Գործողութիւ՞ն, թէ Նուագահանդէս . . .
Ի՞նչ է տարբերութիւնը հիւանդանոցի եւ հանդիսասրահի միջեւ։ Հաւանաբար ընթերցողը պիտի զարմանայ թէ ինչպիսի՞ հարցում մըն է սա։ Բայց եթէ բացատրեմ, պիտի անդրադառնայ ան՝ որ տեղին հարցում մըն է եւ որ կը կարօտի պատշաճ բացատրութեան։ Հիմա թոյլ տուէք որ գոհացնեմ ձեր հետաքրքրութիւնը։
Ուրեմն, այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Լոնտոնէն, որու King’s College հիւանդանոցին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ շատ խրթին եւ նուրբ վիրաբուժական գործողութիւն մը։
Արդարեւ, 53 տարեկան ջութակահար մը՝ Տակմըր Թըրնըր անունով, 2013-ին իմացած էր որ գլխուն մէջ ի գոյ էր դանդաղօրէն աճող ուռեցք մը։ Սակայն վերջերս բժիշկները անդրադարձած էին որ այդ ուռեցքը սկսած էր արագօրէն աճիլ եւ վտանգաւոր կերպով տարածուիլ։
Ուստի բժիշկները կը թելադրեն որ ան անմիջապէս ենթարկուի վիրաբուժական գործողութեան եւ հանել տայ, քաղցկեղային այդ ուռեցքը։ Ջութակահարը՝ որ 10 տարեկանին սկսած էր ջութակ նուագել, համամիտ կը գտնուի եւ գործողութիւնը ընդառաջ կ՛երթայ։
Մինչեւ հոս ամէն ինչ բնական է եւ հասկնալի, բայց մնացեալը ՝ որ տեղի կ՛ունենայ գործողութեան սենեակին մէջ, անբնական է եւ զարմանալի։ Բացատրեմ։
Դիտեցէք կցուած նկարը եւ ամէն ինչ կը պարզաբանուի ձեր աչքերուն առջեւ, որքան որ ալ անհաւատալի թուի այդ։ Երբ բարդ այդ գործողութիւնը կ՛աւարտի, բժիշկները կը սթափեցնեն ջութակահարը իր քունէն (anesthesia) եւ կը խնդրեն որ ան նուագէ։ Ինչո՞ւ, որպէսզի վստահ ըլլան թէ գործողութիւնը չէ վնասած անոր ձեռքերու շարժումը ղեկավարող ջիղերը։
Քէյումարս Աշխան՝ վիրաբոյժը, յետ գործողութեան աւարտի մամլոյ ասուլիսին՝ կը բացատրէ թէ գիտնալով թէ որքան կարեւոր էր նուագելը հիւանդին համար, պէտք էր համոզուէին թէ ան կարող էր նուագել, առաջ որ փակէին անոր գլխուն վրայ՝ գործողութեան համար բացուած մասը։ Եւ ահա այսպէսով տեղի ունեցաւ՝ առաջին անգամ ըլլալով, բարձր որակի ջութակահանդէս՝ հիւանդանոցի մը գործողութեան սենեակին մէջ։
Ձրի Համալսարանական Ուսո՞ւմ . . .
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Համալսարանը (USC), հիմնուած 1880-ին, համբաւաւոր ոչ-հանրային (private) համալսարան մըն է (տես նկարը) որ կը գործէ Լոս Անճելըսի մէջ։ Հոն կ՛ուսանին 20,000 ուսանողներ եւ որու այժմու Նախագահն է Քարոլ Ֆօլթ։
Որպէս ոչ-հանրային համալսարան՝ անոր տարեկան կրթաթոշակը (56.225 տոլար) հասկնալիօրէն շատ աւելի սուղ է, հանրային համալսարաններէն։ Օրինակի համար`հանրային համալսարաններէն Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի համալսարանի (UCLA) տարեկան կրթաթոշակն է 13,226 տոլար, իսկ Գալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի նահանգային համալսարանի (California State University Los Angeles) տարեկան կրթաթոշակն է 6,749 տոլար։
Սակայն վերջերս Նախագահ Ֆօլթ յայտարարութիւն մը ըրաւ ըստ որուն՝ ձրի կրթաթոշակ պիտի յատկացուի այն ուսանողներուն, որոնց ընտանիքներու տարեկան եկամուտը 80,000 տոլարէն նուազ է։ Սա իսկապէս հազուագիւտ օգնութիւն մըն է նիւթապէս կարօտեալ աշակերտներուն համար, որոնք համալսարան կ՛ուզեն յաճախել այս տարուան աշնան կիսամեայէն գամ գալ տարուան գարնան կիսամեայէն սկսեալ։
Հոս տեղին է յիշել որ եթէ նոյնիսկ նիւթական օգնութեան կարօտ աշակերտներուն ծնողները բնակարանի տէր ալ ըլլան, այդ պիտի չազդէ անոնց օգնութիւն տալու՝ համալսարանի որոշումին վրայ։
Բայց ինչո՞ւ այս քայլը կ՛առնէ համալսարանի Նախագահը։ Ան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր որոշումին տուն տուող պատճառը։ «Մենք կ՛ուզենք տեսնել որ մեր համալսարանի ուսումը կարելի ըլլայ տաղանդաւոր աշակերտներու համար, որոնք կու գան մեզի ժողովուրդի զանազան խաւերէն։ Մենք կ՛ուզենք շարունակել մեր կարողութիւնը ուսումը մատչելի դարձնելու համար բոլորին։ Կը կարծեմ որ մեր այս քայլը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ՝ մանաւանդ գալիք սերունդներուն համար։»
Իցի՜ւ թէ հայրենիքի թէ սփիւռքի մեր համալսարաններն ալ հետեւէին վերոյիշեալ որոշումին, ի փառք ու պատիւ մեր բիւրաւոր տաղանդաւոր ուսանողներուն . . .
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ