Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

«Քորոնա» Ժահրը COVID-19

Վերջին ամիսներուն աշխարհը կը կեղեքէ մարդկութեան պատմութեան մէջ նոր՝ անյայտ տեսակի  համաճարակ մը, որ կարճ ժամանակի մէջ աղէտալի արդիւնքներու առջեւ կանգնեցուց գրեթէ բոլոր՝ մեծ ու փոքր, հարուստ եւ՝  ոչ այնքան, երկիրներուն: COVID-19-ով կամ պսակաձեւ ժահրով աշխարհի վրայ  վարակուածների թիւը մինչեւ մեր թերթին տպագրութեան յանձնուելու պահը արդէն հասած է 200000-ի, մահացածներու թիւը՝ 8000-ի : Բազմաթիւ երկիրներ արդեն փակած են  եւ կը շարունակեն փակել երկրին օդային, ցամաքային եւ ծովային սահմանները:  Սակայն պետութեան մը ձեռնարկածները  չեն կրնան ամբողջովին պաշտպանել քաղաքացիներուն , եթէ անոնք չգիտակցին իրավիճակին լրջութիւնը ու իրենց եւ իրենց  հարազատներուն առողջութեան համար պատասխանատուութիւնը իրենց վրայ չվերցնեն:

 

Սիրելի ընթերցող, արտօնէ կոչ ընել քեզի  ուշադիր ըլլալ եւ զգօն: Ամենայն պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ մեկուսացման մասին բժիշկներու յորդորներուն եւ կարելի եղածին չափ մարդոց հետ շփումը սահմանափակել, մաքրութեան կանոնները չանտեսել եւ  ամենաչնչին ախտանիշի պարագային մասնագիտական բժշկական օգնութեանը դիմել:  Չէ՞ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը պատասխանատու է ոչ միայն իր, այլեւ իր հարազատի եւ սիրելիներու առողջութեան եւ անվտանգութեան համար եւ կրնայ է չհիւանդանալով կամ հիւանդութեան նշանները չունենալով հանդերձ վարակուած ըլլալ եւ վարակը փոխանցել  եւ տարածել ընտանիքի անդամներուն կամ մեր շրջապատին: Ըլլանք զգօն եւ ուշադիր: Առողջութիւն աշխարհին:

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ