Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

«Նոր Արցախ»ի Ընտրական Օրագիր

ՌԱԿ Պատուիրակութիւն Մը Արցախի Մէջ Մասնակցեցաւ «Նոր Արցախ» Դաշինքի Ընտրական Հաւաքներուն


Անսալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Կեդրոնական վարչութեան վերջին նիստի որոշումին, Ուրբաթ՝ 13 Մարտին, ՌԱԿ պատուիրակութիւն մը եռօրեայ այցով ժամանեց Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտ:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեան, պատուիրակութեան կ’անդամակցէր ԵՌԱԿ-ի ատենապետ ընկ. Սեդրակ Պալեան եւ ՌԱԿ-ի անդամներ:

Նշենք, որ պատուիրակութեան գլխաւոր նպատակն էր մօտէն հետեւիլ Արցախի նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայացուին յառաջիկայ 31 Մարտին:

Պատուիրակութեան անդամները, գլխաւորութեամբ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, Արցախ հասնելուն պէս ուղեւորուեցան Ստեփանակերտի մուտքին գտնուող «Պապիկ -տատիկ»ի արձանին մօտ, ուրկէ պիտի մեկնարկէր  ինքնաշարժերու երթ դէպի Շուշի:

 Ուղեկցութեամբ նախագահական թեկնածու պրն. Մասիս Մայիլեանի եւ «Նոր Արցախ» դաշինքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Արցախի ներկայացուցիչ ընկ. Բարդուղ Գալստեանի, մեկնարկեց շարասիւնի երթը դէպի հերոսական Շուշի, ուր տեղի ունեցաւ ընտրական յատուկ հաւաք:

Միջոցառման ընթացքին խօսք առաւ «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու, Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Տիար Մասիս Մայիլեան: Ան իր խօսքին մէջ հակիրճ կերպով ներկայացուց այսօր Արցախի դիմագրաւած ընդհանուր հիմնահարցերը, նշելով, որ իր նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի փորձէ կարեւոր ճիգեր ի գործ դնել, լուծելու համար Արցախի եւ Արցախի հերոսական բնակչութեան առջեւ ցցուած բոլոր հիմնախնդիրները, որոնց համար կազմած են արդէն նախընտրական իրատեսական ծրագիրներ:

Ան նաեւ կարեւորեց ՌԱԿ-ի «Նոր Արցախ» դաշինքին մասնակցութիւնը եւ ողջունելով այնտեղ գտնուող Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան սփիւռքի  ներկայացուցիչները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց աջակցութեան համար:

 

Միջոցառման հարց ու պատասխանի բաժնին մէջ հարցումով հանդէս եկաւ նաեւ ընկ. Սեդրակ Պալեան:

 

 

«Նոր Արցախ» դաշինքի ընտրարշաւի շրջանակներուն մէջ հանդիպում գիւղական համայնքներու հետ. Առաջնահերթութիւնը գիւղատնտեսութիւնն է

Արցախ ժամանած ՌԱԿ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի, շարունակեց մասնակցութիւն բերել Արցախի մէջ տեղի ունեցող ընտրական հաւաքներուն:

Նշենք, որ Շաբաթ՝  14 Մարտի առաւօտ, «Նոր Արցախ» դաշինքի մաս կազմող կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ, գլխաւորութեամբ նախագահական թեկնածու տիար Մասիս Մայիլեանի, այցելեցին Արցախի չորս բնակավայրեր: ՌԱԿ պատուիրակութիւնը միանալով քարոզարշաւ իրականացնող խումբին, հերթաբար այցելեց Արցախի Չափար, Զագլիկ, Ակնաբերդ եւ Հաթերք գիւղական համայնքները:

Հանդիպումներու ընթացքին խօսակցութիւնները կեդրոնացան մասնաւորապէս Արցախի մէջ ապրող հայ գիւղացիներու ապրած դժուարութիւններու մասին: Գիւղացիները հերթաբար խօսք առնելով, ներկայացուցին իրենց դիմագրաւած խնդիրները: Այդ խնդիրները կը վերաբերէին յատկապէս հողամշակումի, անասնապահութեան, ինչպէս նաեւ այդ շրջաններուն եւ գիւղերուն մէջ առկայ ընկերային, տնտեսական դժուարութիւններուն:

Գիւղաբնակչութեան խօսքին մէջ ընդգծուած կերպով կը նշուէր, որ այսօր Արցախի մէջ հայ գիւղացին հակառակ իր տարած մեծ ճիգերուն եւ աշխատասիրութեան, չի քաղեր իր արդար քրտինքին արդար վաստակը:

Հանդիպումներու ընթացքին Արցախի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան իր խօսքին մէջ կարեւորեց եւ շեշտեց, որ այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ Արցախի ժողովուրդը եւ յատկապէս Արցախի կառավարութիւնն ու պետական համակարգերը պարտաւոր են տէր կանգնիլ հայ գիւղացիի արդար վաստակին եւ ամէն գնով բարելաւել անոր կեանքը:

Խօսք առնողներու շարքին էր նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ ընկ. Բարդուղ Գալստեան, որ իր խօսքով նոյնպէս կարեւորեց գիւղական համայնքներու կազմակերպումը, գիւղացիներու խնդիրներու իրազեկումը, ինչպէս նաեւ առկայ խնդիրներուն առաջնային եւ մշտական լուծումներ գոյացնելու կարեւորութիւնը:

Օրուայ աւարտին բոլոր մասնակիցները մեծ գոհունակութեամբ աւարտեցին իրենց ընտրաքարոզչական օրը, շեշտելով, որ Արցախի մէջ հայ գիւղացին կը շարունակէ մնալ պետութեան համար ամենակարեւոր եւ ամենահիմնական կռուանը:

 


Ստեփանակերտի մէջ ընտրական կեդրոնական հաւաք՝ մասնակցութեամբ ՌԱԿ պատուիրակութեան

Ինչպէս աւելի վաղ «Ռամկավար Մամուլ» նշած էր, անցնող օրերուն Արցախի մէջ տեղի ունեցած են ընտրական հաւաքներ, գլխաւորութեամբ «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեանի եւ մասնակցութեամբ Արցախի ՌԱԿ մարմնի ներկայացուցիչ Ընկ. Բարդուղ Գալստեանի եւ ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան ընկերներու:

Նշենք, որ Արցախ եռօրեայ այցի եւ հանրահաւաքներու մասնակցութեան շարքի վերջին հանդիպումը տեղի կ’ունենար Ստեփանակերտի ՌԱԿ գրասենեակի դիմաց գտնուող տարածքին վրայ, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով արցախցիներ: Նշմարելի էր նաեւ, որ հաւաքուողներու տարիքային սահմանափակում չկար, այնտեղ էին մեծ ու փոքր, միջին հասակի, ինչպէս նաեւ տարեց արցախցիներ:

Նախ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, տեղի ունեցաւ համերգ, որու ընթացքին երիտասարդ տաղանդաւոր երգիչներ հնչեցուցին ազգային հայրենասիրական երգեր:

Յուզիչ էր մանաւանդ ներկաներուն արձագանգը առկայ մթնոլորտին վերաբերեալ ու նշմարելի էր, որ արցախցիները շատ մեծ յարգանք, համակրանք ու վստահութիւն ունին «Նոր Արցախ» դաշինքի նախագահական թեկնածու Տիար Մասիս Մայիլեանին:

Հանրահաւաքի ընթացքին գլխաւոր խօսքը առաւ նախագահական թեկնածու Մասիս Մայիլեան: Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ՌԱԿ-ի պատուիրակութեան անդամներուն եւ անոնց միջոցաւ ՌԱԿ-ի աշխարհատարած շրջանակներուն եւ համակիրներուն:

Ան նաեւ նշեց, որ Արցախ Սփիւռք յարաբերութիւնները կը գտնուին կարեւոր եւ շրջադարձային օրերու մէջ, այն իմաստով, որ արցախցին միշտ բարձր արժեւորած է սփիւռքահայերու նեցուկը եւ ցուցաբերած շօշափելի օժանդակութիւնն ու թիկունքը, սակայն յստակ է նաեւ, որ տարբեր իմաստներով եւ պատեհ անպատեհ առիթներով Արցախի հանդէպ սփիւռքի ցոյց տուած նեցուկը շահագործուած է եւ մսխուած:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց սփիւռքի մարմիններուն  հետամուտ ըլլալ Արցախի մէջ ընթացող գործընթացներուն, հաւատացնելով, որ Արցախ-Սփիւռք գործակցութիւնը ամուր հիմքերու վրայ է եւ արցախցին միշտ ալ բարձր գնահատած է սփիւռքահայերու մօտեցումն ու սէրը Արցախի նուիրական եւ հերոսական հողին ու խոյացող ժողովուրդին նկատմամբ:

Հանրահաւաքին նոյնպէս խօսք առին ժողովրդային ներկայացուցիչներ, որոնք կարեւորեցին այս ընտրութիւնները յաղթանակով պսակելու առաջնահերթութիւնը:

Ընտրական հաւաքը աւարտեցաւ ճոխ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, որմէ ետք Մասիս Մայիլեան այցելեց ՌԱԿ-ի Ստեփանակերտի գրասենեակ:

Հանդիպման ընթացքին, որուն ներկայ էին ՌԱԿ պատուիրակութեան անդամներ, Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանի գլխաւորութեամբ, քննարկուեցան ՌԱԿ-ի եւ Արցախի միջեւ գործունէութեան ընդհանուր շրջածիրը եւ շեշտը դրուեցաւ ապագային ալ այդ համագործակցութիւնը աւելի դրական եւ գործնական քայլերով ուղղորդելու կարեւորութեան վրայ:

Ընկ. Գարատանայեան Պրն. Մայիլեանին հաղորդեց ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ողջոյնները եւ անգամ մը եւս հաստատեց, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնիլ հայրենի մեր զոյգ իշխանութիւններուն, որպէսզի Սփիւռքի հետ համատեղ ուժերով իրագործեն համայն հայութեան գերագոյն շահերը պաշտպանելու գերնպատակը:

Կիրակի օրուան ընտրական հաւաքի աւարտին ՌԱԿ պատուիրակութեան անդամները երեք բարեյաջող օրեր անցնելէ ետք վերադարձան քաղաքամայր Երեւան:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ