Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Վերիմաստաւորել Այն Ամեն Ինչը, որ Ունինք, Ունէինք ու Պիտի Ստեղծենք

 

Վերջին ամիսներուն աշխարհը կ՛ապրի իր պատմութեան մէջ հերթական  բեկումնային ժամանակաշրջանը։ Ամեն ինչ այլեւս նոյնը չէ։ Տարբեր պիտի ըլլայ այսուհետ։ Մենք  բոլորս կ՛ապրինք այնպիսի օրեր, ուր  սրտի ցաւով  կը տեսնենք, թէ ինչպէ՞ս աշխարհը կը փոխուի, ո՛չ թէ օր օրի, այլ՝  ժամ առ ժամ։

«Քորոնա» ժահրի առջեւ ծունկի եկած են բոլորը՝ մեծ, փոքր, հզօր, խեղճ․․․ բոլոր պետութիւնները։ Որքան երկարի  վարակի տարածումը, այնքան աւելի եւս կը խորանայ ճգնաժամը բոլոր երկրներուն մէջ։ Համաշխարհային ճգնաժամ է տնտեսապէս, բայց նաեւ դաժան ճգնաժամ է բարոյապէս։ Մարդիկ  կը կորսնցնեն աշխատանք, գումարներ, ձեռնարկութիւններ, բայց ամենէն արագը, որ իրենցմէ անվերադարձ կ՛երթայ՝ կեանքն է։ Մարդիկ կը կորցնեն իրենց հարազատները, միեւնոյն ժամանակ չկարողանալով նոյնիսկ արժանաբար հողին յանձնել իրենց սիրելիները։ «Քորոնա»-ն ֆինանսականէն, աշխատանքէն, ազատ կեանքի իրաւունքէն բացի, նաեւ կը խլէ  ամենանուիրական, ամենաանձնական երեւոյթներն անգամ։

Վերջին շաբաթներու ընթացքին գրեթէ ամբողջ աշխարհի բնակչութիւնը  փակուած է իրենց տուներուն մէջ։ Ժամանակի առատութիւնը ու ազատութեան պակասը բարերար հող են մտածելու , վերիմաստաւորելու, վերարժեւորելու համար այն ամեն բաները, որ ունինք եւ այն ամեն ինչը, որ  ունէինք ու կորսնցուցինք։

Առօրեայ մեր կեանքին ընթացքին, բոլորս խելայեղ մրցավազքի մէջ ենք,  այն ամեն նիւթական բանի ետեւէն, որ մեզի կը թուի, որ կարեւոր է ու անփոխարինելի։ Ցանկալի նիւթականին տէրը ըլլալու համար յաճախ չենք նկատէր, թէ  ինչպէ՞ս կ՛անտեսենք ու մեզմէ կը հեռացնենք ու կ՛արհամարհենք մարդկային յարաբերութիւններու մէջ ամենակարեւորը՝ իրար գնահատելու կարողութիւնը։ Յաճախ չունինք ժամանակ սիրելիներու ու ծնողներու համար, բայց ունինք ժամանակ աննպատակ ու ցուցադրական հանդիպումներու ու ժամանցի համար…:

Շատ յաճախ, կամ երբեք չունինք ժամանակը մեր Երկիր մոլորակին հոգալու, գետնէն փլասթիքի շիշ մը վերցնելու ու աղբամանը նետելու կամ  ծառ մը տնկելու համար: Սակայն ունինք ժամանակ բնութիւնը աւերելու մեր աւելի քան մէկ ինքնաշարժին արտանետումներով…: Մենք չունինք նոյնիսկ ժամանակ  մեր սեփական կեանքը ապրելու  ըստ մեր տեսլականին։ Բոլորս խելայեղ վազքի մէջ ենք։ Բայց դէպի ո՞ւր։ Վերջին օրերը բոլորիս ստիպեցին տան մէջ փակուած վերիմաստաւորել այն ամեն ինչը, որ  ունինք, ունէինք ու պիտի ստեղծենք։  Յետայսու, մեր բոլորին կեանքը պիտի բաժանուի է երկու մասի՝ համավարակէն առաջ եւ ետք։

Դասեր քաղելու, մարդկային յարաբերութիւնները արժեւորելու, սիրելիներուն փայփայելու, կեանքը զգալով ապրելու եւ ոչ վատնելու գաղափարները, պէտք է առաջնահերթութիւններ ըլլան, երբ բոլորս միասին սկսինք վերստին կառուցել աշխարհը, առօրեան ու կեանքի բնականոն ընթացքը, բազմաթիւ դժուարութիւններու մէջէն անցնելով եւ յաղթահարելով զանոնք:

                                                                                            ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ