Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահը Պիտի Ընտրուի Երկրորդ Փուլով. Ընտրեր Եմ Նոր Արցախը. Մասիս Մայիլեան

31 Մարտին կայացած համապետական ընտրութիւններու ԱՀ Նախագահի ընտրութիւններուն ընտրողներու ընդհանուր թիւը կը կազմէ 104,348, իսկ քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը՝ 76,728 կամ 73.5%-ը: Այս մասին այսօր կայացած լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի մը ընթացքին ըսած է ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յաձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան:

Անոր խօսքով՝ անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կազմած է 2625 կամ քուէարկութեան մասնակիցներուն 3.5 %-ին կողմէ ոչ ճիշդ լրացուած քուէաթերթիկները:

Այպիսով՝ Քրիստին Բալայեանին կողմ քուէարկած է 202 ընտրող կամ կողմ քուէարկած քուէաթերթիկներու 0.3 %-ը, Վիտալի Բալասանեան՝ 10,755 կամ 14.7 %-ը, Ամիրեան Սերգէյ՝ 106 ընտրող կամ 0.2 %, Դաւիթ Բաբայեան՝ 587 ընտրող կամ 0.8%, Բելլա Լալայեան՝ 162 ընտրող կամ 0.2%, Արայիկ Յարութիւնեան՝ 36,076 կամ 49.26 %, Հայկ Խանումեան՝ 962 ընտրող կամ 1.3%, Դաւիթ Իշխանեան՝ 1873 ընտրող կամ 2.56 %, Վահան Բադասեան՝ 743 ընտրող կամ 1%, Մասիս Մայիլեան՝ 19,360 կամ 26.4%, Աշոտ Ղուլեան՝ 1683 ընտրող կամ 2.3%, Ռուսլան Իսրայէլեան՝ 368 ընտրող կամ 0.5%, Աշոտ Դադայեան` 198 ընտրող կամ 0.3%, Մելսիկ Պօղոսեան՝ 141 ընտրող կամ 0.2%:

Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ թեկնածուներէն ոչ մէկը յաղթահարած է բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկուած ձայներու 50+1 ձայները, որ կը նշանակէ, թէ պէտք է իրականացուի երկրորդ փուլը:

Համաձայն ընտրական օրէնսդրութեան՝ երկրոր փուլը պիտի իրականացուի Ապրիլ 14-ին: Վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 7-ին:

 

Համապետական ընտրութիւններուն կատարելով իմ քաղաքացիական պարտքը՝ ընտրեր եմ նոր Արցախը՝ աւելի ապահով, անվտանգ, ժողովրդավարական եւ քաղաքակիրթ:

«Արցախփրես»-ի թղթակցի հաղորդմամբ՝ քուէարկութենէն ետք լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է ԱՀ նախագահի թեկնածու Մասիս Մայիլեանը:

Անոր խօսքով՝ մարդիկ կ’ուզեն իրական փոփոխութիւններ եւ որ իրաւական դաշտի մէջ բոլորը ըլլան հաւասար:

«Իմ առիթները շատ բարձր կը գնահատեմ, եւ ընտրուելէ ետք մենք պիտի իրականացնենք արմատական բարեփոխումներու ծրագիր: Որպէս նախագահ՝ պիտի փորձեմ միաւորել հասարակութիւնը, քանի որ ընտրութիւններէն առաջ միշտ ալ կ’ըլլայ պառակտում: Եթէ երկրորդ փուլ ըլլայ, անկասկած, ես եւս կ’ըլլամ այնտեղ»,- աւելացուցած էր Մ. Մայիլեանը:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ