Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիրքի Շնորհանդէս Կատարուեցաւ Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած Դրախտը» Գիրքին Շնորհանդէսը

Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած Դրախտը» գիրքին շնորհանդէսը՝ կազմակերպութեամբ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղին, տեղի ունեցաւ Կիրակի, 26 Մայիս 2020-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Թ.Մ. Միութեան Ալթատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի հանդիսասրահին մէջ։ Ներկայ էին միութենականներու եւ բարեկամներու սեղմ շրջանակ մը։

Ծանօթ հրապարագիր ու գիրքերու հեղինակ Մարտիկ Մատէնճեանի «Բռնագրաւուած Դրախտը» գիրքին անգլերէն թարգմանութիւնը (Ravishing Paradise) 2016-ին արժանացած էր Հալիվուտի գիրքերու փարատօնի մրցանակին։

Շնորհանդէսի բացման խօսքը կատարեց ԹՄ Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Գէորգ Քէօշկէրեանը, որ առաջին հերթին հրաւիրեց Միացեալ Նահանգներու 2020 տարուան մարդահամարի շրջանային ներկայացուցիչ Անահիտ Թովմասեանը։ Ան մանրամասնօրէն անդրադարձաւ մարդահամարի կարեւորութեան ու անոր վիճակագրական տուեալներու արդիւնքին, Միացեալ Նահանգներու տարածքին, յիշեցնելով որ բոլորին մասնակցութիւնը խիստ անհրաժեշտ է մեր հայ գաղութին համար։

Պրն. Քէօշկէրեան համգամանօրէն ներկայացնելէ ետք գիրքին հեղինակը, հրաւիրեց ազգային-հասարակական ծանօթ գործիչ Արա Ահարոնեանը, որ հրաւիրուած էր ներկայացնելու Մատէնճեանի նշեալ աշխատասիրութիւնը։

Ահարոնեան՝ որ ծանօթ մը եղած էր Մատէնճեանի հրապարագրական վաստակին, ամփոփ կերպով ներկայացուց հրատարակուած եռահատորի աշխատասիրութեան առաջինը։ Մատէնճեանի ծնողները վերապրողներ եղած են հայկական ցեղասպանութեան՝ Սեբաստիոյ գաւառի Չեփնի գիւղէն, պատկանելով հայ կաթողիկէ համայնքին։ Հեղինակը այցելած է Արեւմտեան Հայաստան եւ Կիլիկիա, ինչպէս նաեւ իր ծնողաց գիւղը։

«Բռնագրաւուած Դրախտը» գիրքին յաջորդ հատորները կը վերաբերին Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու որոնման աշխատանքներուն։

Իր կարգին, Մատէնճեան խօսք առնելով, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ վարչութեան ու յատկապէս գիրքը ներկայացնող Արա Ահարոնեանին։ Ան անդրադարձաւ, որ իր ժառանգած տեղեկութիւնները քաղած էր հօրը արձանագրութիւններէն ու ձայներիզէն։

Յայտագրի աւարտին, ԹՄ Միութեան Փասատինա-Կլէնտէյլ Մասնաճիւղի վարչական անդամ Խաչիկ Նահապետեան հանդէս եկաւ տպաւորիչ կերպով ներկայացնելով Արմէն Տիգրանեանի «Դաւիթ Բէկ» օփերայի «Գուսան»ի արիան։

Ներկաները ապա մօտեցան հիւրասիրութեան սեղանին, ինչպէս նաեւ հեղինակին, որ իրենց համար մակագրեց շնորհանդէսին ներկայացուած իր գիրքի օրինակները։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ