Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

«Այս Անգամ Ձեր Սրտով Պիտի Ըլլայ Ամէն Ինչ» Արցախի Նախագահութեան Թեկնածու Մասիս Մայիլեան Այցելեց Մարտունի Շրջան

Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն ընդառաջ, օրերս «Մայիլեան-Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչներու, գլխաւորութեամբ նախագահական թեկնածու Պրն. Մասիս Մայիլեանի, այցելած են Մարտունի շրջանի Սպիտակաշէն, Մուշկապատ եւ Կարմիր շուկայ գիւղեր: Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջէն:

Այցի նպատակը եղած է մարդոց հետ անմիջական մթնոլորտի մէջ շփումի հնարաւորութիւնը: 

«Պարզ ու անկեղծ զրոյցները ցոյց տուին, թէ մարդիկ որքան հիասթափուած են երկրի առկայ իրավիճակէն, ընկերային անարդարութենէն, թէ ինչպէս սասանուած է անոնց հաւատը, եւ թէ որքան անոնք կարօտ են պարզ, մարդկային ու սրտացաւ վերաբերմունքի։ Ի հեճուկս անոնց գլուխներէն անցած հազար ու մէկ փորձանքներուն, կրած դժուարութիւններուն ու չարչարանքներուն՝ մարդիկ, այդուհանդերձ, յոյսերնին ի սպառ չեն կորսնցուցած, որ հնարաւոր է փոխել իրավիճակը, երկիրը դուրս բերել քաղաքակիրթ զարգացման ճանապարհ, արմատական բարեփոխումներ իրականացնել եւ քաղաքացիներուն դարձեալ յոյս ու հաւատք ներշնչել»,- գրած է նախագահի թեկնածուն։

Բացի այդ, այցի նպատակներէն մէկն ալ եղած է «Հաւասար հնարաւորութիւններու երկիր» երիտասարդական-քաղաքացիական նախաձեռնութեան աքթիւիսթներու կազմակերպած քննարկումներուն մասնակցիլը։ Ծաւալած քննարկումներու ժամանակ խօսուած է թէ անցեալին կատարուած լրջագոյն սխալներուն ու թերացումներուն եւ թէ ստեղծուած իրավիճակէն դուրս գալու գործօն մեքենայութիւններուն մասին։

«Մայիլեան-Նոր Արցախ» դաշինքի ներկայացուցիչները առանձնակի կարեւորած են մենաշնորհներու յաղթահարման եւ փոքր ու միջին պիզնեսի համար տնտեսական բարենպաստ միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Շեշտած են ներառական քաղաքականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի կոտրուի մարդոց անտարբերութիւնը եւ ապահովուի անոնց աշխոյժ մասնակցութիւնը պետականաշինութեան։

Յատուկ անդրադարձ եղած է գիւղաբնակներու կեանքի բարելաւման, տարածքներու համաչափ զարգացման, գիւղերու զարգացման յստակ ծրագրերու մշակման եւ անոնց գիւղական համայնքներու ներգրաւման մասին, որպէսզի այդ ծրագրերը մշակուին եւ ընդունուին համայնքներու մասնակցութեամբ՝ հաշուի առնելով տեղական առանձնայատկութիւններն ու բնակիչներու նախապատւութիւնները։

Աւարտին, ամփոփելով հանդիպումներէն իր ստացած տպաւորութիւնները, Պրն. Մայիլեան գրած է- «Այս հանդիպումները յաւելեալ ուժ ու լաւատեսութիւն կը ներշնչեն մեզ։ Չկայ աւելի բարձր գնահատական, քան այն, երբ մարդիկ կ’ըսեն՝ մեր սրտէն կը խօսին…

Այո, այս անգամ ձեր սրտով պիտի ըլլայ ամէն ինչ»։

Նշենք, որ ՌԱԿ Արցախի մարմինը միացած է «Մայիլեան-Նոր Արցախ» դաշինքին եւ կը սատարէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու՝ ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանին:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ