Շաբաթ, Յուլիս 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Փասատենայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ Վարժարանը Տօնեց «Բանակի Օրը»

«Հզօր բանակ, հզօր Հայաստան», «Տօնդ շնորհաւոր հայ զինուոր»- այս խօսքերով սկսաւ ԱՄՆի Փասատենա քաղաքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ շաբաթօրեայ վարժարանի «Բանակի օր» աւանդական հանդէսը, որ սկսած է միջոցառումներու օրացոյցին մէջ իր արժանի տեղը գրաւել:

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերը ամէն տարի Յունուար 28ին կը տօնեն «Բանակի Օր»ը, իսկ սփիւռքի մէջ հայրենաճանաչ եւ հայրենասէր հայորդիներ դաստիարակելու առաքելութեան ծառայելու կոչուած վարժարանի մը համար անհրաժեշտ պիտի ըլլար՝ յատուկ յայտագիրով մը պատուել հայ զինուորը եւ հայկական ազգային յաղթական բանակը ու ճանչնալ անոր զօրութիւնը:

Աշակերտները հանդէսի ժամուն առաւել խանդավառ եւ աշխոյժ մտան սրահ: Անոնք կը ծածանէին եռագոյն դրօշակներ, շատերը հագած էին եռագոյն շապիկներ եւ վզկապներ:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Հայաստանի օրհներգի ոգեւոր երգեցողութեամբ, որ առաջնորդեց վարժարանի սկաուտ աշակերտները: Ապա հնչեց Տէրունական աղօթքը, որպէսզի ապահով մնան բոլոր հայ զինծառայողները ու ապահով տուն վերադառնան:

Ապա աշակտները դիտեցին սահիկներու դաստիարակիչ ցուցադրութիւն մը: Անոնք տեսան հայկական բանակի, օդուժի, սահմանապահ ուժերու հպարտ նկարներ: Հարցում-պատասխանի ձեւով պատանիները նաեւ ստացան հայկական Զինուած ուժերու մասին թուական գիտելիքներ: Պատանիները առաւել խանդավառուեցան, երբ պաստառի վրաայ յայտնուեցան բանակի զօրահանդէսէն տեսարաններ Երեւանի հրապարակի վրայ ու «Հրացաններու պարը»: Աշակերտները ծափողջոյններով դիտեցին նաեւ մեր յաղթական բանակի զինուորներու քոչարի պարը:

Վերջաւորութեան աշակերտները հայկական բանակին նուիրուած կարկանդակ մը կտրեցին ու շնորհաւորեցին անոր կազմաւորման 28րդ տարեդարձը:

 

Տօնդ շնորհաւոր Հա՛յ զինուոր:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ