Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Միասնութեան Եւ Զօրութեան Յայտարարութիւն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին Կողմէ

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի (PAC-WUSA)  անդամ կազմակերպութիւնները մնայուն խորհրդակցութեան մէջ են այս օրերուն, երկրին մէջ ստեղծուած հանրային առողջապահական տագնապին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող ժողովուրդին օժանդակելու ջանքերու լոյսին տակ: Այս առիթով, խորհուրդը եւ իր անդամ կազմակերպութիւնները ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնեն համայն մարդկութեան՝ այս համաճարակը դիմակայելու եւ զայն յաղթահարելու իր ճիգերուն մէջ:

 Հայ ժողովուրդի առողջութիւնը եւ բարեկեցութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին գերագոյն արժէք են: Թանկագին է իւրաքանչիւր հայու կեանքը:

 Մեր սէրը, գուրգուրանքը եւ բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամի: Կը յորդորենք մեր համայնքի անդամները՝ բծախնդրութեամբ հետեւելու դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական իշխանութիւններուն ցուցմունքներուն: Այս առիթով, նաեւ կ՛ուզենք արձագանգել առողջապահական պատկան իշխանութիւններուն՝ տունը մնալու եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու թելադրանքներուն:

 Այս խորհուրդին ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ առանձին անհատներ, փորձելով շահագործել այս տագնապը՝ հանդէս կու գան՝ իբրեւ բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ նուիրատուութիւններ կը հաւաքեն իբրեւ թէ օգնելու համար կարիքաւոր հայերու: Մեր յանձնարարութիւնն է՝ ըլլալ զգօն, զոհ չդառնալու համար նման խարդախութիւններու: Երբ կասկածներ ունենաք՝ մնացէք հեռու նման ծուղակներէ եւ դիմեցէք պատկան իշխանութիւններուն կամ վստահելի անձնաւորութիւններու՝ ստուգելու համար ձեզի դիմողներուն օրինականութիւնը:

 Վստահ եղէք, որ խորհուրդին անդամ կազմակերպութիւններէն արդէն իսկ օժանդակութիւն կը մատուցուին կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու: Մեր փափաքն է, որ մեր համայնքի անդամները զօրավիգ կանգնին կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելու՝ անոնց գործին:

 Այս շաբաթ, Դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ընդունուած 2 եռիլիոն գումարի օժանդակութեան ծրագիրով, այլ նպատակներու տրամադրուած գումարներուն կողքին, իւրաքանչիւր չափահաս պիտի ստանայ 1200 տոլարի, իսկ ընտանիքներու պարագային մինչեւ 3000 տոլարի դրամական նպաստ: Եթէ դուք կամ ձեր ընտանիքը այս մասին որեւէ տեղեկութիւններու կամ բացատրութիւններու կարիքը ունիք՝ կը յորդորենք, որ կապ պահէք համայնքի բարեգործական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք պատրաստ են խորհրդատուական օժանդակութիւն տրամադրելու: Համահայկական Խորհուրդի յաջորդ հաղորդագրութիւններով ձեզի պիտի տրամադրենք կառավարական կամ բարեգործական կազմակերպութիւններու կայքային տեղեկութիւնները:

 Հիմա է ժամանակը ազգովին միասնակամ ըլլալու եւ մեր համայնքին արժանիքները կիսելու: ժամանակն է հիմա մեր տարեցներուն եւ ծնողքներուն խնամելու ու երախտապարտ ըլլալու բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, առաջին օգնութեան աշխատակիցներուն,  դեղագործներուն, աղբահաւաքներուն, մատուցողներուն եւ նպարավաճառներուն, որոնք անձնազոհաբար կը գործեն եւ կը յիշեցնեն մեզի տունը մնալու անհրաժեշտութիւնը:

 Ձեր եւ ձեր ընտանիքը ապահով տունը ըլլալու առիթով կ՛արժէ յիշեցնել, որ այս տարուան Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն նախատեսուած, Միացեալ Նահանգներու 2020ի Մարդահամարի հարցարանը լրացնէք: Կը քաջալերենք մեր հայրենակիցները, որ տունը ըլլալու պատեհ առիթը օգտագործելով՝ լրացնեն մարդահամարի հարցարանը, հետեւելով HyeCount-ի թելադրանքներուն: 2020ի Մարդահամարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք HyeCourt.org կայքը:

 Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը առողջութիւն, զօրութիւն եւ ապահովութիւն կը մաղթէ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին: Միասնաբար պիտի յաղթահարենք այս տագնապը եւ դուրս գանք անկէ աւելի զօրաւոր՝ քան որեւէ ժամանակ:  

 

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացեալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ