Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

«Եթէ Այս Ընթացքը Շարունակուի, Այդ Կը Նշանակէ Ծանր Փուլը Անցած Ենք» Փաշինեան Կարեւոր Դիտարկում Կատարեց «Քորոնա» Վարակի Դրութեան Մասին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու հաստատուած դէպքերու վիճակագրութեան։ 

 Վարչապետը «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին կատարած գրառմամբ նշած է, որ կը պահպանուի զգուշաւոր լաւատեսութիւնը․

«Այսօր ունինք «Քորոնա» ժահրի 28 նոր դէպք՝ 311 քննութենէն: Առողջացմամբ դուրս գրուած է 27 քաղաքացի: Բուժուածներու ընդհանուր թիւը 114 է, հիւանդանոց գտնուողներունը՝ 758: Հիւանդներու մօտ 90 տոկոսը նոյնիսկ ջերմութիւն չունի:

Ընդհանուր առմամբ զգուշաւոր լաւատեսութիւնը կը պահպանենք: Եթէ այս վիճակագրութիւնը շարունակուի, կը նշանակէ՝ «Քորոնա» ժահրի ծանր շրջանը յաղթահարած ենք եւ գագաթնակէտը եղած է 31 մարտին», – գրած է ՀՀ վարչապետը:

Նշենք, որ այսօրուայ դրութեամբ Հայաստանի մէջ գրանցուած է 881 վարակակիր եւ 9 մահ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ