ՌԱԿ ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի ներկայացուցիչներ այցելութիւն մը տուին վաստակաւոր մտաւորական եւ ազգային-հասարակական գործիչ Ընկ. Վաչէ Սեմերճեանին՝ իրենց բնակարանին մէջ, սոյն թուի Փետրուար 3-ին։
Աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին անդրադարձ եղաւ մեր կուսակցութեան գործունէութեան վիճակին, «Նոր Օր»ի հետ առնչուող փոփոխութիւններուն եւ ՌԱԿի 100 ամեակին գծով ընթացող նախապատրաստութիւններուն եւ ծրագիրներուն շուրջ։
Յարգանքի եւ երախտագիտութեան զգացումներով Վարչութիւնը գնահատեց վեթերան ընկերոջ՝ Վաչէ Սեմերճեանի բազմամեայ գործունէութիւնը կուսակցական, մշակութային եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան ծիրերէն ներս։ Վարչութիւնս անդամակցութեան անունով յաջողութիւն եւ առողջութիւն մաղթեց Տէր եւ Տիկ. Վաչէ եւ Սօսի Սեմերճեաններուն։