Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Նամակ Ամերիկայէն. Յամեցող Արշալոյս

Գարնանամուտի այս հաճելի եւ պայծառ օրերու սեմին, երբ մարդիկ ծաղիկներ կը ցանեն իրենց տան շուրջ, ընտանիքներ կը պատրաստուին ապրիլեան իրենց արձակուրդին, ծնողք իրենց փոքր զաւակներուն համար զգեստներ կ’ապահովեն Զատկուան եկեղեցական արարողութիւններուն մասնակցելու եւ գունագեղ հաւկիթները կը սպասեն իրենց անբարունակ ճակատագիրին, վիթխարի վիշապ մը մէկ հարուածով զգետնեց ամէն բարի ծրագիր:

            Հետեւաբար, ողջ աշխարհը փոխանակ ցնծութեամբ դիմաւորելու ապրիլեան գարունը, այս պահուն հարկադրուած է դիմակալելու հրէշանման այս աղէտը՝ քորոնա ժահրը: Անկասկած գարնան արշալոյսը պիտի բացուի, սակայն ե՞րբ եւ ի գին ինչի՞: Սակայն յոյսի ծիածանին երեւումը տակաւ կը յապաղի հեռաւոր հորիզոնին վրայ:

            Երբ քորոնա ժահրը հրաբուխի կատաղութեամբ իր թունալից լաւան սփռեց Չինաստանի մէջ անցեալ Դեկտեմբերին, բովանդակ աշխարհը հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ անոր զարգացումներուն:

            Հակառակ Չինաստանի բազմաթիւ ազդարարութիւններուն, արտաքին աշխարհը չզգաստացաւ: Սակայն մահասփիւռ լաւան հրաձիգ իր գլուխը ցցեց նախ Իտալիոյ, ապա Սպանիոյ մէջ, ուր թանկագին ժամանակ վատնուած էր նախապատրաստական միջոցառումներ որդեգրելու: Եւրոպայի մէջ ցարդ աւելի քան 30 հազար մարդիկ կորսնցուցին իրենց կեանքը:

            Դժբախտաբար, ինչպէս Եւրոպան անգիտացաւ Չինաստանի կողմէ յղուած ազդարարութիւնները, Միացեալ նահանգներն ալ պէտք եղած ուշադրութեամբ չսերտեցին Եւրոպայի մէջ բռնկած այս համաճարակը եւ զօրաշարժի չենթարկեցին հանրային կառոյցները եւ պետական վարչամեքենան:

            Նոր Աշխարհի ամենէն ճանաչելի բնակչութեան կեդրոնը՝ Նիւ Եորք, կրեց առաջին շռնդալից մահացու հարուածը:

            Միայն քանի մը օրուայ ընթացքին ամայացած պողոտաներն ու վաճառատուները կենդանի վկան հանդիսացան բնակչութեան սարսափին եւ տուայտանքին: Անորոշութիւնն ու անստոյգ ապագայի մը հեռանկարները ակնթարթի մը մէջ ընկճեցին Նիւ Եորքցիին աննկուն կամքն ու կորովը:

            Դարանակալ այս ոսոխը անտեսանելի է, անգտանելի եւ կը հարուածէ առաջին հերթին տկարը, թէ ֆիզիքական եւ նոյնպէս տնտեսական առումով: Երկար խարխափումէ ետք, երբ Սպիտակ Տունը վերջապէս ընդունեց քորոնա ժահրին լայնածաւալ սպառնալիքը ամերիկացի ժողովուրդին, արդէն երեք միլիոն աշխատաւորներ գործազուրկ դարձած էին: Հետեւաբար այս թիւը յարածուն աճ պիտի արձանագրէ յաջորդող շաբաթներուն:

            Սահման եւ սահմանում չի ճանչնար մահասփիւռ այս համաճարակը: Յատկապէս Նիւ Եորքի եւ ընդհանրապէս Ամերիկայի տարբեր շրջաններուն մէջ, բնակչութիւնը անճրկած է: Ինչպէ՞ս կարելի է պահել եւ պահպանել մարտունակութեան ոգին՝ երբ պետական պատասխանատու անձնաւորութիւններ յարատեւօրէն կը կրկնեն թէ ամենավատ օրերը հասած չեն տակաւին եւ իբրեւ միակ ելք, բնակչութենէն կը պահանջեն իրենք զիրենք պատսպարել իրենց բնակարաններէն ներս: Ո’չ ոք վստահելի նախատեսութիւն մը կը համարձակի ընել թէ ե՞րբ  եւ ինչպէ՞ս այս պատուհասը իր լրումին պիտի հասնի:

            Քանի մը օր առաջ Միացեալ Նահանգներու Ծովուժին պատկանող հսկայ հիւանդանոց շոգենաւ մը խարսխեց Նիւ Եորքի նաւահանգիստին թիւ 9 ծոցին մէջ: Ճերմակ՝ կարմիր խաչերով զարդարուած այս նախկին քարիւղատար super tankerը իբրեւ շարժուն հիւանդանոց, կրնայ աւելի քան հազար հիւանդներ խնամել: Կան 1300 բժշկական անձնակազմ, 12 գերարդիական սարքաւորումներով օժտուած բարդ վիրաբուժական գործողութիւններու սենեակներ եւ մեծամթերք դեղարաններ: Այս շքեղ եւ վիթխարի հսկային ողջունելի մուտքը Նիւ Եորքի նաւահանգիստը, ոգեւորութիւն ստեղծեց Նիւ Եորքցիներու շարքերէն ներս, որոնցմէ հարիւրաւորներ, քաղաքապետին գլխաւորութեամբ, բարի գալուստ մաղթելու համար նաւահանգիստ փութացած էին: Անցեալ շաբաթ, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը իրազեկ դարձաւ Նիւ Եորքի հիւանդանոցներէն ներս տիրող անհրաժեշտ բժշկական առարկաներու սուր տագնապին, քառորդ միլիոն դիմակներ տրամադրութեանը տակ դրաւ հիւրընկալ քաղաքի իշխանութիւններու:

            Այս պահուն Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր բնակչութեան երեք չորրորդը մեկուսացած է իրենց տուներէն ներս, անձկագին սպասելով ներկայ տագնապին վերջնական փուլին: Ինչպէս Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ եւ  նախագահական ձախող թեկնածու Մայքըլ Պլումպըրկ յայտարարեց «Անկարելի կը գտնեմ կռահել, թէ այս տագնապը ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ պիտի յանգի իր վախճանին: Յստակ կերպով կրնամ սակայն հաստատել երբ այս կացութենէն դուրս գանք ոչինչ պիտի գտնենք նախկինին նման»:

            Լոմպարտիէն Լիզպոն, Պէյրութէն Նիւ Եորք եւ այլուր, ճնշուած քաղաքացիներ երբեք աննկատ չեն բժիշկներու, բուժքոյրերու եւ անոնց գործակիցներուն անձնազոհ եւ նուիրական գործին՝ բուժելու եւ խնամելու համաճարակին հիւանդները: Պատշգամներէն եւ հիւանդանոցներու առջեւ գիտակից քաղաքացիներ ծափահարութիւններով, երգերով եւ լոյսի խաղերով իրենց խոր երախտագիտութիւնը կը յայտնեն այս լուռ հերոս-հերոսուհիներուն:

            Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն երբ Չըրչիլեան ոճով կոչ ըրաւ իր քաղաքացիներուն, կամաւորագրուելու այս համաճարակին դէմ մղուող մարտին, անհաւատալիօրէն 750 հազար անձեր իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին: Եւ այս, հակառակ այն իրողութեան որ Մեծն Բրիտանիոյ Առողջապահութեան նախարարութեան բարձրագոյն պաշտօնատարը յայտարարեց թէ իր երկիրը կրնայ իր բնականոն կեանքը վերագտնել նուազագոյնը վեց ամիսէն, եթէ անակնկալ բարդութիւններ չյայտնաբերուին:

            Քորոնա ժահրը երբ սկսաւ իր ճիրանները ցայտուն կերպով բացայայտել Միացեալ նահանգներու մէջ, նախագահ Թրամփ ինքզինք յայտարարեց «Պատերազմական նախագահ»:

            Ամերիկայի ժամանակակից պատմութեան մէջ նախագահական նման յորջորջում մը եզակի երեւոյթ մը չէ երբեք:

            Ուրեմն «պատերազմ» բառը զրկուած է իր իսկական նշանակութենէն: Այսպէս, սկսելով 1964-էն նախագահ Լինքըն Ճոնսըն «պատերազմ թշուառութեան դէմ» յայտարարեց, տնտեսական հաւասարութիւն բերելու մտադրութեամբ Ամերիկայի վարի խաւին: 1971-ին նախագահ Ռիչըրտ Նիքսըն թմրեցուցիչի գործածութիւնը «թիւ մէկ թշնամի» հռչակեց եւ «պատերազմ» թմրեցուցիչներու դէմ» յայտարարութիւն ըրաւ: 2001 թուականին նախագահ Ճորճ Պուշ կրտսեր «Պատերազմ» Ահաբեկչութեան դէմ» կարգախօսը ծամոցի նման կրկնեց: Հոս կ՛արժէ յիշեցնել, թէ նախագահ Թրամփ իշխանութեան հասաւ ամերիկայի ժողովուրդին խոստանալով վերջ տալ բոլոր պատերազմներուն, տուն բերելով զինուորները օտար երկիրներէ:

            Այսօր աշխարհը կլանող այս աղէտը կ’ապացուցանէ մարդկային ներկայ քաղաքակրթութեան որքան խոցելի ըլլալու: Գերարդիական զէնքերով օժտուած Միացեալ նահանգները անզօր՝ կքած է մահացու այս մարտահրաւէրին ընդառաջ: Մեր մոլորակին սպառնացող այս պատուհասը յաջող կերպով կարելի է դիմակալել երկիրներու միջեւ ստեղծելով համագործակցութիւն եւ գիտական հետազօտութիւններու ներդաշնակութիւն այս համաճարակին պատուաստը գտնելու համար: Յուսադրիչ երեւոյթ մըն էր արդարեւ երբ Երկուշաբթի, Մարտ 30ին, Սպիտակ Տան պաշտօնական բանբերը յայտնեց թէ նախագահ Թրամփ հեռաձայնային խօսակցութիւն մը ունեցած է իր Ռուս պաշտօնակից Փութինի հետ: Անոնք կարծիքներու փոխանակումներ ունեցած են իրենց երկիրներուն մէջ տիրող Քորոնա Ժահրի պայմաններուն եւ այս տագնապի աւարտին միջազգային տնտեսութիւնը վերաշխուժացնելու միջոցառումներուն շուրջ:

 ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ