Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանճարները Եւ Սէրը․ Արցունքներու Մէջէն Ժպտացող Թախծոտ Ծաղրածուն եւ Իր Սէրերը

Սիրելի ընթերցող, ներկայիս, երբ ամբողջ աշխարհը անդամալուծուած է այս չարաբաստիկ պսակաձեւ ժահրի պատճառով, եւ ամէնուրեք՝ հեռատեսիլը, դիմատետրի ու մամլոյ էջերը… հեղեղուած են անոր մասին ահազանգերով ու յուսահատութիւն բերող տեղեկատուութիւններով, կ’արժէ քիչ մըն ալ  գեղեցիկ զցագումներու մասին կարդալ եւ լաւատեսութեամբ լեցուիլ: Շատ եկած-անցած են այս տեսակ համաճարակներ: Այս մէկն ալ մարդկութիւնը՝ միասնաբար կը յաղթահարէ: 

Թող որ արեւի լուսաւոր ճառագայթները եւ ՍԻՐՈՅ ջերմ շողերը մեր սիրտերը այդ յոյսով լեցնեն:

Առողջութիւն կը մաղթեմ բոլորին, եւ այդ ժահրով բռնկուածներուն՝ շուտափոյթ ապաքինում: 

Տէրը բոլորիս պահապան: 

Շ. Մ.

 

Սիրելի ընթերցող, նախօրօք ձեզի ներկայացուած էր հայազգի տաղանդաւոր մնջկատակ-ծաղրածու Լէոնիտ Ենկիպարեանի մասին թղթակցութիւնը՝ իր ծննդեան 85-ամեակին նուիրուած: Պէտք է խոստովանիլ, որքան ալ գեղեցիկ համեմատութիւններով եւ բազմիմաստ ածականներով նկարագրենք անոր կրկէսային մանրապատումները, դարձեալ թերի եւ քիչ կ’ըլլայ: Տեսնել պէտք է՝ զգալու եւ հասկնալու համար Ենկիպարեանի կախարդանքն ու աստուածատուր հմտութեամբ, ապշեցնող վարպետութեամբ կատարումները: 

«Ես հայ եմ…»,-առանց վարանելու հպարտօրէն կ’ըսէր ան, բայց ինքզինք նուաստացած զգացած է՝ «…հիւրախաղերով Երեւան եկած իմ հայրենակից Շարլ Ազնաւուրին առաջ։ Ֆրանսա ծնած Ազնաւուրը հետս մայրենիով կը խօսէր, իսկ ես ամօթէն կը լռէի, որովհետեւ հայերէն հազիւ հարիւր բառ գիտեմ։ Յետոյ ստիպուած անգլերէնի անցանք…»: 

Սակայն ան երբեք պատճառ չունեցաւ նուաստացած զգալու իր հանդիսատեսին առջեւ, որուն կ’ուրախացնէր, կը խնդացնէր, անչափ կը սիրէր եւ կը վստահէր:Մեծ ծաղրածուն կ’ապրէր իր հերոսին պէս. կը սիրէր մարդոց, անոնց կը բաժնէր իր բաժին ծաղիկները,իր հոգւոյն լոյսն ու սէրը: Լէոնիտի ելոյթներու ժամանակ դահլիճին մէջ սովորաբար ասեղ ձգելու տեղ չէր ըլլար. հանդիսատեսը պարզապէս կը պաշտէր անոր, իսկ երկրպագուհիները կը խենթանային…:Բեմին վրայ հանդիսատեսին խնդացնելով եւ զուարճացնելով, ինք կը մնար միայնակ ու թախծոտ:

Հրաշալի, մտերմօրէն եւ անկեղծօրէն գրած մանրապատումներով, ան կ’օգնէ ստոյգ պատկերացում կազմել իր՝ լուսաւոր մարդ տեսակի մասին. «Արտաքինով ու բնաւորութեամբ 20-ամեայ տղայի կը նմանէր (իսկը լալու բան է. հիմա աղջիկները գեղեցիկ ու գործնական տղոց կը սիրեն,իսկ ինք արուեստագէտ էր եւ կարգին արտաքին ալ չունէր): Գլուխն ափերու մէջ, կ»արտասուէր գիշերային անձրեւին հետ։ Դժբախտութեան պատճառը մայրն էր, իհարկէ։ Ան իրեն ծնեց կոպիտ ու ծիծաղելի դէմքով, բայց մանկութեան օրերուն չսորվեցուց դաժան ըլլալ ստորութեան հանդէպ:Սորվեցուց միայն մթնշաղով տարուիլ։ Խեղճ ու անզօր կին»: «Ճշգրիտ կը յիշեմ։ 1961թ. Ապրիլ 22-ն էր։ Անձրեւախառն ձիւն կու գար, իսկ ես կ’երթայի Մոսկուայի հին կրկէս, իմ առաջին մեծ ներկայացումին։ Յանկարծ հայեացքս գամուեցաւ ազդագիրին վրայ հսկայ տառերով գրուած մականունիս։ Յուզուեցայ ու հեկեկալով շարունակեցի ճանապարհս։ Անհասանելի թուացող երազանքս իրականացած էր։Ես արդէն հանդերձարանն էի։Նայեցայ հայելիին ու սարսափեցայ՝ արտասուող ծաղրածո՞ւ։ …Գիտակցութիւնս տեղը բերին ծափահարող հանդիսականները։Հասկցած էին զիս: Բոլորը խանդավառուած էին, բոլորի դէմքին ժպիտ կար։ Միայն մէկը կու լար, չոր-րորդ շարքը նստած կին մը՝ մայրս»:

«…Իմ ծաղրածուն ինքն է իր հերոսին հեղինակը։ Հրաժարեցայ շպարուելու միտքէն ու որոշեցի իմ հերոսը Լէոնիտ Ենկիպարեան կոչել եւ ներկայացնել ինքզինքիս։ …Ես կը ջանայի լաւ հասկնալ, թէ ի՞նչ մարդ է իմ հերոսս, ի՞նչ կը սիրէ եւ ի՞նչ չի սիրեր, ինչո՞վ կ’ապրի…։ Ես անոր օժտեցի մանկական հետաքրքրասիրութեամբ եւ հարցասիրութեամբ։ …Ան համեստ մարդ մըն է, զաւեշտական դրական հերոս է եւ բարի ծիծաղ կ’առաջացնէ։ Նաեւ ասպետ է՝ միշտ պատրաստ պաշտպանելու թոյլերն ու կիները։ Եւ չնայած ֆիզիքապէս թոյլ է, բայց հոգւով ուժեղ մարդ է…»:

Այսպիսով, պահպանուած են Ենկիպարեանի չծերացող արուեստի պատառիկները՝ շարժանկարներ, գրական ստեղծագործութիւններ, որոնց հետ անբաժան պէտք է ըլլան նաեւ մեծ դերասանի սիրոյ պատմութիւնները:

Այսօր պիտի ներկայացնեմ սիրահար Լէոնիտը:

     


    

Թոյլերն ու կիները պաշտպանող Լէոնիտը գլուխէն մինչեւ ոտքերը ՍԷՐ էր. կը շնչէր եւ կ’արտաշնչէր սէր: Կը զգար ու կ’ապրէր սէրը իր ամբողջ խորութեամբ: Թախծոտ, աշունը սիրտին մէջ ծաղրածու, որ ամէնուր սէր կը սփռէր:

Ենկիպարեանի սան, ՀՀ կրկէսային գործիչներու միութեան նախագահ, փրոֆէսօր Սօս Պետրոսեան կը յիշէ թէ Ենկիպարեան «…երաժշտութիւն շատ կը սիրէր, յատկապէս` Ա. Բաբաջանեանի ստեղծագործութիւններըԱն գեղեցիկ աղջիկներուն անչափ շատ կը սիրէր եւ …կը պաշտէր։ Ո՛չ, այն չէ, ինչ կրնան մտածել շատեր, որեւէ գռեհիկ բան չկար։ Որպէս նկարիչ` կը սիրէր ու կը գնահատէր կնոջ գեղեցկութիւնը եւ ամէն օր կը շփուէր մեծ թիւով կանանց հետ»: Նաեւ տժվժիկ կը սիրէր. ամէն անգամ գիտնալով որ Սօսին մայրը տժվժիկ պատրաստած է, հիւր կ’երթար անոնց:

Այդ բարի մարդուն՝ զոր կը քալէր ցանկութիւններէ, տխրութենէ եւ սէրէ հիւսուած բարակ պարանի վրայէն, հաճելի արտաքինով եւ մեծ հռչակ վայելող Լէոնիտին շատեր կը համակրէին, կը սիրէին: Ան ալ կը սիրէր ու ծաղիկներ կը նուիրէր բոլոր աղջիկներուն: Իր սիրած կիներու կարգին կը գտնուէին ժամանակի ամենափայլուն երիտասարդ դերասանուհիներ, որոնք այսօր հանրաճանաչ են: Լէոնիտ, երբ կը սիրէր, իր սիրած էակին կը նուիրուէր մանկան անկեղծութեամբ ու ամբողջ էութեամբ: Ան բացառիկ քաղաքավար էր եւ լաւ գրաւել գիտէր: Ահա, թէ ինչպէս կը սիրեր ան՝

Աղջնակին, որ թռչել գիտի 

…Քեզ երբեք ոչինչ չի պատահեր, որովհետեւ դուն երկու սիրտ ունիս… Ատոնցմէ մէկը մայրդ տուած է Իսկ երկրորդը՝ ես։ Պահիր կուրծքիդ մէջ իմ խենթ սիրտը: Ու մի վախնար ոչ մէկ բանէ: Անոնք կողք կողքի են, թէ մէկը կենայ, միւսը կը զարնէ: Միայն ինծի համար մի՛ մտահոգուիր… Իմ սիրտը՝ քու կուրծքիդ մէջ է: 

Սակայն Լէոնիտին համար առանձնայատուկ եղան 3-ը՝ Ատա, Բելլա եւ Եարմիլա: 

Առաջին սէր՝ Ս. Փիթէրսպուրկի թատրոնի դերասանուհի Ատա Շէրէմէթեւա: Ձմրան պաղ երեկոյ մը, դէպի կրկէս քալող Ատայի ոտքերուն առջեւ ծաղիկներ կը նետուէին. սիրահար Լէոնիտը իր սէրն այդպէս կ’արտայայտէր՝ արհամարհելով պաղը: Դերասանուհին փոխադարձաբար սիրեց ծաղրածուին, եւ անսալով սիրելիի յորդորներուն ու հաւատալով իր «անհաւատարիմ ծաղրածուն» դառնալու խոստումներուն, ձգելով թատրոնէն ներս ստանձնած գլխաւոր դերերը՝ մտաւ կրկէս, սիրելի էակին հետ եւ անոր մօտ ըլլալու համար: Սակայն կրկէսին մէջ Ատային վիճակուած էր միայն հանդիսատեսի պէս նստիլ կրկէսասրահին մէջ եւ օգնել սիրելիին. ան անգործութեան մատնուեցաւ, զոր անընդունելի էր իրեն համար: Իրավիճակն աւելի անտանելի դարձաւ, երբ Լէոնիտն Ատայի հետ մօրը քով՝ Մոսկուայի միայարկ, խղճուկ, փայտեայ տնակը մշտական բնակութեան փոխադրուեցաւ, ուր կը բացակայէին ապրուստի ու կենցաղավարութեան բոլոր պայմանները: Երեք ամիս անց Ատան հեռացաւ (ան եղաւ Լէոնիտին հետ միակ օրինական ամուսնացած կինը):

«Ծովը մամռակալեցաւ ու գետերը ցամքեցան. տե՛ս, թէ ինչ ըրիր, երբ դադրեցար սիրել զիս»:

Հայազգի սիրուած երգչուհի Բելլա Դարբինեան. Լէոնիտի երկրորդ սէրը՝ իրմէ ոչ պակաս հռչակաւոր անձ մը: Քիչեր գիտեն այս երկու հռչակներու սիրոյ մասին: Երգչուհիին դուստրը, Թերեզա Կասեան բացայայտած է այդ գաղտնի  սիրոյ պատմութիւնը: Անոնք կը ծանօթանան 1960-ի սկիզբը, Փրահայի մէջ՝ հիւրախաղերու ժամանակ, ուր եւ սիրոյ հիմը կը դրուի:

Լէոնիտ, որ արդէն մեծ ճանաչում ունեցող եւ շատ սիրուած դերասան մըն էր Չեխիոյ մէջ, սակայն շատ համեստ կեանքով կ’ապրէր, կ’առաջարկէ երգչուհիին ցոյց տալ Փրահան:Անսպասելի տեղացած անձրեւէն թրջուած զոյգը կը մտնէ գիշերային ակումբ մը, ուր Լէոնիտին ճանչնալով, անոնց կը նստեցնեն կեդրոնը:

«Նայեցայ շուրջս,-կը պատմէ Բելլան,-երեկոյեան շքեղ զգեստներով կանայք եւ տղամարդիկ էին: Մենք՝ ոտքէն-գլուխ թաց: …Երկուքս ալ խղճուկ տեսք ունէինք: Ես զայրացած էի: Հիմա կը հասկնամ որ կեանքին մէջ ամէն ինչ յարաբերական է, միայն գեղեցիկ պահերը կը մնան յիշողութեան մէջ: Ծրագիրին վերջը հաղորդավարը չեխերէն բան մը խօսեցաւ եւ բարձրաձայն ըսաւ` Լէոնիտ Ենկիպարով: Բոլորը յոտնկայս ծափահարեցին, ապա նուագախումբը միայն անոր համար նուագեց «Սեւ Աչերը», եւ Լէոնեան զիս պարի հրաւիրեց: Բեմին վրայ կ»ուզէի ամօթէն մեռնիլ, իսկ Լէոնեան ժպտալով ըսաւ. «Ես երջանիկ եմ»: Ես զայրոյթէս անոր չէի նայէր, կը նայէի մեր թրջուած ոտքերուն եւ յանկարծ աչքս ինկաւ անոր պատռած կօշիկին: Ականջին շշնջացի. «Կօշիկդ պատռած է»: «Գիտեմ»,-ըսաւ: Որոշեցի` վաղն եւեթ անոր համար կօշիկ գնել: Բայց ինչպէ՞ս գիտնալ ոտքին թիւը, որ չկռահի մտադրութիւնս: …ԸսիԱյդ ի՞նչ փոքրիկ ոտքեր ունիս, Լէոնեայ, թիւ 37-ը կ’ըլլա՞յ»: «Ի՛նչ է, զիս կնոջ տե՞ղ դրած ես,- զայրացաւ ան,- ոտքս 41 թիւ է: …Երեւի կօշիկներս շատ մաշած են, այդ տպաւորութիւնը կը ձգեն»:

Յաջորդ առտու զոյգ մը կօշիկ գնեցի, ինք սենեակը չէր, մահճակալին վրայ դրի ու դուրս եկայ: Քիչ անց դուռս թակեցին, Լէոնեան էր` նոր կօշիկներով, արցունքն աչքերուն: «Կեանքիս մէջ առաջին անգամ նուէր կը ստանամ»,-յուզուած ըսաւ ան: (Յաջորդ օրը Բելլան կը մեկնի Փրահայէն): Ենկիպարեանի հիւրախաղերու աւարտին նոյն ակումբին մէջ երեկոյ կազմակերպած են: Ան պատուիրած է «Սեւ Աչերը» եւ տեղէն ելլելով, հանած է կօշիկը, սեղմած կուրծքին,լուռ, արտասուաթոր աչքերով ոտքի մնացած է մինչեւ երաժշտութեան աւարտը (Այս մասին Բելլային կը պատմէ անոնց ընդհանուր ընկերներէն մէկը): Հիմա կը հասկնամ որ այն անձրեւոտ օրը, Փրահային մէջ իսկապէս երջանիկ էինք»:

Ահա, թէ մնջախաղի մեծ վարպետը ինչպէս արտայայտած է Բելլայի նկատմամբ իր խորունկ սէրն ու կարօտը։

Սէրը փոխադարձ էր. Ենկիպարեանը ամուսնութեան առաջարկ կ’ընէ, սակայն անյայտ պատճառներով այդ սէրն ամուսնութեամբ չ’աւարտիր:

«Երբ Լէոնիտը մայրիկիս ամուսնութեան առաջարկութիւն ըրած է, ան այդ մասին ըսած է իր Զապէլ մօրաքրոջը։ Վերջինս …ըսած է` մեզի միայն ծաղրածուն կը պակսէր»,-կը պատմէ Թերեզան։-Կատակով ըսուած այդ արտայայտութիւնը, կարծես, կանխորոշած է անոնց յետագայ ճակատագիրը…»:

Լէոնիտ կը նուաճէ Բելլայի սիրտը թէ՛ իր տաղանդով, թէ՛ բարի սիրտով։ Նոյնիսկ Մոսկուա-Երեւան հեռաւորութիւնը արգելք չի հանդիսանար անոնց սիրոյն. Ենկիպարեան պարբերաբար ժամանակ կը գտնէր եւ կ’այցելէր իր սիրելիին։ Սակայն, սկսած գեղեցիկ սիրավէպն աւելի ուշ կը վերածուի մեծ եւ իրական ընկերութեան։

«Չեմ կրնար ըսել, թէ ինչու չամուսնացան, բայց հրաշալի կը յիշեմ որ յետագային շատ լաւ ընկերներ էին, կինտղամարդ յարաբերութիւններն այլեւս չկային անոնց մէջ, ու շատ հարազատական զգացումներ կային:Վերջին անգամ ան եկաւ մօրս մօտ՝ իր մահէն առաջ, այցելեց անոր նոր տունը, ուր նոյնիսկ կահոյք չկար: Ենկիպարեան խոստացաւ կահոյք գնել Բելլայի տան համար»։

Սակայն Լէոնիտ չի հասնիր իրագործել իր խոստումը… Անոնց ընկերութիւնը կ’ընդհատէ դերասանին վաղաժամ մահը: Բելլան ծանր կը տանի Լէոնիտին կորուստը, եւ մինչեւ կեանքին վերջ կ’ապրի իր սիրելի դերասանին եւ հրաշալի ընկերոջը վաղաժամ մահուան ցաւը սիրտին մէջ կրելով, միաժամանակ միշտ ջերմութեամբ ու թախիծով յիշելով անոր:

Քանի մը խօսք Երեւանի մասին 

Անգամ մը, երբ աշունը իջնելով լեռներէն քաղաքի փողոցները շագանակաոսկեգոյն դարձուց, քաղաք եկաւ ծաղրածուն: Չեմ գիտեր, գուցէ ան սիրեց երկարոտն ու թուխ աղջկան, կամ գուցէ ատիկա հեքիաթ է:

Բայց ճիշդ է որ ան աչքերու մէջ աշնանային անձրեւները լի հեռացաւ: (Լ. Ենկիպարեան)

 

Երրորդ սէր-չեխ նկարչուհի եւ լրագրող Եարմիլա Կալամգովա: Անոնք հանդիպեցան Փրահայի մէջ: «Չար լեզուները» կ’ըսէին, թէ Եարմիլան հակախորհրդային կազմակերպութեան անդամ էր, որուն պատճառով սիրահարներն այդպէս ալ չկրցան օրինականացնել իրենց յարաբերութիւնները:

  

 

 

 Դիմախաղային ուրուագիծ՝ «Որսացի Երջանկութիւնը», 1971թ. (3-րդ պատկեր)

 

Եարմիլան, որ անչափ խորը եւ անկեղծ կը սիրէր Լէոնիտին, իր ողջ կեանքը կապել կ’ուզէր անոր հետ: Այդ սէրն օրինական կապով չմիացաւ, սակայն ամրագրուեցաւ 1965-ին դստեր՝ Պարպարայի ծնունդով: Բայց Լէոնիտ, որ չնայած մեծ ցանկութիւն ունէր լաւ ընտանիք ստեղծել եւ մնալ կնոջ ու սիրելի դստեր հետ, ստիպուած էր վերադառնալ Մոսկուա՝ իր արուեստն ու կրկէսային գործունէութիւնը շարունակելու: Ուստի, աղջիկը կը մեծնար հօրմէ հեռու:

Կ’ըսուի, թէ իր կեանքի վերջին 20 օրերուն Լէոնիտ կը կանխազգար եւ յաճախ մօտիկ մարդոց կ’ըսէր որ ինք պիտի հեռանայ կեանքէն 37 տարեկանին, ճիշդ իր կուռքերու՝ Վան Կոկի եւ Ա. Պուշկինի պէս: Երբ Լէոնիտ վախճանեցաւ, բնութիւնը տեղատարափ անձրեւով հրաժեշտ կու տար անձրեւի մեծ սիրահարին եւ կ’ողբար անոր կորուստը: Բազմաթիւ ներկաներու մէջ յուղարկաւորներու ուշադրութիւնը կը գրաւէր սեւազգեստ կին մը՝ իր դստեր հետ. Եարմիլա Կալամգովան էր՝ Պարպարային հետ: Ճիշդ տարի մը վերջ Փրահայէն անծանօթ մէկը կը զանգէ Լէոնիտի մօրը եւ կը տեղեկացնէ որ Եարմիլան ինքնաշարժի արկածի զոհ եղած է, եւ որ Պարպարայի խնամքը ստանձնած են անոր ծնողները: Իսկ ներկայիս Պարպարայի որդի Փիոթրը, Ենկիպարեանի թոռնիկը, վերջինիս ուղին որդեգրելով՝ ծաղրածու դարձած է: Ան այցելած է Մոսկուա գտնուող մեծ հօրը շիրիմին, եւ մտերիմ կապի մէջ է իր հայ ազգականին՝ Լէոնիտի խորթ մեծ եղբօր՝ ՍՍՀՄ ժող.արթիսթ, նախկինին Երեւանի Դրամատիկական թատրոնի գլխաւոր բեմադրիչ եւ ՀՀ Թատերական Ընկերութեան նախագահ՝ Հրաչեայ Ղափլանեանի դստեր հետ: 

* * *

Ահա այսպիսին էր աշխարհի քաղաքացի՝ լուսաւոր, ջերմ եւ բարի, անսահման անկեղծ ժպտացող եւ թախծոտ՝ սեւ, լայնեզր գլխարկով, գծաւոր շապիկով եւ պարզ սեւ տաբատով երիտասարդ ծաղրածուն, որուն մասին հռչակաւոր անձեր ըսած են.

«Հոյակապ դերասան է: Անոր դիմախաղային գողտրիկ տեսարաններն առանց բառերու զարմանալի պատմուածքներ են մարդու ուրախութեան ու տխրութեան մասին: Ան շարժման մեծ բանաստեղծ է՝ մնջախաղի հանճար: Անոր անունը կը մնայ որպէս լեգենդ»:-Ֆրանսացի հանրահռչակ դերասան, ծաղրածու Մարսէլ Մարսօ՝ առաջին անգամ Լեհաստանին մէջ դիտելով անոր կատարումը: Իսկ երկրորդ անգամ՝ արդէն Երեւանի մէջ, ան դիմած է հրաշք մնջկատակին.«Մինչեւ այսօր կ’ըսուէր թէ ներկայիս թիւ մէկ մնջկատակը ես եմ. իսկ այսօր ես կ’ըսեմ՝ առաջինը դուն ես՝ Լէոնիտ Ենկիպարեան, ես՝ երկրորդն եմ»: (Նշենք որ Մարտ 22-ին Մարսոյի ծննդեան 97-ամեակն էր):

«Ան գիսաստղ մըն էր, որ անցաւ Երկրի կողքէն ու լուսաւորեց իր ճանապարհը»:-Ռուս նշանաւոր դերասան Ռոլան Պիգով:

«Ուրեմն դո՞ւն ես ադ նոր աստղը: Լսած եմ, գիտեմ, մանչս: Ուրախ եմ, լաւ սկսած ես, ճիշդ կ’երթաս: Հայերէն կը հասկնա՞ս: Կարեւորը՝ ոգիդ հայ է, բաց ու անհատակ: Դուն կրկէսէն ներս թատրոն կը խաղաս»:-Հայ հռչակաւոր դերասան Վահրամ Փափազեան (երբ առաջին անգամ հանդիպած է Լէոնիտին):

Իսկ որ իրապէս Լէոնիտի ոգին, էութիւնը հայ էր, կը հաստատեն նաեւ իր շատ գրութիւններ: Ան, որ Երեւան եկած էր հայերէն քանի մը բառ գիտնալով միայն, լաւ ծանօթ էր հայ դասական գրողներու գործերուն: «Ես կ’ապրիմ Արարատեան հարթավայրին մէջ: Այս հարթավայրը թասի կը նմանի, որու եզրերը լեռներն են: Ես կ’ապրիմ երկրի ափին մէջ: Ես կ’ապրիմ Աբովեանի վէրքերով ծածկուած ափին մէջ»:

Ենկիպարեան հրաժեշտ տալով կեանքին՝ սերունդներուն իբրեւ ժառանգութիւն ձգեց լոյսի ճառագայթներու փունջեր, լաւատեսութիւն, ջերմութիւն եւ սէր:

 

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ


ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ