Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ Նահանգապետին Յանձնեց ՀՀ Վարչապետին Հրաւէրը

ԱՄՆ Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կէվին Նիւսըմին յանձնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէր-նամակը։ Նամակը Քալիֆորնիոյ նահանգապետը կը հրաւիրէ Հայաստան այցելելու: Այս մասին կը հաղորդեն Փորթանթինոյի գրասենեակէն:

Սեպտեմբերին, երբ Նիկոլ Փաշինեան եւ Կէվին Նիւսըմ հանդիպում ունեցած էին Նիւ Եորքի մէջ, Հայաստանի եւ Քարիֆորնիոյ միջեւ ստորագրուած էր առեւտրային պատմական յուշագիր մը:

ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Պայպուրտեան նշած էր, որ Ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ սերտ կապեր ունի ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Սաքրամենթոյի մէջ, ուստի խնդրած էր, որ անձամբ փոխանցէ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրը նահանգապետին:

«Հայաստանն ու Քալիֆորնիան ունին շատ նմանութիւններ, եւ մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեծցնենք այս կապը։ Նահանգապետը դրական կապեր ունի Հայ-ամերիկեան համայնքին հետ։ Զգացուած եմ, որ հիւպատոսը ինծի տուաւ հրաւէրը փոխանցելու պարտականութիւնը»,- նշած է Փորթանթինօ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ