Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Միասնականութեան Ուժը

Միասնականութիւնը մեծ ծառ մըն է՝ ամուր արմատներով, հաստ բունով, լայն ու ստուար սաղարթով, որ ունի զօրութիւնը դիմակայելու եկող-գացող քամիներուն, հեղեղներուն, ցնցումներուն, մինչեւ իսկ բարբարոսութիւններուն։

Ինչպէս երկար եւ ամուր արմատներ ունեցող հսկայ ծառը ուժգին քամիներէն չի վախնար, այդպէս ալ միասնական հաւաքականութիւնը կամ ազգը չի վախնար քաղաքական հեղեղումներէն, ցնցումներէն, ճնշումներէն, կամ փոփոխութիւններէն, որոնք կը պատահին ամէն  ժամանակներու ընթացքին։

           Դարերու ճանապարհ կտրած հայ ազգն ու հայոց պատմութիւնը միասնականութեան բազմաթիւ յիշատակում ներ ունին՝ մէկ բռունցք դարձած հայրենիքի սահման պաշտպանելէն սկսեալ մինչեւ  մէկ հոգատար ձեռք դարձած՝ Հայաստանը արհաւիրքներէն բուժող եւ նորոգող ։ Երբ հայրենիքի մասին հոգալու ժամանակը եկած է, օտար ափերուն վրայ խաղաղ կեանքով ապրող հազարաւոր տարաբախտ հայեր Հայաստանի ցուրտ ու մութ օրերը նախընտրած իրենց տաք ու ապահով բնակավայրերէն։ Բազմազաւակ  ընտանիքի որդիներու նման հաւաքուած ու ծառացած են Հայաստան Մօր կողքին։  Միասնական ենք երբ վտանգի մէջ ենք, միասնական ենք երբ արհաւիրքի դիմաց ենք, միասնական ենք երբ միասնականութեան վտանգ կը սպառնայ։ Բայց ինչո՞ւ միասնական չենք երբ խաղաղ ենք , ինչո՞ւ միասնական չենք երբ բարեկեցիկ վիճակի մէջ կը գտնուինք, ինչո՞ւ միասնական չենք երբ վտանգի մէջ չենք։

            Մեր միասնականութեան մշտադալար ծառը ամէն օր  կարիքը ունի ջուրի , արեւի եւ խնամքի։ Ծառի ամէն մէկ տերեւը հայ մըն է, որ գարնան կանաչ կը դառնայ, ամռան՝ դալար։ Երբեմն մեր ծառին վրայ միջատներ եւ թրթուրներ կը յայտնուին, երբեմն՝ կրծողներ։ Երբեմն ցամքած են ծառը դալար պահող ջուրերը, երբեմն ալ խաւարած է ծառի վրան շողացող արեւը։ Բայց մեր ծառին բունը ամուր է, արմատները՝ հզօր, սաղարթը՝ լայն։ Ամենակարեւորը այն է, որ ինչպէս միշտ, հեղեղող անձրեւին կամ ուժեղ փոթորիկին ծառը կը դիմանայ, իսկ  վնասակար միջատներն ու կրծողները ՝ ոչ։

              Հայու միասնական, ուժեղ, հզօր ծառը մշտադալար է եւ երկարակեաց։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ


 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ