Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024

Շաբաթաթերթ

ՀԲԸՄիութեան «Հայ Կին»ի Կազմակերպած Համաժողովը Մարտի 21ին, Փասատինա

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Հայ Կին կազմակերպութիւնը կարեւոր յայտագիր մը պատրաստած է՝  նուիրուած հայ կին լրագրողներու։  Կիները պիտի խօսին իրենց փորձառութեան եւ աշխատանքին մասին նաեւ կեանքին մէջ իրենց բացած նոր ճանապարհներու  եւ իրենց բերած նպաստին մասին։

Ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, Մարտ  21ին, ՀԲԸ Միութեան Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Կեդրոնին մէջ, 2495 E. Mountain St. Pasadena, CA.

Արձանագրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 9ին, իսկ համաժողովը  ժամը 10ին, եւ պիտի աւարտի ժսմը  2ին։

Կէսօրուան ճաշ պիտի սպասարկուի։

Մասնակիցներն են հանրաճանաչ  լրագրողուհիներ – Սթեֆանի Պուրուճեան, Սարին Հապէշեան, Սարա Խոճոյեան եւ Լիզա Օհաննէսեան։ Օրուան ղեկավարն է Էլինա Աբովեան։

Տոմսերու գիներն են $30,   եւ  $10՝ ուսանողներուն համար (ճաշագինը նեռարեալ)։ Տոմսերը ապահովելու համար հեռաձայնեցէք (818) 731-5459 թիւին։

                                        ***

Ուիլիըմ Սարոյեանի Աշխարհը Սան Ֆրանսիսքոյի

Մէջ, Ապրիլ 16ին

 

Ուիլիըմ Սարոյեանի ջրաներկերէն, գծանկարներէն, ձեռագիրներէն, նամակներէն եւ այլ աշխատանքներէն նմոյշներու հաւաքածոյ մը ցուցադրութեան պիտի դրուի Ապրիլ 16ին Սան Ֆրանսիսքոյի Կրապհորն Հիմնարկին սրահներուն մէջ, 1802 Hays Street, The Presidio, San Francisco.

Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունիսի 22ը։

Այս առիթով լոյս տեսած է նաեւ Սարոյեանի եւ իր զարմիկին Արչի Մինասեանի միչեւ 1929-1981 ընթացքին գրուած պատմական կարեւորութիւն ունեցող նամակներուն ամբողջական հաւաքածոն։

Մանրամասնութիւններու համար այցելել www.foreversaroyan.com կայքէջը։

 

                                          ***

 

Ֆրեզնոյի Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոնի Ճաշկերոյթը

 

 

Ֆրեզնոյի Համալսարանի Հայագիտական Ամպիոնի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտի 22ին, Փորթ Ուաշինկթըն Ակումբին մէջ, 10272 N. Millbrook, Ֆրեզնօ:

Գնահատանքի պիտի արժանանան Լիոն Փիթըրզ Հիմնարկը եւ Առնոլտ եւ Տայանա Ղազարեանները՝ Հայկ եւ Իզապէլ Պէրպէրեաններու Հայագիտական Ամպիոնի հիմնադրութեան 30ամեակի առիթով։

Երեկոն պիտի սկսի ժամը 5ին։ Տոմսերու գինն է $50.00:

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ