Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլը Պիտի Կայացուի 14 Ապրիլին

Նախօրէին կայացած է Արցախի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի հերթական նիստը` յանձնախումբի նախագահ Սրբուհի Արզումանեանի նախագահութեամբ: 

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփեց 31 մարտ 2020-ին կայացած Արցախի նախագահի եւ Ազգային ժողովի հերթական ընտրութիւններուն արդիւնքներն ու անոնց վերաբերեալ որոշում տուաւ առ այն, որ ընտրութիւններու նախապատրաստման եւ քուէարկութեան ընթացքին տեղի չեն ունեցած ընտրական օրէնսգիրքի այնպիսի խախտումներ, որոնք կրնան ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ:

Նիստին որոշուած է 14 ապրիլ 2020-ին կատարել Արցախի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլը, որուն  նախընտրական քարոզչութիւնը պիտի սկսի 9 ապրիլին:

Քննարկուեցան նաեւ Ազգային խումբի ընտրութիւնները: Արցախի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը բաշխեց Ազգային խումբի նորընտիր պատգամաւորներուն աթոռները:

Արցախի Հանրապետութեան ընտրական օրէնսգիրքի 120-րդ յօդուածի առաջին մասի առաջին կէտին համաձայն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը որոշած է 31 մարտ 2020-ի համապետական ընտրութիւններու արդիւնքներուն հիման վրայ Ազգային ժողովը նկատել ընտրուած:

Ազգային խումբի պատգամաւորական աթոռները բաշխուած են հետեւեալ կերպով. Ազատ Հայրենիք-ՔՄԴ կուսակցութիւններու դաշինքի ընտրական ցանկ` տասնվեց աթոռ, Միասնական հայրենիք կուսակցութեան ընտրական ցանկ` ինը աթոռ, Արցախի Արդարութիւն կուսակցութեան ընտրական ցանկ` երեք աթոռ, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն կուսակցութեան ընտրական ցանկ` երեք աթոռ, Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան ընտրական ցանկ` երկու աթոռ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ