Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աւստրալացի Պատգամաւորը Արցախի Վերաբերեալ Twitt-ի Պատճառով Յայտնուած է Ատրպէյճանի «Սեւ Ցուցակ»ին Մէջ

Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուէյլզի խորհրդարանի պատգամաւոր Հիւ Մաքտըրմոթ՝ Արցախի ժողովուրդը նախագահական ընտրութիւններուն առիթով շնորհաւորելէ ետք՝ յայտնուած է Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, «սեւ ցուցակ»ին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը։

«Կը շնորհաւորեմ Արցախի Հայկական Հանրապետութեան բնակիչները, որոնք այս շաբաթ իրականացուցին իրենց նախագահական ընտրութիւնները: Ընտրութիւններուն քուէարկած եւ իր ժողովրդավարական իրաւունքները օգտագործած է ընտրողներուն 72 տոկոսէն աւելին: Թեկնածուներուն յաջողութիւն կը մաղթեմ՝ Ապրիլ 14-ի երկրորդ քուէարկութեան ժամանակ»,- իր Twitter-ի էջին վրայ գրած է Մաքտըրմոթ:

«Մենատիրական վարչաձեւերու եւ բռնապետութիւններու տարածաշրջանին մէջ հրաշալի է տեսնել բարգաւաճող ժողովրդավարութիւն: Կը շնորհաւորենք Արցախի ազատ մարդիկը»,- գրած է ան։

Աւելի ուշ, ան աւելցուցած է, որ ազատ եւ ժողովրդավար Արցախին աջակցելու պատճառով յայտնուած է ատրպէյճանական մենատիրական վարչաձեւի սեւ ցուցակին մէջ: «Ես կը միանամ հարիւրաւոր պատգամաւորներուն, որոնք կը սիրեն ժողովրդավարութիւնը, լրագրողները, գիտնականներն ու իրաւապաշտպանները: Ինչպիսի պատիւ»,- նշած է ան՝ բերելով Ատրպէյճանի ամբողջական «սեւ ցուցակ»ի յղումը:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ