Շաբաթ, Դեկտեմբեր 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Աւագ Շաբաթ

Արդարեւ, Աւագ Շաբաթը քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ արձանագրուած է որպէս գագաթնակէտը Քրիստոսի կեանքին մէջ։ Ծաղկազարդէն մինչեւ Զատիկ երկարող ժամանակահատուածը հանգրուան առ հանգրուան պէտք է քայլել Քրիստոսի հետ։ Պէտք է դառնալ մէկ Քրիստոսի հետ եւ Իր աչքերով նայել մարդկանց, ովքեր Ովսաննա-ներ աղաղակումով դիմաւորեցին Վարդապետին մուտքը Երուսաղէմ ս. քաղաքը։ Երբ մանուկ էինք, հիացմունքով ու խոր հաւատքով կ’ունկնդրէինք Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ։ Ինչքա՜ն հոգիին ուրախ ենք, որ առ այսօր մանուկի մը հոգիով կ’ապրինք այդ պատկերը։

Յիսուսի մուտքը Երուսաղէմ ս. քաղաք յաղթական էր։ Այս պատկերին մէջ մենք կը լսենք Վարդապետին խօսքը. «Ես յաղթեցի աշխարհին»։ Երուսաղէմ ս. քաղաքը միայն աշխարհագրական որոշակի տարածք մը ըլլալէ դադրած է Քրիստոսի աշխարհ գալով։ Երուսաղէմ ս. քաղաքը կը տարածուի ողջ աշխարհին մարդկանց վրայ։ Ծաղկազարդ է, երբ Քրիստոս մուտք կը գործէ մեր հոգիներէն ներս ու կը լուսազարդէ մեր էութիւնը։ Բայց քանի որ մարդ ենք ու տկար մեր էութեամբ, շատ յաճախ կը մոռնանք Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ, երբ մեր խօսքն ու գործը չի համապատասխանէր մեր քրիստոնէական կոչումին։

Աւագ Շաբթուան յաջորդող օրերուն մեզ կը տրուին աւետարանական այնպիսի պատումներ, ուր Քրիստոսի տիրական ներկայութիւնը պարտ ենք ապրիլ։

Այս օրերուն Քրիստոս կը պատմէ մեզ տասը կուսանաց առակը։ Եւ ո՞րն է պատգամը այս առակին։ Մեր կեանքը ճրագ է, որուն մէջ դրուելիք ձէթը հաւատքն է։ Եւ փեսային դիմաւորելու համար պարտք ենք մեր կեանքը, որպէս ճրագ, լեցնելու հաւատքով։ Ահաւասիկ նոյն ոգով ալ քրիստոնեան ինքզինք պիտի պատրաստէ՝ հաւատքով կարենալ դիմաւորելու համար Քրիստոսի Յարութիւնը, քանզի Յարութեան խորհուրդը մեծ է եւ այն կարելի է ապրիլ միայն աղօթքի պատրաստութեամբ, մեր մէջ առատացնելով հաւատքը։

Աւագ Շաբաթուայ առաջին օրերուն Վարդապետը մուտք կը գործէ Տաճարէն ներս ու կը խարազանէ դպիրներն ու փարիսեցիք, ովքեր Աստուծոյ տունը վերածած էին վաճառատան։ Այդ տաճարը մենք ենք այսօր։ Քրիստոս կ’այցելէ մեզ եւ կը խարազանէ մեզ, քանզի չենք կրցած Աստուծոյ տաճարը՝ մեր մարմինները պահել սուրբ։ Չմոռնանք Առաքեալին խօսքը, թէ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին համաձայն եւ տաճար ենք Աստուծոյ բնակութեան համար։

Ի՜նչ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ այս պատկերը իր մէջ։ Փաստօրէն երբ կը կարդանք այս պատկերը, այն ժամանակ կը զգանք, որ կոչում է տրուած մեզ Աստուծոյ կողմէ մեր մէջ կրելու իր ներկայութիւնը, եւ այն ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ առանձնաշնորհում։

Աւագ Շաբաթը մեր հոգեւոր կեանքի լուսաւորութեան շրջանն է։ Շարունակենք հետեւիլ Քրիստոսի ճանապարհորդութեան։ Այս շաբթուայ ընթացքին կը կատարենք Ս. Պատարագին խորհուրդը՝ վերջին ընթրիքով։ Ահա այստեղ Քրիստոս Աստուածորդին կը խօսի Իր անձին պատարագումի մասին եւ կը հրաւիրէ մեզ այն դարձնելու ուղեցոյցը մեր կեանքին։

Ոտնլուայի արարողութիւնը մեզ կ’առաջնորդէ խաւարման երեկոյի արարողութեանց, որուն ամբողջ ընթացքը իր աղօթքներով, շարականներով ու սաղմոսներով մեզ կը տանէ դէպի Գողգոթայի բարձունքը, որտեղ եւ Քրիստոս պիտի ունենար Իր պատարագումի բարձրակէտը։

Ամէն անգամ, երբ անձնապէս կամ մեր հոգեւոր եղբայրները մեզի կը ներկայանան իրենց առջեւ ծառացած դժուարութիւններու պատճառով, մենք միշտ աչքի առաջ կ’ունենանք Քրիստոսի չարչարանքները մինչեւ Գողգոթայի բարձունքը։ Թէ ինչքանո՞վ կարող ենք դոյզն իսկ չափով մեր վրայ կրել տառապանաց նոյն չափը։ Խաւարման երեկոյի արարողութեանց ամբողջ պատկերին մէջ մենք մէկ կողմէն կը տեսնենք աստուածային սիրոյ անսահմանելիութիւնը աշխարհի մարդկանց համար, եւ միւս կողմէ նոյն պատկերին մէջ կը տեսնենք մարդն ու մարդկութիւնը՝ իր տկար էութեամբ։

Մեր հրաւէրն է հաւատացելոց, որ քայլենք Քրիստոսի հետ խաչի ճանապարհէն ու չարչարակից ըլլանք Քրիստոսի, որպէսզի հաղորդ դառնանք նաեւ Յարութեան խորհուրդին, որուն մէջ է ամփոփուած նոր կեանքին հրաւէրը։

Սիրելի բարեպաշտ հաւատացեալ, գուցէ շատերու համար անհասկանալի թուայ, թէ եկեղեցին ինչպէ՞ս կը փառաբանէ Քրիստոսի թաղումը՝ երկրպագութեամբ։ Որովհետեւ մեր հայրերը խորապէս ըմբռնեցին, որ Տիրոջ գերեզմանը լոյսին աղբիւրը պիտի դառնար եւ յաւիտենական կեանքին դուռը։

Այս տարի Աւագ Շաբաթը իր բոլոր հանգրուաններով եւ մինչեւ Զատիկ, Ս. Յարութեան Տօնը, բոլորիս համար պիտի ըլլայ իւրովի բոլոր առումներով։ Իրօք, մարդուն եւ մարդկութեան համար քառասնօրեայ ճանապարհորդութիւն մը՝ իջնելու համար իր հոգիին մինչեւ  խորքը եւ քննելու իր կեանքի ընթացքը։ Եւ այն, ինչ աշխարհիկ բառարանին մէջ է արձանագրուած, թէ հիւանդութեամբ կասկածեալներ պէտք է ունենան quarantine, այդ բառը իր սահմանումով ալ ունի հոգեւոր նշանակութիւն։

Մենք արդէն Մեծ Պահքի քառասնօրեայ ճանապարհորդութեան մէջ ենք եւ quarantine կ’ընդունինք, որ ծագում է առած լատիներէնի quarante բայէն, կրկնակիօրէն մեզ կը հրաւիրէ վերաքննելու մեր կեանքի ընթացքը, թէ ինչքանով պատասխանատու ենք Աստուծոյ կողմէ մեզի վստահուած կեանքին ու բնութեան նկատմամբ։ Վերջապէս, հասարակական կեանքին մէջ առկայ վիճակներու պատասխանատուութիւնը մեր վրայ է։ Աստուած աշխարհը մարդուն տուաւ դրախտային վիճակի մէջ։ Արդ,  մեր հոգեւոր պարտքը պիտի ըլլայ այն պահպանել անաղարտ։

Սիրելի հաւատաւոր քրիստոնեայ, այս տարի Աւագ Շաբաթը եւ առաւելաբար Ս. Զատիկը պիտի դիմաւորենք այլ տրամադրութեամբ։ Ինչքա՜ն անհամբեր կը սպասենք Ս. Զատկի տօնակատարութեանց։ Թող որ սակայն այս անգամ Զատիկը կանխող այս ժամանակահատուածը եւ ի մասնաւորի Ս. Զատիկը դիմաւորելու համար ունենանք ապաշխարութեան շրջան մը։ Բոլորիս ուխտը պիտի ըլլայ կեանքն ապրիլ առաւել պատասխանատուութեամբ, Քրիստոնէական կոչման բարձր գիտակցութեամբ եւ այն ժամանակ պիտի ունենանք առաւել իմաստաւորուած Զատկական տօնակատարութիւն։

Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան 

Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի 

Արեւմտեան Թեմի 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ