Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Արցախ»ի Ընտրական Օրագիր

Խոստմնալից Սկիզբ. Մասիս Մայիլեանը եւ «Նոր Արցախ» Դաշինքը Քարոզարշաւը Մեկնարկած Է Դադիվանքէն



 

26 Փետրուարին, Արցախի հանրապետութեան մէջ պաշտօնապէս մեկնարկած է 31 Մարտին կայանալիք համապետական ընտրութիւններու քարոզարշաւը:

Մասիս Մայիլեանը եւ «Նոր Արցախ» դաշինքը քարոզարշաւը սկսած է այսօր՝ 1 Մարտին, Շահումեանի շրջանի Դադիվանքէն, մոմավառութեամբ: Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի ֆէյսպուքեան էջէն:

Վանքի բակին մէջ նախագահական թեկնածու, ԱՀ արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը  հանդիպում ունեցած է համակիրներուն հետ եւ անմիջական մթնոլորտի մէջ շփուած է ժողովուրդին հետ: 

Յիշեցնենք, որ ՌԱԿ Արցախի մարմինը միացած է «Մայիլեան-Նոր Արցախ» դաշինքին եւ կը սատարէ նախագահական ընտրութիւններու թեկնածու՝ ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանին:

Նշենք, որ քարոզարշաւի մեկնարկի օրը Մայիլեան գրառում կատարած էր, ուր մասնաւորապէս ըսած է. «Քարոզարշաւի մեկնարկի օրը կ’ուզեմ անգամ մը եւս ընդգծել քաղաքակիրթ մրցակցութեան անհրաժեշտութիւնը եւ քաղաքական ընդդիմախօսներու արժանապատւութիւնը վիրաւորելու անթոյլատրելիութիւնը, իրու մասին բազմիցս առիթ ունեցած եմ խօսելու նախընտրական պատրաստութիւններու ժամանակ։ Այս սկզբունքները դրած ենք «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինքի ձեւաւորման ու համագործակցութեան հիմքը։

Քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ գործիչներուն անգամ մը եւս կոչ կ’ընեմ հրաժարելու նաեւ ֆեյքային պատերազմէն ու զանազան մանիփուլացիաներէն։ Պէտք է հասկնալ, որ փոխուած են ժամանակները, ու որ լուրջ ընկալուելու եւ հեռանկար ունենալու միակ ուղին բառի բոլոր իմաստներով ստուերէ դուրս գալն է եւ ազնիւ ու բացճակատ մրցակցութիւնը։

Ես անձամբ մաքուր խիղճով ու բացճակատ կը սկսիմ քարոզարշաւը, նոյնը ակնկալելով միւսներէն։

Բարի երթ բոլորին»։

 

Ընտրական Քարոզարշաւը Կը Շարունակուի. Մասիս Մայիլեան Շրջած Է Ստեփանակերտի Մէջ


  

2 Մարտ 2020-ին, նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները շրջած են Ստեփանակերտի կեդրոնական շուկային մէջ, զրուցած մարդոց հետ ու հետաքրքրուած անոնց ընկերային վիճակի մասին։

 

Արցախի ազգաբնակչութիւնը հիմնական գանգատած է թոշակներէն, փախստականներու հանդէպ անտարբերութենէն ու ընկերային այլ կարեւոր խնդիրներէ։

 

Պրն. Մայիլեանը անոնց ներկայացուցած է բարձրացուած հարցերու լուծման իր ու  «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի տարբերակներն ու առաջնահերթութիւնները։

 

Անկեղծութիւնը Երկուստեք Էր, Կամքն ու Վճռականութիւնը՝ Նոյնպէս. Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» Դաշինքի Հանդիպումը Նորագիւղացիներու Հետ


  


2 Մարտ 2020-ին, Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները հանդիպած են Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքի բնակչութեան հետ։ Այս մասին կը տեղեկանանք Մասիս Մայիլեանի աջակիցներու ֆէյսպուքեան էջէն:

 

Յատկանշական է, որ Նորագիւղի բնակիչները իրենց մտահոգութիւնը յայտնած են մեծ թիւով թեկնածուներու եւ կուսակցութիւններու առիթով: Անոնք դժգոհած են, որ մինչ այսօր ոչ մէկ պատգամաւոր այցելած է համայնք եւ հետաքրքրուած բնակչութեան վիճակով ու պահանջներով:

Նորագիւղի բնակիչները բարձր գնահատած են Մասիս Մայիլեանի ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամներու անկեղծութիւնը եւ փոխադարձ անկեղծութեան մթնոլորտի մէջ քննարկուած են ամենահրատապ հարցերը։

 

Մեր Բոլոր Ծրագրերուն Հիմքը Մարդն Է. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ»ը Քարոզարշաւը Կը Շարունակեն Մարտունիի Մէջ


 


Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար, նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեան, «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամները մեկնարկած քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս, 3 Մարտին այցելած են Մարտունի շրջանի Քերթ, Քարահունջ եւ Կոլխոզաշէն համայնքներ, ուր հանդիպումներ ունեցած են հասարակութեան հետ եւ ներկայացուցած նախընտրական ծրագիրը:

«Նոր Արցախ» դաշինքի անդամներու շարքին ներկայ էր նաեւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչներ Բարդուղ Գալստեանը եւ Նարինէ Ֆարսեանը:

 

Նշենք, որ «Նոր Արցախ» դաշինքը ձեւաւորուած է Ինքնութիւն եւ Միասնութիւն, Վաղուայ Արցախ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւններէն:

Մարտունի շրջանի Քերթ գիւղին մէջ քաղաքական ուժը յայտարարած է՝ «կու գանք փոխելու»: Ցուցակը գլխաւորող Կրիկորի Սահակեանի խօսքով, անհրաժեշտ ներուժն ունին. «Ծանօթանալով «Նոր Արցախ» դաշինքին, եզրակացութիւնը հետեւեալն է, որ դաշինքին մէջ առկայ է անհրաժեշտ մասնագէտներ թէ՛ տնտեսութեան զարգացման,  թէ՛ ֆինանսական ոլորտի, բժիշկներ, դասախօսներ, ուսուցիչներ եւ իրաւաբաններ, այսինքն այն կարգի մասնագէտներ, որոնք այսօր անհրաժեշտ պիտի ըլլան յետագայ զարգացումները ապահովելու համար»:

 

Խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաջողութեան հասնելու պարագային «Նոր Արցախ»ը արմատական բարեփոխումներ կը խոստանայ: Պետական կառավարման գործող համակարգը չի գոհացներ քաղաքական ուժը:

Ըստ Բարդուղ Գալստեանի, գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ պիտի ներդնեն ապահովագրութեան համակարգը, որ գիւղացին հող մշակէ: «Մարդիկ, որոնք քաղաքը նստած բարձր պաշտօններ կը զբաղեցնեն, պիտի չմշակեն ձեր հողերը, ձեզի ընդամէնը մի քանի գրոշ վճարելով, բերելով այն վիճակի, որ «դուք ի վիճակի չէք մշակելու, ատոր համար մենք կը մշակենք»: Այսինքն գիւղացին ինքը նախ եւ առաջ պէտք է իր համայնքին յատկացուած թէ՛ սեփականութեան, թէ՛ ֆոնտի պահուստային հողերու օգտագործողը ըլլայ»,-ըսած է Գալստեան:

Քարահունջի մէջ կայացած հանդիպման «Նոր Արցախ» կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչները ընդգծած են՝ իրենց բոլոր ծրագրերուն հիմքը մարդն է, կը կարծեն, որ օրէնքի եւ իրաւահաւասարութեան պայմաններուն մէջ հնարաւոր է երկրին մէջ կայուն զարգացում ապահովել:

«Պէտք է առաւելագոյնս փոխել մտածելակերպը, մարդը դարձնել արժէք, սահմանել օրինականութիւն, սահմանել իրաւահաւասար իրաւական դաշտ. ասոնք շատ կարեւոր դրոյթներ են, որ այսօր ուղղակի օդ ու ջուրի պէս անհրաժեշտ են»,- ըսած է դաշինքի անդամ  Վահրամ Ղահրամանեանը:

Յիշեցնենք, որ նախագահի թեկնածուներէն «Նոր Արցախ» դաշինքը կը սատարէ Մասիս Մայիլեանին:

 

Յարգանքի Տուրք՝ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի Նահատակներուն. Քարոզարշաւի Կանգառը Թաղավարդ Համայնքն Էր

  



Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար, նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեան, «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամները մեկնարկած քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս, 4 Մարտին այցելած են Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ համայնք եւ հանդիպում ունեցած տեղի բնակչութեան հետ։

 

Հանդիպումը մեկնարկած է Եղբայրական գերեզմանոց այցով, ուր յարգանքի տուրք մատուցուած է Արցախեան ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած հայորդիներուն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկած են երիտասարդ ընտանիքները բնակարաններով ապահովելու հրացեր։

 

Իւրաքանչիւր Նոր Հանդիպում Մեծ Քայլ  է Դէպի Նոր Արցախ. Մասիս Մայիլեան եւ «Նոր Արցախ» Դաշինքի Անդամներ Այցելեցին Որոտան, Սարատակ եւ Տիգրանաւան Գիւղերը

  


 

Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար, նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեան, «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամները մեկնարկած քարոզարշաւի շրջածիրէն ներս, 7 Մարտին հանդիպումներ ունեցան Որոտան, Սարատակ եւ Տիգրանաւան գիւղերուն մէջ։

 

Մայիլեան եւ դաշինքի անդամները գրանցած են բնակիչներու բարձրաձայնած հարցերը, որոնք պատմած են ճանապարհներու հետ կապուած խնդիրներու մասին. այս շրջանին մէջ  յաճախակի խնդիրներէն է նաեւ ելեկտրականութիւնը, ուր անձրեւի ու ձիւնի պատճառով գիւղերու բնակիչները բաւականին երկար ժամանակ կը մնան առանց ելեկտրականութեան:

 

«Իւրաքանչիւր նոր հանդիպում մեծ քայլ է դէպի Նոր Արցախ, իւրաքանչիւր անկեղծ զրոյց ապագայ քաղաքակիրթ մթնոլորտի հիմքը կը դնէ»,- ընդգծած են դաշինքի անդամները։

 

Արցախի Մէջ Ընտրական Արշաւը Կը Շարունակուի. Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» Դաշինքի Անդամները Շարունակած են Ստեփանակերտի Մէջ Շրջայցը

  


8 Մարտ 2020-ին, նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանն ու «ՆՈՐ ԱՐՑԱԽ» դաշինքի անդամները շարունակած են Ստեփանակերտի մէջ շրջայցը եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Ստեփանակերտի բնակիչներու հետ:

 

Հանդիպումներու ժամանակ զարգացող զրոյցներու ընթացքին արցախցիներու մօտ հետզհետէ կ’ուրուագծուի Մայիլեանի եւ դաշինքի թեկնածուներու առաջարկած նոր մօտեցումները, նոր հայեացքը, նոր արժեհամակարգը եւ նոր համակարգը, որ իրականութիւն պիտի դառնայ Նոր Արցախի մէջ:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռամկավար Մամուլ»ի Արցախի աղբիւրը, Մասիս Մայիլեանն ու «Նոր Արցախ» դաշինքը այս օրերուն հսկայական աշխատանք կը կատարեն։ Օրական կը շրջին քանի մը համայնքներով ու քաղաքներով, կը լսեն մարդոց խնդիրները, անոնց սպասումները։

 

Արցախի Ընտրութիւններուն Մասնակից ՌԱԿ Թեկնածու Բարդուղ Գալստեան (Համառoտ Կենսագրութիւն) 

 

N12 Նոր Արցախ դաշինքի ընտրացուցակով առաջադրուած ԱԺ պատգամաւորի թեկնածու Բարդուղ Սարիբեկի Գալստեան.

Ծնած է 1981-ի Ապրիլ 28-ին Արագածոտնի մարզի Հնաբերդ գիւղը՝ մտաւորականի ընտանիքի մէջ:

Կրթութիւնը
• 1998-ին ոսկէ մետալով աւարտած է Հնաբերդի միջնակարգ դպրոցը: 1998-2005 թուականներուն սորված եւ  աւարտած է Հայաստանի գիւղատնտեսական ակադեմիայի պարենամթերքներու վերամշակման արհեստագիտութեան բաժինը՝ ստանալով ճարտարագէտի որակաւորում:
• 2016-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւնը «Տիեթիք կաթնաշոռի կատարելագործումը» թեմայով՝ ստանալով արհեստագիտական գիտութիւններու թեկնածուի գիտական աստիճան:
• 2018-էն ԲՈՀ-ի դոցենտ է:

Զինուորական ծառայութիւնը
• 1999-2001 թուականներուն ծառայած է Արցախի պաշտպանութեան բանակին մէջ:
• 2016-ին կամաւոր մասնակցած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին:

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ է
• «Մարտական ծառայութիւն» մետալով:

Աշխատանքային փորձը
• 2005-էն մինչ օրս կը զբաղուի ֆերմերային ջերմոցային գիւղատնտեսութեամբ:
• 2011-2013 թուականներուն աշխատած է «Տիգրանակերտ» պատմամշակութային արգելոցին մէջ՝ նախ որպէս գիշերային հսկիչ, ապա որպէս կառավարիչ: 2012-էն  համատեղութեան կարգով, ժամավճարային հիմունքներով աշխատած է (ՀԱԱՀ) Ստեփանակերտի մասնաճիւղին մէջ՝ որպէս դասախօս:
• 2017- ին (ՀԱԱՀ) Ստեփանակերտի մասնաճիւղէն տեղափոխուած է Շուշիի արհեստագիտական համալսարան՝ որպէս աւագ դասախօս:
• 2018-էն Հայաստանի պետական կառավարման ակադեմիայի քաղաքագիտութեան բաժնի «Քաղաքական կառավարում եւ քաղաքական վերլուծութիւն» բաժնի մագիստրոսի ուսանող է:

Գիտական գործունէութիւնը
• Հեղինակած է շարք մը գիտական յօդուածներ եւ մեթոտական ձեռնարկներ:

Կուսակցական պատկանելիութիւնը
• 2015-ին նախաձեռնող խումբի ընկերներու հետ հիմնած է Արցախի Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, որուն նախագահն է մինչ օրս: 2016-էն աշխարհասփիւռ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ է:

Ընտանեկան կարգավիճակը
• Ունի երկու զաւակ՝ Սարիբեկը եւ Մոնթէն:

 

 

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ