Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Փանթուրքիզմի Մօտաւոր եւ Հեռակայ Նպատակները

Նուաճելով հսկայական տարածքներ, այլ ժողովուրդներու հայրենիքներէն ստեղծելով սեփական հայրենիք, իւրացնելով կամ ոչնչացնելով պարտուած ժողովուրդներու մշակոյթները, թուրքերը չէին մոռնար նաեւ իրենց նախահայրենիքը, անոնք այնտեղ թողած էին իրենց արիւնակիցները։ Ինչպէս փանթուրքիզմի գաղափարախօս եւ տեսաբան Կէօքալպը կը գրէր. «Ցեղի բնակած երկիրը կը կոչուի հայրենիք, թուրքը ուր որ երթայ չի մոռնար իր նախահայրենիքը, որովհետեւ իր նախնեաց գերեզմանը այնտեղ էր, իր մանկութեան շրջանը, հայրական օճախը, մայրական գիրկը, բոլորն ալ այնտեղ կը գտնուին»։

       Թուրքերու մէջ կը խօսէր ցեղի ձայնը, արեան կանչը։ Անոնք կը ձգտէին թուրքալեզու բոլոր ժողովուրդներու տարածքներու միաւորման՝ մէկ պետութեան մէջ։ Փանթուրքիզմը կը ձգտէր նուաճուած տարածքներուն մէջ ստեղծուած նոր հայրենիքներու եւ նախահայրենիքի միաւորման մէկ պետութեան մէջ, որ կը կոչուէր Մեծ Թուրան։ Բայց նկատի ունենալով ռազմավարական խնդիրին ՝ Մեծ Թուրանի պետութեան ստեղծման դժուարութիւնները, փանթուրքիզմը նպատակ դրած էր զայն իրականացնել երկու փուլով։

       Առաջին փուլով, պէտք է համախմբուէին Օղուզ թուրքերը՝ թուրքմէնները, որոնք «Օղուզ խանի թոռներն են» եւ մշակոյթով շատ մօտ են։ Այս ճիւղին կը պատկանին Թուրքիայի, Ազրպէյճանի, Թուրքմէնիստանի եւ Իրանի թուրքմէնները։ Այնուհետեւ Կէօքալպը կը շարունակէ. «Թուրքիայի թուրքմէններու նման Ազրպէյճանի, Իրանի եւ Խորեզմի երկիրներու թուրքմէններն ալ կը պատկանին օղուզ ճիւղին։ Հետեւաբար, մեր մօտաւոր նպատակը պիտի ըլլայ օղուզ կամ թուրքմէն միութիւնը, Օղուզ թուրքերը տարածուած ըլլալով այդ չորս երկիրներուն մէջ, բոլորն ալ իրար մօտիկ ազգականներ են, ուրեմն Խորեզմը, Իրանը, Ազրպէյճանը եւ Թուրքիան թուրք ազգագրական տեսակէտով նոյն ցեղի հայրենիքներն են եւ այդ չորս երկիրները միասին կրնան Օղուզիստան կոչուիլ» կ՚եզրակացնէ Կէօքալպ։ Ինչպէս կը տեսնենք փանթուրքիզմի իրականացման՝ Թուրքիան թուրքացնելու համար ոչնչացուեցաւ Արեւմտեան Հայաստանը եւ արեւմտահայութիւնը, ապա օղուզականութեան իրականացման համար պէտք էր ոչնչացուէր նաեւ Արեւելեան Հայաստանը, որ արգելք մըն էր այդ երկիրներու միացման ճանապարհին։

        Փանթուրքիզմի գաղափարախօսները դեռ Ա. Համաշխարհային պատերազմին մեծ յոյսեր ունէին, որ ռուսական կայսրութիւնը կը կործանուի եւ իրենց ազգային իտէալը՝ փանթուրքիզմը իրականութիւն կը դառնայ։ Անոնք լայն գործունէութիւն ծաւալեցին իրենց ծրագիրները իրագործելու՝ մասնաւորապէս Անդրկովկասը գրաւելու եւ արեւելահայութիւնը ոչնչացնելու։ Եթէ թուրքիզմը իրականացաւ Թուրքիայի ոյժով, ապա օղուզական պետութեան ստեղծման գործին բաժին հասաւ Թուրքիային եւ Ազրպէյճանին։ Այդ նպատակով Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը 1919 թ. Նոյեմբեր 29-ին եւ 1920 թ. Ապրիլ 15-ին գաղտնի համաձայնագիր կնքեցին Հայաստանի դէմ։ 1920 թ. Սեպտեմբեր 28-ին Թուրքիան յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, իսկ նոյն թուականի Նոյեմբեր 29-ին Հայաստան մտան ռուսական զօրքերը։

         Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձաւ Թուրքիայի, Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի զոհը։ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կործանուեցաւ եւ Հայաստանը մասնատուեցաւ, Թուրքիան գրաւեց Արեւմտեան Հայաստանը, Կարսը, Սուրմալուն՝ Արարատ լեռով։ Ռուսաստանին անցան Արեւելեան Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը։ Ազրպէյճանը Ռուսաստանին անցաւ Մուսթաֆա Քեմալի՝ Լենինին գրած 1920 թ. Ապրիլ 26-ի նամակի պայմաններուն համաձայն եւ որպէս փոխհատուցում Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը տրուեցան Ազրպէյճանին։ Սա փանթուրքիստներու մեծ յաղթանակն էր, բայց օղուզական պետութիւնը չստեղծուեցաւ։

          Հեռաւոր նպատակ.-

          Ի՞նչ կը նշանակէ թուրանականութիւն։ Փանթուրքիստները որոշակիօրէն կը սահմանազատեն թուրք եւ թուրան հասկացողութիւնները։ Կէօքալպ հետեւեալը կ՚ ըսէ. «Թուրքայնութեան եւ թուրանականութեան տարբերութիւնները հասկնալու համար, անհրաժեշտ է որոշել թուրք եւ թուրան խումբերու սահմանները։ Թուրքը ազգի մը անունն է։ Ազգ կը կոչուի այն խումբը, որ ունի իրեն յատուկ մշակոյթ։ Ուրեմն թուրքը կրնայ ունենալ միայն մէկ լեզու եւ մէկ մշակոյթ»։ Ինչպէս կը տեսնենք, Կէօքալպը այս խումբին մէջ կը տեղաւորէ ազրպէյճանցիներն ու թուրքմէնները։

       Փանթուրքիստներու համաձայն, թուրքերու հայրենիքը հսկայական տարածք մըն է, որ կ՚ ընդգրկէ Պալքաններէն եւ Հունգարիայէն մինչեւ Մանչուրիա եւ Չինաստանէն մինչեւ Սառուցեալ ովկիանոս։ Այնուհետեւ Կէօքալպ կ՚աւելցնէ. «Եւ քանի որ թուրքը ազգի մը անունն է, ապա վերը նշուած տարածքներուն մէջ բնակող բոլոր թուրքալեզու ժողովուրդներու միաւորման համար նոր անունի մը անհրաժեշտութիւն պիտի զգացուի, եւ ահա այդ ընդհանրական անունն ալ կը կոչուի Թուրան»։ Կէօքալպ կը շարունակէ իր խօսքը. «Թուրանը բոլոր թուրքերու՝ անցեալին, ապագային իրականանալիք մեծ հայրենիքն է, Թուրանը թուրքերով բնակուող տարածքի հաւաքական անունն է, Թուրան պէտք է անուանենք բոլոր թուրքական ճիւղերը բովանդակող մեծ Թուրքիստանին»։

       Փանթուրքիզմի հեռաւոր նպատակը Թուրան անուան տակ թուրքալեզու ժողովուրդներու համախմբումն է, Մեծ Թուրանի պետութեան ստեղծումը։ Փանթուրքիստները կը հասկնային, որ թուրանականութեան գաղափարը դիւրութեամբ չէր իրականանալու։ Կէօքալպ հետեւեալը կը գրէ. «Հարիւր միլիոնաւոր թուրքերու մէկ ազգի մէջ միաւորելը թուրքիզմի կողմնակիցներու համար յափշտակութեան ուժեղ աղբիւր մըն է։ Եթէ չըլլար Թուրանի գաղափարը, թուրքիզմը չէր կրնար այդքան արագ տարածուիլ, բայց թերեւս, ապագային կարելի կ՚ ըլլայ Թուրան գաղափարի իրականացումը։ Գաղափարը անկախութիւն ստեղծելն է։ Երէկ թուրքերու համար ազգային պետութիւնը անիրականալի գաղափար մըն էր, իսկ այսօր այդ գաղափարը Թուրքիոյ մէջ իրականութիւն դարձած է»։

        Փանթուրքիզմի ուրիշ գաղափարախօս մը ՝ Մէհմէդ Էմին հետեւեալը կ՚ ըսէ Մեծ Թուրանի մասին.

        «Մէկ փեթակ ունին բոլոր մեղուները, մէկ Թուրան պէտք է ունենան բոլոր թուրքերը»։

Այնուհետեւ Էմին կոչ կ՚ ուղղէ թուրք բոլոր ժողովուրդներուն համախմբուիլ Մեծ Թուրանի գաղափարի շուրջը, զգուշացնելով, որ «առանց արեան ծաղիկ չի ծնիր, առանց զոհի, առանց այլ ժողովուրդներու ոչնչացման հայրենիք չի ստեղծուիր»։

       Եթէ վերոյիշեալ երկու հեղինակները թուրքական ժողովուրդներուն կոչ      կ՚ընէին համախմբուիլ եւ ստեղծել մէկ միասնական հայրենիք՝ Մեծ Թուրան, ապա փանթուրքիզմի ուրիշ գաղափարախօս մը՝ Էնիս Աւնի, արդէն անթաքոյց կը շարադրէ այդ ճանապարհին ինկած ժողովուրդներու ոչնչացման ծրագիրը ՝

«Կոխած տեղերուս ամէն մէկ մասէն արիւն պիտի ժայթքի

  Երկարած թաթիս տակ գարունները ՝ աշնան եւ աշունները ՝ զնտանի պիտի վերածուին…

Եթէ քարը քարին վրայ թողնեմ՝ ետիս թողած օճախս թող քանդուի…

Վարդաստանները մեռելիստան պիտի ընեմ սուրովս…

Պատմութեան պիտի թողնեմ այդպիսի կործանուած ու գետնի

Հաւասար աւերակ մը, որ տասը դար մարդիկ չկարողանան

Քաղաքակրթութիւն կանգնեցնել անոր վրայ»։

         Այսպիսով, եթէ թուրքիզմի գաղափարախօսութեան կենսագործմամբ ոչնչացաւ արեւմտահայութիւնը, ապա փանթուրքիզմի գաղափարախօսութեան իրականացմամբ պէտք էր անխուսափելիօրէն ոչնչացուէր նաեւ արեւելահայութիւնը։

         Թուրքիան, անկախ այն իրողութենէն, թէ ովքեր եղած են իշխանութեան ղեկին, հետեւողականօրէն պայքարած է փանթուրքիզմի ծրագիրը իրականացնելու, որ առ այսօր կը շարունակուի։

         Այսպիսին է պատմութեան հիմնական եւ կարեւոր դասը հայ ժողովուրդի համար։ Եթէ մէկ կողմէն Մեծ Թուրանի իրագործումը կը սպառնայ ոչնչացնել մեր ժողովուրդն ու մեր անկախ պետականութիւնը, ապա միւս կողմէ կը սպառնայ մասնատել Ռուսաստանը՝ անկէ անջատելով թուրքալեզու ժողովուրդներով բնակեցուած տարածքները։ Պատմութիւնը մեր ժողովուրդին թողեց փանթուրքիզմին դիմակայելու, երկրորդ եղեռնէն փրկուելու մէկ ճանապարհ՝ դաշինք Ռուսաստանի հետ։

 

ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ