Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Զարմանալի Տօնածառ

 

Եթէ Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծնունդի եղանակ է, ուրեմն անպայման տունին մէջ պէտք է ներկայ ըլլայ տօնածառը: Բայց պարտադի՞ր է որ այդ ծառէն կախուած ըլլան գեղեցիկ, գոյնզգոյն խաղալիքներ:

 

Կը պարզուի որ՝ ո՛չ….

Պարզապէս այն պատճառով, որ Կաղանդն ու Սուրբ Ծնունդը աւանդոյթներով լի տօներ են, չի նշանակեր, թէ ձեր տօնական ծառերն ու զարդերը պէտք է աւանդական, սովորական կամ ձանձրալի ըլլան: Մարդիկ ամէնուր նոր ստեղծագործական եւ զուարճալի եղանակներ կը գտնեն՝ տօնածառեր տեղադրելու համար:

Վստահ ենք որ ձեր տօնածառէն կախուած զարդարանքները մկրատներ, դանակներ, փամփուշտներ, եղունգ կրտելիքներ կամ ծխախոտեր չեն պարունակեր:

Իսկ, ահա, Լիթուայի մայրաքաղաք Վիլնիւսի օդակայանը ցուցադրած է իր այլընտրանքային տօնական ծառը՝ ամբողջովին զարդարուած ուղեւորներէն առգրաւուած իրերով: 1,5 մեթր բարձրութիւն ունեցող ծառը պատրաստելու համար պահանջուած է երկու շաբաթ: Սակայն այս տեսակ տօնական ծառ ցուցադրելը բոլորովին զարմացնելու կամ նորարարութեան համար չէ, այլ՝ դաստիարակչական:

 

«Մեր նպատակը ուղեւորներուն կրթական հաղորդագրութիւն ուղարկելն է՝ օդային երթուղիներու անվտանգութեան կարեւորութեան վերաբերեալ:

Ուղեւորներուն արգիլուած է ձեռքի ուղեբեռին մէջ ունենալ դանակներ, մկրատներ, կրակայրիչներ (հրահանններ), շեղբեր եւ ցանկացած այլ վտանգաւոր իրեր: Այնպէս որ, եթէ չէք ցանկանար ձեր անձնական իրերը կախուած տեսնել յաջորդ տարուան մեր տօնածառէն, ապա աւելի ուշադիր տեղեկացէք եւ իրագործեցէք ուղեբեռի կանոնները՝ նախքան ձեր յաջորդ թռիչքի համար իրերը փաթեթաւորելը»,- ըսած է Վիլնիւսի օդակայանի խօսնակը:

Թարգմանեց՝ Շ. Մ. 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ