Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Կեանքը Միշիկընի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան Վարժարանէն Ներս

2019-2020 տարեշրջանը վարժարանիս համար սկսաւ բարձր ակնկալիքներով: Պատճառը անշուշտ անցեալ տարեշրջանի աւարտականներուն փայլուն յաջողութիւններն էին: Բոլոր 34 աւարտականներն ալ ընդունուեր էին զանազան համալսարաններ, իսկ անոնցմէ 9-ն իրենց SAT-ի գերազանց արդիւնքներով կրցեր էին ընդունուիլ Միշիկընի Էնն Արպըր հեղինակաւոր համալսարանը:

 

Նախանձելի արդիւնքներ գրանցուեր էին նաեւ արհեստագիտութեան technology ասպարէզէն ներս: Վարժարանիս Երկրորդական բաժնի խումբը, նահանգային մրցումներուն ներկայացուցեր էր աշակերտներուն սարքած ինքնաշարժը, արժանանալով պատուոգիրի, նաեւ՝ յատուկ գնահատանքի Միշիկընի չարթըր դպրոցներու նախագահին կողմէ: Ահա յատկապէս այս փաստը, նաեւ նախորդ քանի մը տարիներուն մեր աշակերտներու րոպաթիքսի նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնն ու շահած մրցանակները, շարժառիթ հանդիսացեր էին Երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանին համար նոր ծրագրով մը հանդէս գալու, այն է՝ յատուկ արհեստագիտութեան (STEM) ծրագրի դասաւանդման համար ունենալ արդիական մասնաբաժին մը: Ահա այս գաղափարն էր որ դոկտ. Թորոսեան ներկայացուցեր էր վարժարանիս բարերար Տիար Րիչըրտ Մանուկեանին, դպրոցիս հոգաբարձութեան եւ Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ համալիրի կալուածային Յանձնախումբին առ ի քննարկում: Այս ծրագրին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ դպրոցիս 50 ամեակին նուիրուած ճաշկերոյթ պարահանդէսին:

 

Մանուկեան վարժարանի Ճաշկերոյթի կարկանդակին շուրջ, ձախէն աջ՝ նախկին տնօրէն Րիչըրտ Նորսիկեան, այժմու նախակրթարանի ու միջնակարգի տնօրէնուհի Սօնա Գալֆայեան, Տիար Րիչըրտ Մանուկեան, այժմու երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան եւ նախկին տնօրէնուհի դոկտ. Նատիա Սարաֆեան:

Մանուկեան վարժարանի Ճաշկերոյթի կարկանդակին շուրջ, ձախէն աջ՝ նախկին տնօրէն Րիչըրտ Նորսիկեան, այժմու նախակրթարանի ու միջնակարգի տնօրէնուհի Սօնա Գալֆայեան, Տիար Րիչըրտ Մանուկեան, այժմու երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան եւ նախկին տնօրէնուհի դոկտ. Նատիա Սարաֆեան:

 

Արդարեւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19, 2019-ին, վեց հարիւրէ աւելի հրաւիրեալներ ներկայ գտնուեր էին վարժարանիս հիմնադրութեան յիսնամեակի ձեռնարկին: Այնտեղ ելոյթ ունեցան դպրոցիս հոգաբարձութեան գանձապահ Տիգրան Քիւրճեանը, տնօրէններ Սօնա Գալֆայեանն ու Յովսէփ Թորոսեանը եւ անշուշտ գաղութիս նահապետ, ազգային բարերար Րիչըրտ Մանուկեանը, ինչպէս նաեւ Սաութֆիլտի քաղաքապետ դոկտ. Քէնսօն Սիվըրը :

 

Տիար Մանուկեան վերյիշելով իր ծնողները՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցկեանս նախագահ, անզուգական բարերար հանգուցեալ Ալեք Մանուկեանն ու տիկինը Մարին, հաստատեց, որ անոնք վարժարանս հիմնելով 1969 թուականին ունէին մէկ նպատակ, լաւ կրթութեան հետ միասին վառ պահել հայկականութիւնը, պանծացնելով հայ գիրն ու խօսքը, հայկական պարն ու երգը: Տէր եւ տիկին Մանուկեանները միշտ հաճոյքով ներկայ կ’ըլլային դպրոցի ձեռնարկներուն: Րիչըրտ Մանուկեան վստահեցուց, որ անոնք ինչքան պիտի ուրախանային այսօր ականատեսը դառնալով Մանուկեան վարժարանի յարաճուն վերելքին եւ ուսումնական յաջողութիւններուն:

 

Ինչպէս միշտ, այս տարի եւս արժանի շուքով նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը Նախակրթարանին մէջ Հոկտեմբեր 25, 2019-ին. ինչպէս նաեւ Հայկական մշակոյթի օրը, Նոյեմբեր 14, 2019-ին՝ Միջնակարգի ու Երկրորդականի աշակերտներուն համար: Նախակրթարանի աշակերտները իրենց ծնողներուն ներկայութեան, տարբեր հայ գրողներէ, եւ մանաւանդ Յովհաննէս Թումանեանէն բանաստեղծութիւններ արտասանեցին, հեռաւոր Ամերիկայի մէջ պանծացնելով Թումանեանի 150 ամեակը: Սակայն հանդիսութեան գագաթնակէտն ու ծնողներուն համար անակնկալը Կոմիտաս Վարդապետի 150 ամեակին նուիրուած երգչախմբային կատարումներն էին, վարժարանիս հայերէն լեզուի ուսուցչուհի, նաեւ երաժշտագէտ տիկ. Արշալոյս Ղարիպեանի ղեկավարութեամբ:

 

Միջնակարգի ու Երկրորդականի Հայ Մշակոյթի օրուան հանդիսութիւնը ամբողջովին նուիրուած էր հանճարեղ գրող Յովհաննէս Թումանեանին: Այդ օր, վարժարանիս հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սեպուհ Աւետիքեանի ղեկավարութեամբ 11-րդ ու 12-րդ դասարանի աշակերտները բեմականացուցեր էին Թումանեանի Կիկոսի Մահը, Շունն ու Կատուն եւ Կաթիլ մը Մեղրը, գործերը: Երաժշտախառն այս ներկայացումներուն խանդավառութիւնը աննկարագրելի էր սրահէն ներս: Ինչպէս իր փակման խօսքին մէջ արդարացիօրէն նշեց տնօրէն Թորոսեան, անգամ մը եւս բոլորս միասին համոզուեցանք, որ Թումանեանը անմահ է, եւ կը մնայ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ու անկրկնելի գրողներէն մին:

Ձախէն աջ՝ Կիկոսն ու իր «ընտանիքը» 

 

Այս տարի Ապրիլի սկիզբը 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններէն 29 աշակերտներ իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն հետ միասին 11օրով պիտի ճամբորդեն Մայր Հայաստան: Այս երկու տարին անգամ մը կազմակերպուող միջոցառումը առաւել եւս առիթ մըն է աշակերտներուն համար հայկականութեամբ ոգեշնչուելու, եւ անձնապէս ապրելու ու զգալու այն Հայաստանը, որուն մասին տարիներով սիրով եւ գուրգուրանքով խօսած էին իրենց ուսուցիչները: Սակայն այս մասին աւելի մանրամասն յաջորդիւ:

 

 Թղթակից       

 

 

Մանուկեան վարժարանի Ճաշկերոյթի կարկանդակին շուրջ, ձախէն աջ՝ նախկին տնօրէն Րիչըրտ Նորսիկեան, այժմու նախակրթարանի ու միջնակարգի տնօրէնուհի Սօնա Գալֆայեան, Տիար Րիչըրտ Մանուկեան, այժմու երկրորդականի տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան եւ նախկին տնօրէնուհի դոկտ. Նատիա Սարաֆեան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ