Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Միասնականութիւնը Ճգնաժամի Պահուն

Վերջին ամիսներուն աշխարհը կը կեղեքէ ու կը մասնատէ նոր համաճարակը COVID-19ը՝ մարդու առողջութեան ու կեանքին սպառնացող նոր  ժահրը։ Մարդկութեան պատմութեան մէջ պարբերաբար տարբեր ախտեր եկած ու գացած են՝ խլելով միլիոններու հասնող կեանքեր։

 

Ամեն անգամ, նոր ախտի ժայթքումէն ետք, մարդոց կեանքը գլխի վար շրջած է։  Որոշ ընտանիքներ ապրուստ  կորսնցուցած են, ուրիշներ՝ տուն ու գործ, բայց շատեր ալ՝ ընտանիքի անդամներ կամ սիրելիներ։

 

Երբ ախտը կը պատէ ամբողջ մոլորակը եւ կը սկսի մարդկային կեանքին սպառնալ, մահուան եւ հիւանդութեան առջեւ բոլորս հաւասար կը դառնանք: Բոլորս՝ հարուստ, թէ՛ աղքատ, ծեր, թէ՛  երիտասարդ, գիտնական, թէ՛  շինարար, ուսուցիչ, նախագահ, բանուոր, հոգեւոր սպասաւոր․․․

 

Միշտ, երբ ոեւէ աղէտի առջեւ, ուր ծունկի եկած է մարդկութիւնը, այդ ամէնուն մէջէն  դուրս գալու միակ ճամբան եղած է միասնական՝ հաւաքական կամքի ուժը, երբ անոնք եղբայրաբար ձեռք ձեռքի տուած են դրացիներ,  ծանօթ-անծանօթները, ենթական ու ղեկավարը, հաւասարն ու անհաւասարը․․․ Իրար հետ կապ չունեցող ու իրար չճանչցող անձիք համախմբուած են ու միասին   մեծ բռունցք մը դարձած ծառայած են ընդհանուրին։ Այս բանը կրնայ ըլլալ մարդկային բնութեան հետ կապուած երեւոյթ է սակայն նաեւ կարեւոր մէկ արժէք մեր քաղաքակրթութեան մէջ:

 

Հիմա ալ, այս նեղ օրերուն կը նկատենք ինչպէս ազգերը, պետութիւններն ու հասարակ մարդիկ  միասնական մէկ  բռունցք դարձած կը փորձեն ծառայել համընդհանուր գործին՝ փրկել մարդկութիւնը: Ամեն տեղ կամաւորներն առանց սպասելու օգնութեան կանչի, կը կանգնին բժիշկներու թիկունքին՝ պատրաստ ամեն տեսակ օգնութեան։ Տարբեր խումբեր կազմելով շատեր տարեց միայնակներուն սնունդ կը հասցնեն: Ուրիշներ մեկուսացման կարգ ու կանոնին կը հետեւին չվնասելու իրենց շրջապատի մարդոց: Կան մարդիկ, որոնք  սեփական նախաձեռնութեամբ պաշտպանիչ միջոցներ կը բաժնեն անոնց, որոնց նման բաներու կարիքը ունին։ Ամեն մէկը իր կրցածին չափ կը փորձէ թեթեւացնել  ընդհանուրին հոգը։  Աւելի ու աւելի կը սփռուի  միասնականութեան ոգին ու ուժը ։

 

Միասնական, միահամուռ ու միակամ ջանքը ճգնաժամէն դուրս գալու ամենամարդկային տարբերակն է։ Ճգնաժամի պահուն բոլորս նոյնն ենք: Բոլորս մէկ ենք:  

 

Համբերութիւն,առողջութիւն եւ ուժ կը մաղթեմ քեզի՝ «Նոր Օր»ի հաւատարիմ ընթերցող,  իմ հայ ազգ եւ իմ Երկիր մոլորակ։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ