Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայկական Տաղասացութիւն (1100-1722) Գ. Մաս

Հայկական տաղասացութիւնը հայ ժողովուրդի ձայնն է, մերթ ցնծագին, մերթ ողբագին: 1100-1700 թուականներուն Հայկական լեռնաշխարհը տեսաւ թաթարական, մոնղոլական ասպատակութիւններ, հարստահարութիւններ, տեղահանութիւններ, համաճարակներ… Բայց եղան պայծառ օրեր, եկաւ գարունը, հայ տաղասացներու ամենասիրած եղանակը, ու արդար արեգակի տակ ծաղկեցան ծաղիկներ, խնճոյք էր ամէնուր, առատ էր մեր սեղանը, յորդեցաւ գինին եւ մեր քաղաքներու մէջ հնչեցին ուրախ երգեր: «Հայկական տաղասացութիւն» յօդուածաշարքի երրորդ հատուածին մէջ, յարգելի ընթերցող, այսօր ծանօթանանք ուշ միջնադարու տաղասացներու ընտրանիի մը ու վայելենք անոնց ստեղծագործութիւններով կազմուած փունջ մը:

 

Մարտիրոս Խարասարցին ապրեցաւ 1500ականներուն, հաւանաբար Ղրիմի Կաֆա քաղաքի մէջ: Ան առաջինն է, որ երգեց խնճոյքը, ուրախութիւնը եւ կեանքի վայելքը: Կենսասէր է Խարասարցին: Ան ժողովրդական տօնախմբութիւնները նկարագրեց իրենց աշխարհիկ երեւոյթներով: Հայկական երգի ուրախ սեղանին Խարասարցին նուիրեց «Վասն ուրախութեան» տաղը, որ ծանօթ է նաեւ «Բուն բարեկենդանի տաղ» անունով: Այբբենական է ան, ունի Այբէն մինչեւ Ք տառով սկսող տողեր: Ահա այսպէս. «Այբն ասէ. Այսօր ըմպեմք, Բենն ասէ. Բերք գինի… Գիմն ասէ. Գինի անուշ…»: Տաղը կ’աւարտի բարձր տրամադրութեամբ. «Փիւրն ասէ. Փառք տամք այսօր, Քէն ասէ. Քահանայիւք… Ուրախ լեր, ուրախ լեր, ուրախ լեր, տան տանուտէրս ասպնջական, ուրախ լեր»:

 

Ապա եկաւ վշտահար Գրիգորիս Աղթամարցին: Միջնադարեան մարդու ներքին տառապանքը, դատաստանի սարսափը, վաղահաս մահուան զարհուրանքը, հայրենիքի ողբալի վիճակը, աստանդական կեանքի աղաղակը ո’չ մէկ տաղասացի գործերու մէջ աւելի լսելի է, քան Արծրունիներու թագաւորական տոհմէն սերած, Աղթամարի կաթողիկոս Գրիգորիս Աղթամարցիի գործերը: 1480-1550 թուականներուն ապրեցաւ ան: Երկրի անհաստատ վիճակը ստիպեց, որ ան ապաստան գտնէ Արճէշի, Մեծոփի, Վարագայ եւ Ուռնկարի վանքերու մէջ: Բանաստեղծի հետեւեալ տողը կը բաւէ պատկերացնելու համար, թէ անօրէն «հագարացիները» (արաբները) ինչպէ’ս կը վարուէին մեր երկրի եւ մեր ազգի հետ. «Հագարացիք օրինօք թիւր, զազգս խանձեն որպէս զհուր…»: Բանաստեղծը նաեւ ինքզինք նկատեց մեղաւոր ու ըսաւ. «Եղուկ ու հազար մի վայ, / Որ մեղօք ես աղտեղացայ, / Ղեկօք ես ի ծով իջայ, / Եւ հողմով չարին վարեցայ»: Ժողովրդականացած է Աղթամարցիի «Յամէն առաւօտ եւ լոյս» տաղը, որում մէջ բանաստեղծը ամէն առտու կը լսէ սոխակի քաղցր ձայնը, բայց կը սարսափի, մտածելով թէ արդեօ՞ք մահուան կանչն է ան. «Յամէն առաւօտ եւ լոյս, Գաբրիէլն ասէր հոգւոյս: Արի՛, ե՛լ ի յայս այգոյս…»: Այդ «այգին» կեանքն է, զոր մարդը կը սիրէ մշակել ու պտուղները վայելել: Մարդը ջանք կը թափէ, այդպէս չէ՞, բարեկեցիկ կեանք մը ապրելու համար, քար քարի վրայ կը դնէ, պատ պատի քով կը հիւսէ… «Իմ նորատունկ այգոյս՝ քար եմ բերեր սարերոյս, ջուր եմ բերեր լեռներոյս, աղբիւր եմ շիներ այգոյս, դեռ չեմ խմեր ի ջրոյս: Ուռ եմ տնկեր այս այգոյս, դեռ չեմ կերեր պտղոյս»: Այգեպանի համար սարսափելի է մահուան գաղափարը, քանզի, «Ինչպէ՞ս ելնեմ ի յայգոյս, գէմ չար փուշ կայ պատերոյս»: «Փուշ»ը, յարգելի ընթերցող մեր մեղքերն են: Ինչպէ՞ս ձգել երկրային կեանքը եւ յայտնուիլ դատաստանի առջեւ, երբ մեր մերկ ոտքերուն խճճուած են մեղքի փուշերը…: Երկրի խաղաղ օրերուն, Աղթամարցին գրի առաւ տաղեր, գեղեցկուհի մը փառաբանող, համարձակ, կենսախինդ: Չենք գիտեր, թէ Մարիամ Աստուածածնի՞ն են նուիրուած անոնք, թէ հողեղէն գեղեցկուհիին: Ժողովուրդը զանոնք ուզեր է ընկալել, որպէս աշխարհիկ երգեր: Ահա քանի մը պատկերաւոր պատառիկ. «Գիշերն մինչ ի լուս ես, տապիմ եւ տոչորիմ ես, վախեմ թէ մեռնիմ ես ի քէն հեռի եւ անտես», «Սիրամարգի նման սաւառնացեալ ես, վարդի թփի նման աթլաս հագեր ես», «Ձայն տուր ինձ, ո’վ տարփալի, մարմինս իմ նուաղեալ մաշի», «Արեգակնափայլ գեղով լի լուսին ի տասնուհընգէ, / Աչեր ծով ի ծով ունիս, սոսկալի վարսաւոր սրովբէ. / Ուներդ է քաշած կամար, զինչ գարնան աղեղն ի յամպէ, / Լեզուդ տապարզի շաքար, քո շրթունքդ վարդի թերթ է», «Նորաբոյս ծաղիկ եւ տունկ նշենի, երեսդ է պայծառ քան զթերթ վարդի», «Սիրով լափեցիր եւ արիր զսիրտս խոց, կու տապիմ եւ այրիմ որպէս ի հնոց», «Քո մէջքդ է բարակ քան զուռի», «Բխեն ստինքդ կաթն քո գինի, մեղր ի շրթանցդ քո կաթի», «Մոմեղէն մասունք, հոտ պալասանին / Դու նուշ ու շաքար, տուփ անոյշ խնկին»: Իսկ բանաստեղծը ի՞նչ ածականներու արժանի գտաւ ինքզինք: Յարգելի ընթերցող, մի» ակնկալէք շողշողուն եւ փառասիրութեամբ ուռչած բառեր: Իր տաղերու մէջ Աղթամարցին է «խեւ, յիմար, եղկելի, ողորմելի, մոլորեալ, անիմաստ, թափառնիկ աղքատ, ունայնաբան, ծառայ մեղաց»:

 

Ապա եկան բանաստեղծներ, որոնք առօրեայ կենցաղը պատկերող երգիծական գործեր հեղինակեցին: 1507 թուականին հայաշատ Եւդոկիա քաղաքի մէջ ծնած, Ռումանիոյ մէջ Մխիթար Գօշի «Դատաստանագիրք»ը ղպչախերէնի թարգմանած Մինաս Թոխաթեցին մեզի պատմեց, թէ որքան կը սիրէր հերիսան: Ահա «Տաղ եւ գովասանք հերիսի» բանաստեղծութենէն հատուած մը. «Հիւանդ մարմինս ի դող ելաւ, / Յանկարծ շուտով առողջացաւ, / Հոգով, մարմնով ուրախացաւ, / Երբ հերիսի խապար հասաւ… Ա՛յ հերիսայ, իմ գովական, / Ոչ ոք չկայ ի քեզ նման, / Ամէն մարդիկ դէմ քեզ դողան»: 1500ականներու երկրորդ կէսի բանաստեղծ, արքեպիսկոպոս, Լվով քաղաքի հայոց առաջնորդ Պարսամ Տարպիզոնցին տառապեցաւ եւ գանգատեցաւ… ակռայի ցաւէն. «Ակռայեկս հալ մի չունի, / Կու խոստէ, յիս չի մնաց հոգի, / Թէ տամ քաշել, նա կու ցաւի, / Դու ի՞նչ խրատ կու տայք ինծի: / Հոգիս կելնու հետ չոր հացի, / Հաւաս ունիմ ես չոր մսի, / Զէտ որ ի յակռաս կու հասանի, / Այլ չի մնաց ի յիս հոգի»: Յովհաննէս տաղասացը, առաջինը աշխարհի մէջ, զգուշացուց ծխողներուն. «Ով որ սովոր է ի թութուն (ծխախոտ), / Բազում վնաս գործէ հոգոյն, / Վնաս հոգոյն եւ վիշտ մարմնոյն, / Ձեռօք աւեր առնէ զիւր տուն»:

 

Անցեալ շաբաթ, կը յիշէ՞ք, խոստացեր էի, թէ պիտի վերադառնար գարունը, ծիլ ու ծաղիկ պիտի ըլլար ու մեր երկիրը կրկին պիտի վերածուէր բուրումնաւէտ դրախտավայրի մը: Ուստի, յօդուածիս հրաժեշտ կու տամ մէջբերելով Կարնոյ Սալաձոր գիւղի մէջ ծնած «որբիկ» Դաւիթ Սալաձորցիի «Գովասանք ծաղկանց» իւրայատուկ տաղը: Հոն գովերգուած են Հայկական լեռնաշխարհի շուրջ հարիւր տեսակ ծաղիկներ, «Սուսամն գուլգազ է ներկած, գունն է գլուխ կարմիրներուն, միշտ գեղեցիկ է, խիստ պայծառ, բուսնի մէջ պաղ աղբուրներուն: Զամբիւղ ծաղիկն հոտովն անուշ, ինքն սպիտակ-կարմրագուն, նարդոս ծաղիկն ու կինամոն լցուել են աստուծոյ բարուն: Այն նունուֆար ծաղիկն որ կայ, բուսնի յեզերս ջրերուն, օձերն զինքն կու պահեն, մարդ չի քաղել նոցա ահուն: Այն համասփիւռ ծաղիկն որ կայ, ծաղկել ծաղկովն հազարագոյն, կոյր աչերուն լոյս կու բերէ, թէ Տէրն տայ ադամորդուն»: (Յաջորդ յօդուածը. Նահապետ Քուչակ, Պաղտասար Դպիր, Պետրոս Ղափանցի եւ վերջապէս՝ Նաղաշ Յովնաթան:)

 

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

 


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ