Սիրելի՛ բարեկամ,
Մօտաւորապէս տարի մը առաջ տարածած էի Ուղեցոյցիս առաջին օրինակը, այս մէկը, որ կոչած եմ (2)-րդ, ըստ էութեան անփոփոխ նոյնն է, որուն վրայ աննշան յաւելումներ կատարուած են, աւելի ճիշդը՝ աւելցուած են: Ամէն ուղեցոյց ժամանակին հետ որոշ թարմացումի կը կարօտի:Ուրեմն կը մնայ, որ ջնջես առաջին առաքումս եւ ներկայս ունենաս միայն աչքի առաջ, ապրիս անոր մտերմութեան մէջ, փորձես իւրացնել այնտեղ եղած առաջարկները, որոնք շատ երկար քնննութեան ու մտորումներու արդիւնք են եւ կը միտին միաօրինակութիւն մտցնել սփիւռքահայ ուղղագրութեան մէջ՝ սպասելով, որ ան տարածուի օր մը ամբողջ հայերէնի վրայ:
Ոչինչ կ’արգիլէ,– ընդհակառակը, խրախուսելի է,– որ տարածես զայն շրջապատիդ եւս: Կարելի է նաեւ մաս առ մաս հրատարակել զայն:
Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ ծնունդ:
Հեղինակը
*Մի՛ ըսէք ու գրէք ***Այլ ըսէ՛ք ու գրեցէ՛ք
1. Աշխարհաբար
*Ակնոցներս դրի (յոգնակի՝ սխալ) ***ակնոցս դրի (ճիշդը՝ եզակի)
*Աղիտաբեր, աղիտալի ***աղէտաբեր, աղէտալի
*Ամարանոց, ձմերանոց ***ամառանոց, ձմեռանոց
*Ամենալաւագոյն ***ամենալաւ, լաւագոյն
*Ամենավատթարագոյն ***վատթարագոյն, ամենէն վատթար
*Ամպագորգոռ, վարվռուն ***ամպագոռգոռ, վառվռուն
*Ամսեկան, օրեկան ***ամսական, օրական
*Այլոք, այլօք ***այլովք
*Այսինչին փոխանցմամբ(ումով)՝ ***Ըստ այսինչին՝
*Այցեգիր ***այցագիր
*Աներհայր, աներմայր ***աներ, զոքանչ
*Անհեդեդ ***անհեթեթ
*Անձիք ***անձինք, անձեր
*Անյայտ կորսուած (կորսուիլ) ***անհետ կորսուած (կորսուիլ)
*Անպատրաստից ***յանպատրաստից
*Ապարանջա ***ապարանջան
*Առանց զէնքերու, սահմաններու ***առանց զէնքի, սահմանի (միշտ եզակի)
*Առընչութիւն, ***առնչութիւն,
ոչընչութիւն ոչնչութիւն
*Ատենուընէ, օրուընէ, մահուընէ ***ատենէ(ն), օրէ(ն), մահէ(ն)
*Ատօք ***ատոք
Նկատել նաեւ՝ բարւոք, նորոգ. այլեւ՝ արդեօք, առօք–փառօք, իրօք, օրօք
*Արարատեան Դաշտ, Սեւ Ծով, ***Արարատեան դաշտ, Սեւ ծով,
Սեւանայ Լիճ Սեւանայ լիճ
*Արժանին մատուցել ***արժանին հատուցել
*Բազմիցս անգամ ***բազմաթիւ անգամներ, բազմիցս
*Բաղխել, բղխիլ, զեղխ ***բախել, բխիլ, զեխ
*Բաղդ, բաղդաւոր ***բախտ, բախտաւոր
*Բարձրունք ***բարձունք
*Բացօդեայ ***բացօթեայ
*Բզքտել ***բզկտել
*Բութամատ, բունաւեր ***բթամատ, բնաւեր
*Գերեզմաննոց ***գերեզմանոց
*Գինեձօններ, զօրասիւններ, ***գինեձօներ, զօրասիւներ, փառատօներ
փառատօններ (ձօն-ձօներ, սիւն-սիւներ, տօն-տօներ)
*Գմբէթ ***գմբեթ
*Գործօն անդամ ***գործուն անդամ
*Երաժշտական գործիք ***նուագարան (instrument de musique)
*Երբեմններ, անգամներ ***երբեմն, յաճախ
*Երբէք, ուստէք, ուրէք ***երբեք, ուստեք, ուրեք
*(կ)Երեւի որ, կ’ըսեն որ, կը թուի որ, ***կ’երեւի թէ, կ’ըսեն թէ, կը թուի թէ,
կը կարծեմ որ, կ’ենթադրեմ որ… կը կարծեմ թէ, կ’ենթադրեմ թէ…
*Երկու գիրքեր կարդացի ***երկու գիրք կարդացի, երկու գիրքերը
կարդացի
*Երրեակ ***եռեակ
*Եւայլն, եւն ***եւ այլն
*Զբօսաշրջիկութիւն(ային, ական) ***զբօսաշրջութիւն(ային, ական)
*Զերթ ***զերդ (զի+արդ)
*Ընթեռնլի ***ընթեռնելի
*Թատրերգութիւն ***թատերգութիւն
*Թքնել, թքի-թքայ ***թքել, թքեցի
*Թփռտալ ***թպրտալ
*Ի զուր սպասում, ***զուր սպասում,
զուր սպասել ի զուր սպասել
*Ի մասին ***մասին
*Ինչո՞ւ համար ***ինչո՞ւ, բայց՝ ինչի՞ համար
*Լռելեան ***լռելեայն
*Խաղալիկ ***խաղալիք
*Խենդ ***խենթ
*Խնճոյք ***խնջոյք
*Խոնջէնք ***խոնջենք, խոնջանք
*Խորազննին, մանրազննին, ***խորազնին, մանրազնին,
խորաքննին, մանրաքննին խորաքնին, մանրաքնին
*Ծալլել, փետտել, փտտիլ ***ծալել, փետել, փտիլ
*Ծածք, ծածքել ***ծածկ, ծածկել
*Կամքէ առկախ (պատճառներով) ***կամքէ անկախ (պատճառներով)
*Կառուցանել, կառոյց ***կառուցել, կառուցեց
*Կեանքի սղութիւն (cherté de vie) ***ապրուստի սղութիւն
*Կեսուրմայր, կեսուրհայր ***կեսուր, կեսրայր
*Կը թուի որ, կը կարծեմ որ, ***կը թուի թէ, կը կարծեմ թէ,
կ’երեւի որ, կ’ենթադրեմ որ… կ’երեւի թէ, կ’ենթադրեմ թէ…
*Կիպրոսի դեսպանը Շուէտի մօտ ***Կիպրոսի դեսպանը Շուէտի մէջ
*Համարեա՛, համարեայ ***համարեա
*Հայկական ցեղասպանութիւն ***Հայոց կամ հայերու ցեղասպանութիւն
*Հաջս, հաչս, յաջս ***յաչս
*100-րդ ամեակ, 100-րդ յոբելեան ***100-ամեակ, 100-րդ տարեդարձ
*Հենց, հենք ***հէնց, հէնք
*Հէք ***հէգ
*Հէքիաթ, հէքեաթ ***հեքիաթ
*Հռոմէական Կայսրութիւն ***Հռոմէական կայսրութիւն
Առաջին Աշխարհամարտ Առաջին աշխարհամարտ
*Մեծ հայր, մեծ մայր (անջատ) ***մեծհայր, մեծմայր (միացած)
*Միմիանց ***միմեանց
*Միջնեմատ ***միջնամատ
*Մրմուր, մրմուռ ***մռմուռ
*Մրթմրթալ, մրթմռթալ ***մռթմռթալ (մռութին տակէն խօսիլ)
*Մօտս դրամ չունիմ ***քովս դրամ չունիմ, դրամ չունիմ
Արամին մօտ քնացայ Արամին տունը քնացայ
*Յանկերգ ***յանգերգ
*Յանձինս Մարկոսին ***յանձին Մարկոսին (եզակի)
Յանձին Մարկոսին ու Թորոսին յանձինս Մարկոսին ու Թորոսին (յոգնակի)
*Յետայսու ***այսուհետեւ, այդուհետեւ, այնուհետեւ
*Յետագայ ***հետագայ
*Յստակեցնել ***յստակացնել
*Նաշխուն ***նախշուն (արմատը նախշ է)
*Նօթ, նօտար, նօտր ***նոթ, նոտար, նոտր
*Շատ անգամներ ***շատ անգամ, բազմիցս
*Շարունակուիլ (սիրել, սիրուիլ ***շարունակել (սիրել, սիրուիլ,
սիրցնել) սիրցնել)
*Շնորհակալ (ըլլալ) մէկուն, ***շնորհակալ (ըլլալ) մէկէն,
շնորհակալութիւն քեզմէ շնորհակալութիւն (յայտնել) քեզի
*Շրթունք-շրթունքներ ***շուրթ-շուրթեր (կամ շրթունք՝ յոգնակի)
*Ոյժ, բոյժ, աշխոյժ…անոյշ, նմոյշ… ***ուժ, բուժ, աշխուժ, անուշ, նմուշ,
*Ոչ միայն…այլ, ոչ թէ միայն…այլ, ***ոչ միայն…այլեւ,
ոչ թէ…այլեւ ոչ թէ…այլ
*Որեւէ անցորդներ, այցելուներ… ***որեւէ անցորդ, այցելու (միշտ եզակի)
*Որոշ անձեր ***կարգ մը անձեր
*Որմով ***որով
*Պահուան ***պահու (ն), պահի(ն)
*Պէտք եմ երթալ ***Պէտք է երթամ
*Պտըտիլ ***պտտիլ
*Սուղ գին (վճարել) ***բարձր գին, թանկ (վճարել)
*Սուղ կեանք (vie chère) ***սուղ ապրուստ
*Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպ ***սուրբ Սահակ եւ սուրբ Մեսրոպ
*Սպաննել-սպաննեցի ***սպանել-սպանեցի
*Սրբուհի Ագնէս ***սրբուհի Ագնէս
Սրբուհի Ագնէս Վարժարան Սրբուհի Ագնէս վարժարան
*Վոհմակ ***ոհմակ
*Օրեկան, ամսեկան ***օրական, ամսական, բայց՝ տարեկան
*Օրհնէնք ***օրհնենք, օրհնանք
*Տեղեակ ոճիրէն ***տեղեակ ոճիրին , տեղեկանալ ոճիրին,
ոստիկաններէն տեղեկանալ ոճիրին
*Փափաք (իլ) ***փափագ (իլ)
*Փոխանցել ***աւանդել, զեկուցել, ըսել, իմացնել, ծանուցել, հաղորդել, մատնանշել, յայտարարել, յայտնել, յանձնել, յղել, ներկայացնել, նուիրել, շնորհել, ուղղել, պատգամել, պարգեւել, պարզել, վստահիլ քարոզել…
*Քնքոյշ ***քնքուշ
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ