Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Ազգային Գաղափարախօսութիւն եւ Պետութիւն

Ազգային գաղափարախօսութիւնը բաղկացած է՝ ազգի գոյապահպանման, ամբողջական Հայրենիքի, անկախ պետականութեան, կրօնի եւ ազգային մշակոյթի հիմնադրոյթներէն: Վերոյիշեալ գաղափարները այն հենասիւներն են որոնց վրայ կը կառուցուի Ազգային գաղափարախօսութեան ամբողջ հայեցակարգը: Նաեւ Ազգային գաղափարախօսութեան հայեցակարգին մէջ իւրա­­քանչիւր ազգ իր պատմական զարգացման առանձնայատկութիւններով դրսեւորուած՝ ունի ինքնայատուկ խնդիրներ:

 

Ազգային գաղափարախօսութեան ռազմավարական ծրագիրը բաղկացած է վերը նշուած հիմնադրոյթներէն: Այդ ծրագրին մէջ պարտադրաբար տեղ կը գրաւեն իւրաքանչիւր ազգի պատմական իւրայատկութիւններէն բխող հիմնախնդիրներ:         

 

            Ազգային գաղափարախօսութիւնը յաղթանակի հասնելու համար անհրաժեշտ է հաշուի առնել մարտավարական բծախնդրօրէն եւ գիտականօրէն մշակուած ծրագիր: Մարտավարական ծրագիրը ազգի պատմութեան տարբեր ժամանակահատուածներուն, տարբեր պատմական պայմաններով դրսեւորուած ռազմավարական ծրագիրի հիմնախնդիրներու լուծման ձեւերու հայեցակարգն է: Եթէ մարտավարական ծրագիրը չ’ընդգրկեր պատմական բոլոր գործօններու պատմա-քաղաքական եւ գիտնական վերլուծութիւն, ապա անիկա կը ձախողի: Հետեւապէս, մարտավարական ծրագրի ձախողումով կը ձախողի նաեւ ռազմավարական ծրագիրը: Ռազմավարական ծրագիրը երկարաժամկէտ է, իսկ մարտավարականը՝ կարճ ժամանակահատուածի:

 

Ազգային գաղափարախօսութեան հիմնական նպատակը ժողովուրդի գոյապահպանումն է, որուն իրականացման համար անհրաժեշտ են հետեւեալ ազգային գործօնները. Լեզու, մշակոյթ, պատմական յիշողութիւն, ինքնագիտակցութիւն, բնաւորութիւն, հոգեկան կերտուածք, նկարագիր, ազգասիրութիւն, հայրենիքի սէր, ընտանիք, կրօն, ժողովրդական աւանդոյթ եւայլն: Անարարկելի է, որ առանց այդ գործօններու իւրաքանչիւրին ուսումնասիրութեան կարելի չէ ազգային էութիւնը, ազգի տեղն ու դերը տալ Ազգային գաղափարախօսութեան հայեցակարգին մէջ: Մասնագիտական ուսումնասիրութիւնները Ազգային գաղափարախօսութեան մէջ վճռորոշ  կը համարեն ազգային բնաւորութիւնը, հոգեկան կերտուածքը եւ ազգային հոգեբանութիւնը: Պատմութեան ճակատագրական փորձութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթական դուրս գալու համար ազգը կարեւոր է, որ ունենայ հզօր ազգային բնաւորութիւն, զօրեղ հոգեկան կերտուածքը եւ ազգային դիմագիծ: Որպէս ազգային բնաւորութեան կարեւոր յատկանիշներ կարելի է նշել՝ քաջութիւնը, կամքը, ինքնատիրապետումը, համառութիւնը, նախանձելու ոգին եւ բարոյականութիւնը: Ազգային բնաւորութիւնն ու հոգեկան կերտուածքն է, որ կ՛որոշէ ազգի մը ճակատագիրը:

Ինչպէս Լը Պոնը կը գրէ. «Ժողովուրդները կ՛անհետանան իրենց ազգային բնաւորութիւններու որակի կորուստով»:

Ազգային գաղափարախօսութեան բոլոր գործօններու պահպանման եւ զարգացման գլխաւոր միջոցը մշակոյթն է: Մշակոյթի, կրթութեան եւ գիտութեան համակարգերը իրենց էութեամբ պէտք է ըլլան ազգային եւ գտնուին պետութեան հոգատարութեան ներքոյ: Ազգի գոյապահպանման ամենակարեւոր գործօններէն է պատմական յիշողութիւնը, առանց որուն ազգի գաղափարը կը կորսուի, այդ պատճառով ալ լեզուն եւ պատմութիւնը ազգի գոյապահպանման կարեւորագոյն գործօններն են: Ո՞րն է հայրենիքի գաղափարը: Ազգը գոյապահպանուելու եւ զարգանալու համար նախ եւ առաջ պէտք է ունենայ ազատ եւ անկախ հայրենիք: Հայրենիքը ժողովուրդի պատմական ապրելատարածքն է:

 

Հողը հայրենիքի կը վերածուի դարերու ընթացքին, երբ անիկա կը համարուի ժողովուրդի պատմամշակութային, ազգագրական, ճարտարապետական կոթողներով, երբ անիկա կը սրբագործուի թշնամիներու դէմ տարած յաղթանակներով եւ հերոսներու թափուած արիւնով, երբ կը կերտուի ազգային բնաւորութիւնը, ազգային նկարագիրը, աւանդոյթները, բարքերը, լեզուական իւրայատկութիւնները, ազգային ինքնագիտակցութիւնը, հերոսապատումներով, հեքիաթներով եւ այլն: Հայրենիքը պէտք է ըլլայ ազատ եւ անկախ: Անկախ հայրենիքը այն հզօր կռուանն է որ կ՛ապահովէ ժողովուրդի գոյապահպանումը եւ զարգացումը: Այդ է պատճառը, որ բոլոր ժողովուրդներն ալ ազատագրական պայքարի դժուարին ճանապարհ կ՛անցնին, անթիւ անհամար զոհեր կու տան ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու  համար: Հետեւաբար  ժողովուրդի մը Ազգային գաղափարախօսութեան հետ մէկտեղ կ’առնչուի նաեւ ամբողջական Հայրենիքի գաղափարը: Հայրենիքի գաղափարը կը մտնէ ժողովուրդի ինքնութեան պահպանման բնազդի մէջ եւ պատմական ճակատագրական պահերուն կը դառնայ հզօր գործօն: Եթէ պատմաքաղաքական իրադարձութիւններու բերումով Հայ ժողովուրդի հայրենիքը կիսուած է, ապա այդ երբեք չի նշանակեր, որ մեր հայրենիքը ամբողջական չէ:

 

Հայրենիքը ամբողջական պատմական հասկացողութիւն է: Հայրենասիրութիւնը կը սնուի հարազատ հողէն, ազգային մշակոյթէն, մայրենի լեզուէն, պատմական յիշողութենէն: Հայրենասիրութեան քարոզչութիւնը եւ ժողովուրդին այդ ոգիով դաստիարակելը կը հանդիսանայ Ազգային գաղափարախօսութեան կարեւոր հիմնադրոյթներէն: Հայրենիքը ժողովուրդի բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր սերունդներու դարաւոր, հերոսական պայքարի արդիւնք է: Հերոսներու արիւնով ներծծուած հայրենի հողը քաջերու նոր սերունդներ կեանքի կը կոչէ: Հետեւաբար, Հայրենիքի գաղափարի քարոզչութիւնը մշտապէս պէտք է Հայոց Պետականութեան, ազգային, հասարակական, քաղաքական միտքի, ազգային կուսակցութիւններու հոգատարութեան տակ գտնուի: Ինչպէս որ Ժիւլ Միշլըն՝ կը գրէ. «Հայրենիքի գոյատեւման միակ միջոցը բոլորին այնպիսի ներդաշնակ կրթութիւն տալն է, որ երեխաներու սրտին մէջ ստեղծուի Հայրենիքի կերպարը: Փրկութեան ուրիշ ճամբայ չկայ, ազգային դպրոցի եւ կրթութեան միջոցով»: Այնուհետեւ Ժիւլ կը շարունակէ. «Հայրենիքի գոյատեւման եւ զարգացման համար անհրաժեշտ է ուսումնասիրել անոր անցեալը, թափանցել անոր ազգային ոգիին մէջ, գործել անկէ բխած եւ արդի պատմութեան թելադրող ծրագիրներով: Այսօրուայ եւ ապագայի խնդիրներու արմատները յաճախ կը գտնուին անցեալի պատմութեան ծալքերուն մէջ»:

 

Օրինակ, Ճափոնի մէջ կրթական համակարգը կը համարուի Ազգային գաղափարախօսութեան հայեցակարգի կարեւոր հիմնադրոյթ: Իսկ Թոմա Քարէյլ հետեւեալը կ’ըսէ. «Ապագայի կանխագուշակումը, ներկայի ղեկավարումը այդքան անհնար չէր ըլլար, եթէ անցեալին չվերաբերուէինք այդքան անպատասխանատու, այդքան չմերժէինք եւ չխեղաթիւրէինք:

 

Հայրենիքի պարագային զիջումներ թոյլատրելի չեն: Հայրենիքին համահաւասար փոխարժէքներ գոյութիւն չունին: Ոչ մէկ գործիչ, ոչ մէկ քաղաքական իշխանութիւն իրաւունք չունի ոչ մէկ թիզ հող նուիրաբերելու կամ յանձնելու, Ազգային գաղափարախօսութիւնը այսպիսի արարքը կ’որակէ որպէս ազգային դաւաճանութիւն:

 

Իւրաքանչիւր ժողովուրդ գոյապահպանման եւ զարգացման համար պէտք է ունենայ անկախ Ազգային Պետութիւն: Պետութիւնը կը կենսագործէ Ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները: Ազգային Պետութիւնը ժողովուրդի գոյապահպանման բնազդի արտայայտութեան բարձրագոյն ձեւն է: Ազգային Պետութիւնը պէտք է ղեկավարուի Ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներով: Ազգային գաղափարախօսութիւնը տեսութիւն է, որու իրականացման համար դարերու ընթացքին կեանքի կոչուած են իշխանութիւններու եւ պետականութիւններու տարբեր ձեւեր: Հետեւաբար անհեթեթութիւն է Ազգային եւ Պետական գաղափարախօսութիւնները իրար հակադրելը:

 

Իշխանութիւնները պարտաւոր են իրականացնել Ազգային Գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները: Պետական գաղափարախօսութիւնը կը դրսեւորուի ազգի գերագոյն շահերէն, որոնք ամբողջութեամբ ամփոփուած են Ազգային գաղափարախօսութեան մէջ: Ազգային գաղափարախօսութիւնը ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիրներու համակարգը կը կոչուի Ազգային Ծրագիր: Իւրաքանչիւր Ազգային Պետութեան հիմնական խնդիրը Ազգային Ծրագիրի իրականացումն է: Հետեւաբար, ազգային եւ պետական գաղափարախօսութիւններու միջեւ հակասութիւն չի կրնար ըլլալ: Ազգային Պետութիւնը, հիմնուելով ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներուն վրայ, կը մշակէ ազգային անվտանգութեան, արտաքին եւ ռազմական քաղաքականութեան հայեցակարգերը, ազգային մշակոյթի եւ կրթական համակարգի զարգացման ծրագիրները: Պետութեան կայացումը եւ հզօրացումը, որ պետական գաղափարախօսութեան առանցքն է, նոյնպէս կը ներկայանայ որպէս ազգային գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթներէն մէկը: Պետական գաղափարախօսութիւնը ըլլալով ազգային գաղափարախօսութեան բաղկացուցիչ մաս, չի կրնար իր էութեամբ ազգային չըլլալ:

 

Առողջ պետութեան մէջ բնական է տարբեր կուսակցութիւններու եւ դասակարգերու առկայութիւնը, նաեւ բնական է իշխանութեան հասնելու պայքարը: Բայց, քաղաքական պայքարը պէտք չէ անցնի թոյլատրելի սահմանը կամ տկարացնէ պետականութեան հիմքերը: Բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է առաջնորդուին պետութեան հզօրացման գիտակցութենէն: Պետութիւնը վերկուսակցական կազմակերպութիւն է: Պետականութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին: Պետութիւնը պէտք է ունենայ ժամանակակից հզօր ռազմական արդիւնաբերութիւն, ազգային աւանդոյթներով թրծուած, ազգային կրթութիւն անցած մարտունակ բանակ: Պետութեան վտանգ սպառնալու պարագային, ժողովուրդը մէկ մարդու պէս պէտք է ոտքի ելլէ եւ պաշտպանէ Հայրենիքը եւ պետականութիւնը:

 

Ազգային գաղափարախօսութիւնը պետութեան չի խրախուսեր որեւէ տնտեսական կամ քաղաքական հասարակարգ, օրինակ դրամատիրական կամ ընկերվարական, ժողովուրդը ինքը պէտք է ընտրէ այն հասարակարգը, որ կը համապատասխանէ իր ազգային կերտուածքին, պատմական իւրայատկութիւններուն, որոնք կ՛ապահովեն երկրի անկախութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը:

 

Ազգային գաղափարախօսութեան բոլոր հիմնադրոյթները, ռազմավարական եւ մարտավարական ծրագիրները միշտ պէտք է գտնուին պետութեան, ժողովուրդի, ազգային կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու ուշադրութեան ներքոյ:

 

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ