Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Կաղանդեան Ապրումներ

 

Ո՛վ ալ ըլլաս, ինչ վիճակի մէջ ալ ըլլաս, անպայման կրնաս քեզի ընկերակից մը գտնել. աշխարհ լի է նմանօրինակ ճակատագրակիցներով. Ի հարկէ վերջին եւ ծայրայեղ ապրումներու պարագային կը մնաս առանձին՝ ներաշխարհիդ հետ ու գուցէ դիմես Ինտրային կամ՝ աւելի հին, խոր, հոգեւոր եւ  հանճար մեր Նարեկացիին ու յիշել նաեւ «Նարեկացի, Քուչակի պէս լուսապսակ ճակատ չկայ» (Ե.Չ.) « Սրտի խօսքեր»էն խօսք՝ «Աստուծոյ հետ» ու առանձնութիւնդ պահ մը կը միանայ ներանձնականիդ, ներքին խորքիդ ու յուշի պէս թել մը կը կապէ քեզ գրութեան մը .-«Քոյրը խնդաց, բարեկամը ծիծաղեց.  Օտար մարդիկ հայհոյեցին ու անցան, միայն պոռնիկը մշուշում համբուրեց եւ խելագարը բարեւեց կիսաձայն» (Ե.Չ):

Կաղանդեան այս օրերուն խայտաբղէտ պատկերներ շուրջպար կը դառնան ու ինքնաբուխ քաղուածք մը կը պարուրէ հոգիս որ կը յիշեցնէ ամէնէն սիրած մէկ գրութիւններէս մին՝ Կաղանդի առիթով: « Երբ հաւատացի, սուտ ելար աշխարհ»: Ուրեմն անփորձ պատանին որ ի՜նչ երազներով տարի մը ետք պիտի աւարտէր երկրորդական վարժարանը՝ դուռը Համալսարանի, քաղաքական պատճառով մնաց դպրոցէն դուրս. Բայց ամէն դուռ չէ որ կը գոցուի անպայման. Վերջապէս հայրենիք ունինք որ իր դռները նոր բացած էր Սփիւռքահայ ուսանողներու, սակայն ինծի «բախտ» չվիճակուեցաւ ու շնորհիւ հօրս փոխադրակառքերուն, շրջան մը իբրեւ  «օգնական» աշխատեցայ  Տօրա-Նահր գիծին վրայ ու ահա Կաղանդի առաւօտուն, տակաւին հազիւ արթնցած, գործի վրայ էի…պահ մը նստեցայ ու .- «Այսօրը եկաւ ու պատմեց կորսուած օրերու մասին, Մոռցուած օրերու երթին քանդուած յոյսերու մասին,» ապա՝ մի քանի տուն, ու վերջացնելով՝ «Զգացի աշխարհը անծիր, Արեւը ինկած էր ուսիս. Գարուն մը որ նոր էր ու ծիլ, կը բերէր ծաղիկներ կուրծքիս:»

Ի՜նչ հաւատք եւ յոյս…մինչ դասընկերներէս ոմանք Պէյրութի, ոմանք ալ Երեւանի համալսարաններու մէջ «գլուխ կը յոգնեցնէին», յետագային դառնալու համար տիտղոսակիրներ եւ տնտեսապէս ուռճացած անհատներ:

Անցեր են տասնեակ տարիներ.  Օ՜, տարիք ինչեր ըրիր, վառեցիր արտ ու անտառ, մարեցիր արեւներ վառ. Բացուեցան ապա իմ դէմ նոր սէրեր անակնկալ, թաքնուած՝ խորհուրդի մէջ Տիեզրի՛ն ամենակալ: Օ՜, տարիք, ինչեր ըրիր: Մէկ առիր, տուիր հազար:

Ե՛ւ խինդ,  եւ ցաւ:

 

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ