Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան Շաբաթօրեայ Վարժարանի Տօնական Փառաշուք Հանդէսը

Յարատեւող ճիգին առջեւ

Չկայ բան մը որ դիմանայ,

Դժուարը դիւրին,

Անկարելին հնարաւոր կը դառնայ։

 

Ռէթէոս Պէրպէրեան

 

            Նոր Տարուան եւ Քրիստոսի մեծախորհուրդ եւ սքանչելի ծննդեան տօներուն առիթով, Շաբաթ, 21 Դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9։30-ին Կլենտէյլի արուեստի վեհաշուք  կեդրոնին մէջ (324 N. Orange St. Glendale), տեղի ունեցաւ այս վարժարանի աւանդական ճոխ եւ խորիմաստ հանդէսը։

            Այդ օրը դպրոցի ծնողներէ, հիւրերէ, շրջանաւարտներէ, սաներէ եւ անցեալի ուսուցիչներէ բաղկացած յորդ բազմութիւն մը ողողուած էր գեղեցկօրէն զարդարուած սրահը։

            Սրահի մուտքին դրուած էր մեծ, պէսպէսուն զարդերով ակնահաճոյ տօնական ծառ մը, իսկ ներսը, բեմին վրայ, դարձեալ զարդարուած տօնական շքեղութեամբ, դրուած էր Յիսուս Մանուկի ծննդեան մսուրը ներկայացնող նորածինի սնարը:

            Ձեռնարկը իր օրհնաբեր հովանաւորութեամբ կը պատուէր Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Նորին Սրբազնութիւնը կը ներկայացնէին Թեմիս Շաբաթօրեայ վարժարաններու մարմնի նախագահ՝ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեան եւ նոյն մարմնի անդամ՝ Տիկ. Հուրի Քէջումեան։

            Դպրոցի կամաւոր ու թանկագին ուսուցչուհիները, գլխաւորութեամբ համակ նուիրում ու ժր՚աջան տնօրէնուհի՝ Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանի մեծ ճիգ եւ աշխատանք տարած էին ներկաներուն անմոռանալի եւ յիշարժան պահեր պարգեւելու համար։

            Տնօրէնուհիին բացման ջերմ եւ սիրալիր խօսքերով ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուցիչ, մեծավաստակ կրթական մշակ Դոկտ. Էլլի Անդրէասեանն ու Տիկ. Հուրի Քէջումեանը իրենց սրտի խօսքերով սկսելու համար հանդէսը։

            Դոկտ. Անդրէասեան բոլոր ներկաներուն փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնները բոլոր ներկայ ծնողներուն, աշակերտներուն եւ դպրոցի պատասխանատուներուն։ Տիկ. Անդրէասեան մեծապէս գնահատեց դպրոցի պատասխանատուները, աշակերտութիւնը, անոնց ծնողները եւ Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութեան ղեկավարները, որոնք 40 տարի անդադար յաջողութեամբ կը տանին հայապահպանման այս սուրբ գործը։ Նմանապէս Տիկ. Հուրի Քէջումեան իր հերթին շնորհաւորելով դպրոցի ուսուցչուհիները, տնօրէնութիւնն ու պատասխանատուները այս կրթական աշխատանքը տանելու համար, շնորհաւորեց բոլոր ներկաներուն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։

            Պաշտօնական այս խօսքերէն ետք սկսան աշակերտութեան կատարումները։ 90 աշակերտ-աշակերտուհիներ երկու խումբերու բաժնուած իրենց ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ եւ գեղարուեստական բաժնի պատասխանատու՝ Տիկ. Մարիէթա Անասեանի ղեկավարութեամբ 36 համարներէ բաղկացած յայտագիր մը ներկայացուցին՝ արժանանալով ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեանց։ Արդարեւ խօսք եւ բառ չունինք նկարագրելու համար այս համով-հոտով փոքրիկներուն կատարումները, որոնք ներկայ չափահասներուն անխառն ուրախութիւն պարգեւեցին։

            Պատկերացուցէք օտար ափերու վրայ ծնած, ամերիկեան դպրոց յաճախած 4-14 տարեկան այս փոքրիկները այդ օր մօտ 10 հայկական երգ երգեցին, անոնցմէ ոմանք Տիկ. Մարիէթա Անասեանին յօրինած երգերն են, նոյն այս փոքրիկները այդ օր արտասանեցին  Շիրազէն, Պարոյր Սեւակէն, Համօ Սահեանէն, Աթաբեկ Խնկոյեանէն, Վահան Թէքէեանէն, Մուշեղ Իշխանէն, Ռազմիկ Դաւոյեանէն՝ Նոր Տարուայ, հայրենիքի, հայ մշակոյթի եւ հայ լեզուի նուիրուած բանաստեղծութիւններ՝ արժանանալով ներկաներուն բուռն ծափահարութեանց։

            Վերջաւորութեան խօսք առաւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Խաչիկ Ճանոյեան։ Ան սրտանց շնորհաւորեց դպրոցի տնօրէնուհի Տիկ. Անահիտ Թովմասեան-Խաչատուրեանը եւ թանկագին ուսուցչական կազմը այս հոյակապ աշխատանքին համար, որ միայն 10 շաբթուայ ընթացքին կրցան գրել-կարդալ սորվեցնելու կողքին  այսքան երգ եւ արտասանութիւններ սորվեցնել։

            Ապա սրահը թնդացնող տօնական երգերով, պարով, ծափերով, նուագով եւ բացագանչութիւններով մուտք գործեց Կաղանդ պապան (Ձմեռ պապիկ)՝  առաստաղէն ձիւնաթերթիկներու հեղեղի մը տակ։ Ձմեռ պապիկը իր գեղեցիկ նուէրները տալէ առաջ, պահ մը լսեց փոքրիկներուն երգերն ու արտասանութիւնները, որոնք խորապէս գոհ ձգեցին Կաղանդ պապան եւ արժանացան անոր բերած նուէրներուն։

            Ձմեռ պապիկին հետ միասին ժողովուրդը հայկական պարեղանակներու եւ երգերու խանդավառ կշռոյթներու տակ մօտ կէս ժամ պարելէ ետք, բոլոր աշակերտները եւ ծնողները սրահէն դուրս ելան Ձմեռ պապիկին հետ նկարուելու համար։

            Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք այս վարժարանի բոլոր պատասխանատուները սոյն յիշարժան եւ անմոռանալի ձեռնարկին համար, բոլորին ըսելով՝ ՁԵՐ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ։

 ԽԱՉԻԿ  ՃԱՆՈՅԵԱՆ

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ