Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Կանանց Միջազգային Օր

Անցեալ Կիրակի օր զուգադիպեցաւ կարեւոր տօն մը: Աշխարհի շատ մը երկիրներու մէջ Մարտի 8-ին կը տօնեն «Կանանց Միջազգային Օր»ը  եւ  կարգ մը տեղեր ան կը համարուի ոչ աշխատանքային օր բոլորին համար։

Տօնը շատոնց առաջնային նշանակութիւն չունի արդէն եւ ան կանանց իրաւահաւասարութեան տօնէն  վերածուած է կանանց եւ աղջիկներու գեղեցկութեան տօնի։ Ի միջի այլոց, այսօր Հայաստանի մէջ ընդունուած է ունենալ կանանց նուիրուած միամսեակ: Այս իրականութիւնը թերեւս ունի իր դրական կողմը։ Եթէ իրաւահաւասարութեան տօնը աստիճանաբար վերածուած է կանացի գեղեցկութեան մեծարման տօնի, այս կը նշանակէ, որ իրաւահաւասարութիւն պահանջելու խնդիրը այլեւս արդիական չէ․ կանայք պաշտպանուած են, ունին տղամարդոց հաւասար իրաւունքներ, աշխատանքի հաւասար վարձատրութիւն եւ քուէարկելու իրաւունք։

Կրնայ ըլլալ, որ այսօր վերը նշածներս ծիծաղելի հնչեն «հաւասարութեան» եւ զարգացումի բարձր մակարդակի այս դարաշրջանին, սակայն, ըստ Համաշխարհային Տնտեսական Ֆորումին ներկայացուած 2015ի վիճակագրութեան, կանայք հաւասար աշխատանքային պայմաններու եւ  հաւասար վարձատրութեան կը հասնին միայն 2133 թուականին դժբախտաբար…։ Նոյն աղբիւրին համաձայն աշխարհի մէջ տակաւին ոչ մէկ երկիր չէ կրցած հասնիլ բացարձակ իրաւահաւասարութեան։ Հարցը առաւելապէս սուր է որոշ երկիրներու կրօնի, մշակոյթի  եւ ազգային առանձնայատկութիւններուն պատճառով։

Իւրաքանչիւր անձ, անշուշտ, այս տօնին վերաբերեալ իր ընկալումը ունի եւ ձեւաւորած է սեփական վերաբերմունք, որոնց իւրաքանչիւրին կարծիքը կը յարգենք նոյնիսկ եթէ համաձայն չենք անոր հետ:

Իմ անձնական եւ անշուշտ ոչ մէկուն պարտադրող կարծիքը  այս նիւթին վերաբերեալ այն է, որ յարգալից, կնամեծար, իրաւահաւասար (խօսքը բարոյական, եւ ո՛չ օրէնսգրքային իրաւունքի մասին է) եւ արժանապատիւ վերաբերմունքի ամենօրեայ պայմաններու մէջ  անհրաժեշտութիւն չէր ըլլար տարուայ մէջ  օր մը յատկացնել  այդ ամենը յիշեցնելու համար։

Օգտուելով այն առիթէն, որ  հնարաւորութիւնը ունիմ խօսքս ուղղելու մեր  ընթերցողներուն, «Նոր Օր»ի աշխատակազմին անունով կ՛ուզեմ շնորհաւորել ձեզի՝  հայ ազգի կանայք, մայրեր եւ քոյրեր, մաղթելով անսպառ երջանկութեամբ լի խաղաղ, ներդաշնակ, լիարժէք եւ առողջ կեանք ձեզի եւ ձեր ընտանիքներուն համար։ Այս առիթով նաեւ կ՛արժէ գնահատել բոլոր այն ազնիւ ու վեհանձն տղամարդոց, որոնք կանանց հանդէպ ունին հաւասար եւ յարգալից վերաբերմունք՝ անոնց արժանաւորապէս համարելով մարդկային հասարակութեան համահաւասար կէսը:

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ