութեամբ, անոնք՝ ընդյատակեայ թէ հրապարակային գործողութիւններով, ինքզինքնին… պարտադրող ու զգացնող իժեր են։

 

Նախկինին եւ ներկային միջեւ տարբերութիւնը այն է, որ այսօրուանը ԳԵՐԱԶԱՆՑԱՊԷՍ պետական է, իր իշխանական եւ աւագանիական շերտերով, ինչ որ շատ աւելի վտանգաւոր ու վնասաբեր է մարդկութեան համար։

 

Հեգնականը այն է, որ ինքզինք ժողովրդավարական յաւակնող երկիրներ, ինչպէ՞ս կը փորձեն աշխարհը համոզել, թէ իրենք այդպիսին են, երբ անոնք ոչ միայն կը թունաւորեն իրենց պետութիւնը եւ ժողովուրդը, այլեւ՝ ուրիշներ եւս կ’առնեն իրենց շուքին տակ ու կը պահեն այդ մաղձոտ եւ ապականող մթնոլորտին մէջ, իբր թէ քաղաքակրթութեան ու բարեկրթութեան հաւատացող ու զանոնք քարոզող ու գործադրող կողմեր…։

 

Սակայն, հոս հարց է, տեղի՛ն հարց, թէ «փտածութիւն-վիշապ»ը կարելի՞ է խեղդել, ճզմել կամ զսպել, երբ անիկա բազմակողմանիօրէն կը հարուածէ ու կը մտրակէ, կը խայթէ ու կը կծէ, իսկ զայն խնամողները, հովանաւորողներն ու զօրակցողները, կարծուածէն աւելի շա՜տ են։

 

Որեւէ երկրի մէջ, «փտածութիւն-վիշապ»ը որեւէ ձեւով չզսպուեցաւ, ոչ ալ՝ չքացաւ, ընդհակառակը՝ աւելի զօրացաւ եւ ամրացաւ, որովհետեւ կրցաւ հասնիլ գագաթնային բարձունքներու, ոտնակոխելով պետականութիւն եւ ժողովրդականութիւն հասկացողութիւնները։

 

Հայաստանի մէջ, «փտածութիւն-վիշապ»ները, երկտասնեակ մը իշխելով, ցնցեցին անկախութեան ամբողջ հիմքերը, թշուառացնելով, խրտչեցնելով, աղքատացնելով ու զզուեցնելով ժողովուրդը, որուն կարեւոր մէկ մասը չուեց… այլուր։

 

Ինչո՞ւ. շա՛տ պարզ. փտածութիւնը զինք կը հալածէր, կը խոցոտէր, կ’արիւնահոսէր ու կը զգետնէր, մինչ ո՛չ ոք առաջքը առաւ այդ զանցառումներուն կամ շրջանցումներուն, իսկ ինք՝ ժողովուրդը, իր վստահութիւնը կորսնցուցած էր եկող-գացող իշխանութիւններէն։

 

Այսօր, Հայաստանը, հակառակ Նիկոլիզմի անդադրում ու շարունակական ճիգերուն, տակաւին կը խարխափի փտածութեան խաչմերուկներուն վրայ, քանի անոր բացայայտուող կողմերը, ցոյց կու տան, որ ան կը յամենայ իր պարունակներուն մէջ, մինչեւ որ կարենայ լրիւ ձերբազատուիլ խանգարիչ տարրերէն։

 

Պատահական չէ, որ նոյն «փտածութիւն-վիշապ»ի ուրուականը կը թեւածէ ամենուրէք, տեսանելի կամ անտեսանելի թռիչքներով, որմէ հրաժարիլը չի կրնար ըլլալ արագօրէն, բայց, անպայմանօրէն, մօտալուտ զարգացումներով եւ յառաջխաղացքներով, որոնց իրականացման համար, անհրաժեշտ է, պետական վերնախաւէն ու դասակարգայնութենէն, ի սպառ վերացնել զայն, թէկուզ, քայլ առ քայլի քաղաքականութեամբ։

***

Փտածութիւնը, նեխածութիւնը կամ ապականացումը, որպէս երեւոյթ եւ իրականութիւն, ախտ ու թունալիութիւն, յայտնի է, մուտք գործած են մէկէ աւելի պետութիւններու առօրեայէն ներս, իրենց աչք ծակող ու ժահրոտ ձեռքերով։

 

Սակայն, ինչպէ՞ս կարելի է սահմանել կամ բնորոշել փտածութիւնը, որ ուժգնօրէն եւ ամրօրէն թափանցած ու ծուարած է պետութիւններու գրասենեակներէն ներս թէ դուրս։

Ասկէ կ’առաջանան հետեւեալ հարցերը, փտածութիւնը.

– Սովորութի՞ւն է

– Բնաւորութի՞ւն

– Յատկութի՞ւն

– Աւանդութի՞ւն

– Հոգեբանութի՞ւն

Այո՛, թերեւս այս բոլորը՝ համահանգուցուած, սակայն, ՆՈՐՕՐԵԱՅ պատկերով ու գործընթացով, քանի փտածութիւնը ի «պատուի» է, նկատի առնելով որ հոն կը գործեն.

– Պետական վարչամեքենաները

– Քաղաքական հոսանքները

– Վերնախաւային դասակարգերը

– Հովանաւորեալ կազմակերպութիւնները

– Անձեռնմխելիական անձնաւորութիւնները

 

Ա՛յս է փտածութիւնը, իր ճիրաններով ու փուշերով, որ դարձած է «տիրական» ներկայութիւն մը, միայն մարդկութիւնը անկիւնաւորելով, մարդկութեան իրաւունքները խլելով, մարդկութեան անունով գործելու ու շեփորելու, սակայն, ոչ թէ հասարակութեան ի նպաստ, այլ պետական հովանիով, պետական ցանցով, պետական գիտակցութեամբ եւ պետական… օրհնութեամբ, ժողովուրդներ մորթելով ու զինելով։

 

Այս հպումներուն անդրադարձանք, ընդհանրականէն մինչեւ մասնաւորական արձանագրութիւն, ցոյց տալու համար, որ փտածութիւնը, իր մեծագոյն բազմագլխութենէն՝ փոքրագոյնը, ամէն տեղ է, յարձակելու եւ յօշոտելու դիտաւորութիւններով։

 

Հայաստանը եւ Լիբանանը, ամէն մէկը իր տեսակով եւ ոճով, դժբախտաբար, նոյն փտածութենէն անցան ու կ’անցնին, նոյն աւերումներով ու կործանումներով, սակայն, հիմնականը այն է, որ՝ կարելի պիտի ըլլա՞յ փտածութիւնը շանսատակել եւ ոչնչացնել, իսկ փտածները՝ մաքրագործել ու մաքրազտել։

 

Պէյրութ

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ