Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Քորոնավայրըս-COVID19-Համաճարակը

Անցեալ տարի Չինաստանէն ծայր առած, եւ այս տարուան սկիզբը յայտարարուած Coronavirusի համաճարակը կեանքեր կը հնձէ աշխարհի ամբողջ տարածքին: Պսակաձեւ այս ժահրով վարակուած են Ճափոնը, հարաւային Քորէան, Թայուանը, Թայլէնտը, Վիեթնամը, Արաբական Էմիրութիւնները, Լիբանանը, Իտալիան, Ֆրանսան, Սպանիա, Գերմանիան, Քենիան, Միացեալ Նահանգները,  Հարաւային Ամերիկայի երկիրները, Քանատան, եւայլն: Տակաւին յայտարարուած չեն շատ մը երկիրներու մէջ վարակուածներու ճշգրիտ թիւերը: Վարակուածներու ու մահացածներու թիւը տալը, այս հանգրուանին, իմաստէ զուրկ է, կամ խնդրական, որովհետեւ օրըստօրէն պիտի աւելնան անոնք, մինչեւ ազդեցիկ պատուաստի մը գտնուիլը, եւ առնուելիք առողջապահական միջոցառումները սկսին արգելակել վարակումները:

Միացեալ Նահանգներու պարագային, Դաշնակցային Կառավարութիւնը, եւ յատկապէս Կառավարիչներն ու քաղաքապետներն են, որ արտակարգ վիճակ յայտարարած են: Հիւանդանոցներու եւ այլազան կազմակերպութեանց միջոցները հետզհետէ կը զարգանան: Անակնկալի եկած ժողովրդային հակազդեցութիւնը Խուճապային մթնոլորտ ստեղծած է: պատկան իշխանութիւնները մինչեւ Մարտ վերջ, եւ հաւանականօրէն անկէ անդին ալ, փակել պիտի տան բոլոր տեսակի հաւաքատեղիները, սկսելով համալսարաններէն ու դպրոցներէն: Մարզական, Մշակութային եւ ընկերային բոլոր հաւաքոյթները զնջուած են: 10 հոգիէն աւելի բոլոր համախմբումները, ներառեալ թաղումները, թուլատրելի չեն: Օրուան լոզունգն է իրարմէ հեռու կենալ (social distancing): Իսկ առաջնային պատուէրն է՝ օճառել ձեռքերը:

            Առատութեան այս երկրին մէջ, առողջապահական ընդարձակ ցանցով, ու բազմաթիւ այլ կարելիութիւններով, շուարումի շրջանէ մը ետք, կարելի պիտի ըլլայ առաջքը առնել համատարած աղէտին, մանաւանդ մանրէին ախտաճանաչումով, համապատասխան պատուաստի մը պատրաստութեամբ: Ընդհանուր վարակումը իր զենիթին հասնելէ ետք, պիտի ունենայ նաեւ իր նահանջը, ու զայն չէզոքացնելու աստիճանական միջոցառումները պիտի գործադրուին:

            Հեռատեսիլ ու մամուլի լուրերուն եթէ հետեւինք, ամենէն շատ խմբային եւ առանձին նոր վարակումներ յայտնաբերուած են յատկապէս Ուաշինկթընի, Նիւ Եորքի ու Լոս Անճելըսի մէջ: Մարտի կէսերուն Ամերիկայի մէջ վարակուած էին 4500 անձեր, որոնցմէ 100էն աւելին մահացած էին:

            Ստորեւ, ներկայացնենք քանի մը առտնին տեսարաններ: Հեռատեսիլի վրայ կը դիտենք, առաւօտեան վաղ ժամերէն սկսեալ, մարդկային շարասիւները Costco-ի, Ralph Vons, Smart & Final, Yans-ի եւ այլ վաճառատանց առջեւ: Յաճախորդներուն մէկ մասը բեռնաւորուած է թուղթի այլազան տեսակի փաթէթներով եւ ըմպելի ջուրի շիշերով: Յուսախաբ մնացած են անոնք, որոնք ժամեր սպասելէ ետք, ձեռնունայն վերադարձած են, զրկուելով վերոյիշեալ պիտանի առարկաներէն, ընդեղէնէն կամ ուտելիքներէն: Ինչո՞ւ այս կացութիւնը: Որովհետեւ, տակաւին ծագումը անծանօթ այս փոխանցիկ ժահրը արագօրէն կը տարածուի, անակնկալի բերելով ժողովրդային զանգուածները:

Ամերիկահայ ճարտարագէտ Նուպար Աֆէյեանի Moderna Therapeutics Biotech ընկերութիւնը, հաստատուած Քէմպրիճ Մեսեչուսեցի մէջ, արդիւնաբերած է COVID-19ի դէմ պատուաստ մը, նմոյշ սրուակ մը 2020 Յունուարին ուղարկելով National Institute of Allergy & Inspections Diseases (NiAiD): Զուգահեռաբար, յառաջատար երկիրներու դեղագործական հաստատութիւններու տարրալուծարանները, որոնց շարքին Ամերիկեանները, լծուած են տենդագին փորձարկութիւններու, cornonavirusի դէմ բուժիչ պատուաստի մը, կամ օգնական դեղահատներ պատրաստելու համար:

            Չինաստանի մէջ, ներկայիս, կը հաղորդուի թէ պետութեան առողջապահական արտակարգ միջոցառումները, կարծէք հակակշիռի ենթարկած են վարակումները, կրճատելով մահացողներու թիւը:

            Մարտ 19ի երեկոյեան, Քալիֆորնիա նահանգի (40 միլիոն բնակիչ) կառավարիչ Գեվին Նիւսըմ, ամսուան մը համար, արտակարգ «վիճակ» յայտարարեց, համազօր միջոցառումներու որդեգրումով: Մինչեւ Ապրիլի վերջ, փակուած պիտի մնային բոլոր հաստատութիւնները, բացի դեղարաններէ, ինքնաշարժի վառելանիւթի կայաններէ, ուտեստեղէնի վաճառատուներէ, հիւանդանոցներէ, եւայլն: Նպատակն է արգիլել 10 հոգիէ աւելի համախմբումները, նուազագոյնի իջեցնելու համար վարակումները, որոնք օրըստօրէ կը բարձրանան, մահերու թիւը զգալիօրէն աւելցնելով: Մինչ այդ, պատրաստուելու վրայ են նոր կեդրոններ, ընդունելու համար վարակուողներու բարձրացող թիւը: Բնականաբար, մէկ անգամէն, մեծ համեմատութիւններով պիտի աւելնայ թիւը անգործներու, որոնց համար պիլիըն տոլարէ աւելի յատկացում  կատարելու  պարտաւորութեան տակ պիտի գտնուի Դաշնակցային կառավարութիւնը: Իսկ երկրին ընդհանուր տնտեսութիւնը աշխոյժ պահելու համար, մէկ թրիլյըն տոլարի ներդրում պէտք է կատարուի: Միաժամանակ, յատկացումներ կատարելու յանձնառութեան տակ պիտի գտնուին նաեւ գործատէրերու այլազան ընկերութիւններ պարտադիր փակումի հետեւանքով: Սակարանի թաւագլոր անկումը – շուրջ 12 առ հարիւր – աւելի պիտի ծանրացնէ երկրին տնտեսական տագնապը:

            Բոլոր երկիրներու ընդհանուր տնտեսութիւնը ծանր, աննախընթաց ցնցումի պիտի ենթարկուի, եթէ երկարի քորոնավայրըսի համաճարակը:

 

 

 

 

 

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ