Կիրակի, Դեկտեմբեր 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսական Բանասէր Յովսէփ Նալպանտեանի Նոր Հրատարակութիւնները

Ուշադրութեանս յանձնուեցան հմուտ բանասէր, գրասէր եւ հայոց լեզուի մաքրութեան խիստ նախանձախնդիր Յովսէփ Նալպանտեանի երեք հրատարակութիւնները՝ «Յուշարձան Մայրերուն» (Լոս Անճելըս-Երեւան, 2019), «Զօրավար Անդրանիկ եւ Իր Պատերազմները» (Հեղինակ՝ Արսէն Մարմարեան, Երեւան, 2019) եւ «Հայ Երաժշտահաններ եւ Երգահաններ»ը։

Յովսէփ Նալպանտեան ոչ միայն ուսումնական ձեռնարկներու, աշակերտութեան եւ առհասարակ լայն ընթերցողներուն համար առձեռն օգտակար գրքոյկներու հեղինակ է, այլեւ հրատարակիչ է, լրագրող եւ հրապարակագիր-հրապարակախօս։ Անխոնջ պրպտող մըն է եւ հայոց լեզուի, յատկապէս արեւմտահայերէնի պահպանման եւ գոյատեւման անխոնջ նուիրեալ մը։

Ծնած է Հալէպ, տեղւոյն ՀԲԸՄիութեան Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանը աւարտելէ ետք բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի Պետական Համալսարանի (այսուհետեւ՝ ԵՊՀ) հայկական բանասիրական բաժանմունքէն։ Եղած է տնօրէն Հալէպի «Մեսրոպեան Ազգ. Վարժարան»ի, ապա հաստատուած է Քալիֆորնիա։ Տարիներ դասաւանդած է հայերէն եւ Հայոց պատմութիւն առարկաները Փասատինայի Յովսէփեան վարժարանէն ներս  ինչպէս նաեւ Սահակ-Մեսրոպ եւ Հայ Քոյրերու վարժարաններէն ներս։ Այժմ կը դասաւանդէ Կլէնտէյլի (Քալիֆորնիա) Մաշտոց  Գոլէճի եւ Պեվրլի Հիլզ լեզուներու գոլէճէն ներս։ ԱՄՆ հաստատուելէն ետք հեղինակած, խմբագրած եւ կազմած է 25 հատոր գիրք (ընդամէնը 8237 էջ)։ 2005-ին, հիմնած է «Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան» մատենաշարը։ Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու։ Անխոնջ պրպտող մըն է եւ անպարտասուն բանասէր մը։

«Զօրավար Անդրանիկ եւ Իր Պատերազմները» գիրքը առաջին անգամ հրատարակուած է Արսէն Մարմարեան գրական ծածկանունով՝ երկու գրագէտներու կողմէ՝ Լեւոն Թիւթիւնճեան եւՎահան Թոթովենց, 1920թ. Պոլիս. երկուքն ալ եղած են. Անդրանիկի զինուոր, իսկ Վ. Թոթովենց Անդրանիկի հետ  Թիֆլիսի մէջ հրատարակած է «Հայաստան» պարբերականը։ Առաջին հրատարակութեան առաջին մասի սկիզբէն մինչեւ 264՝ պատրաստած է Լ. Թիւթիւնճեան, իսկ մնացեալ էջերը`Վ. Թոթովենց։

Գիրքին հրատարակիչ Յ. Նալպանտեան կը նշէ, թէ փոքր տարիքէն Անդրանիկի պատկերը կամ «Լեռներու արծիւը» խոր տպաւորութիւն է ձգած իր վրան, որուն որպէս արդիւնք կարգ մը յաւելուածներով, ծանօթագրութիւններով եւ աղբիւրներով լայն հասարակութեան ներկայացուցած է վերոյիշեալ գիրքը (այս տարի, Փետրուարին կը լրանայ Զօրավարի ծննդեան 155 ամեակը)։ Առաջին հրատարակութեան վրայ սոյն գիրքին մէջ աւելցուած են կարեւոր վկայութիւններ հայ գրողներէ, հասարակական, զինուորական եւ մշակոյթի գործիչներէ, որոնք կու գան աւելի ամբողջական դարձնելու ներկայացուող գիրքը։

Հատորին հրատարակութիւնը առիթ կու տայ լայն հասարակութեան մատչելի դարձնելու «սարերու արծիւ» սաւառնաթեւ թռչող ազգային հերոս Զօրավար Անդրանիկի առասպելական սխրագործութիւններու տէր եւ անսակարկ ՄԱՐՏԻԿԻՆ՝ Հայ Ֆետայիին կերպարը։ 

Յաջորդ գիրքը՝ «Յուշարձան Մայրերուն»ը իւրայատուկ համախմբում մըն է մեր անձնազոհ մայրերուն նուիրուած բանաստեղծութիւններու։ Մօր կերպարը հայ գրականութեան բոլոր ժամանակներու երկայնքին եղած է գլխաւոր նիւթերէն մէկը, «հայրենիք», «սէր» եւ «մայր» գրաւած են հայ գրականութեան բարձրագոյն երեք սանդղակները։ «Մայր» հասկացութիւնը ներքին անքակտելի կապով առնչուած է միւս երկու թեմաներու հետ։ Հայ մատենագիրն ու բանաստեղծը մօր կերպարին մէջ տեսած են «մայր բնութիւնը», «մայր լեզուն», «մայրենի հաւատը», «մայրական կաթի» հետ մեր հոգիին ու սիրտին մէջ կաթիլ առ կաթիլ լեցուող հայրենասիրութիւնը։

Մայրական թեմայով գրուած հարիւրաւոր բանաստեղծութիւններու համախմբումը շնորհակալ մեծ աշխատանք մըն է, զոր մեծ համբերութեամբ գլուխ հանած է կազմող-խմբագիրը։ Ահաւասիկ հատոր մը, որ պէտք է կեդրոնական զարդը ըլլայ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի գրադարանին, ամէն հայ դպրոցի իւրաքանչիւր դասարանին։ Դժբախտաբար այլեւս տարեդարձներու եւ այլ առիթներով գիրք նուիրելու գեղեցիկ ու դաստիարակիչ սովորութիւնը գրեթէ «նորոյթէ» դուրս մնացած է եւ զայն փոխարինուած է շաքար-շոքոլան, շորն ու ոսկեղէնը, այփատն ու մամոնան։ Ահա՛ւասիկ գիրք մը, որ առանց «վատ զգալու պէտք է նուիրենք տակաւին քիչ մը հայերէն կարդացող ու երթալով հայկական արմատներէն հեռացող մեր պարման-պարմանուհիներուն։

Երրորդ գրքոյկը բծախնդիր կերպով կատարուած հանրագիտարանային յատկանիշներով օժտուած փոքրիկ ժողովածու մըն է, ուր մանրամասնօրէն եւ բարեխղճօրէն ներկայացուած են վերջին 250 տարիներու հայ երաժիշտները, որոնք ապրած են հայկական պատմական հողերու վրայ կամ արտաշխարհի ոստաններու մէջ։ Այսպէս՝ Սայեաթ-Նովայէն Գուսան Հաւասի եւ Շերամ, Կարա-Մուրզայէն եւ Տիգրան Չուխաճեան մինչեւ Ալէն Յովհաննէս եւ Շահան Արծրունի, Կոմիտասէն, Արամ Խաչատուրեանէն մինչեւ Կոնստանտին Օրբէլեան՝ 87 երաժշտահաններ եւ երգահաններ, որոնք ամփոփ կերպով կը ներկայացուին հոս։ Կարելի չէ չհամաձայնիլ կազմողին հետ, որ կը գրէ իր «Յառաջաբան»ին մէջ. «Առանց երաժշտութեան ու երգի չեմ գիտեր կեանքը ինչի նման կ՚ըլլար։ Ես անձամբ առանց երաժշտութեան կեանքս  չեմ պատկերացներ»։

Այս երեք գիրքերն ալ ես, որպէս երկարամեայ մանկավարժ եւ ուսուցիչ, կ՚առաջարկեմ պնդելու պէս, որ իւրաքանչիւր հայ պապիկ եւ տատիկ նուիրէ իր թոռներուն եւ միասին ընթերցելով նպաստէ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան։

Ցանկութիւն մըն ալ կ՚ուզեմ յայտնել այս առթիւ։ Քանի որ դժբախտաբար աշխարհի այս մասերուն մէջ եւ առհասարակ այլուր, անգլերէնը եւ տեղական լեզուները դարձած են նոր սերունդներու առօրեայ լեզուն, պնդելու  պէս կ՚առաջարկեմ, որ գտնուին մարդիկ, որպէսզի վերոյիշեալ գիրքերուն անգլերէն տարբերակը դնեն մեր նոր սերունդին տրամադրութեան տակ եւ իջեցնել համացանց։

Դոկտ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ