Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ Պէտք է Ընէ Միացեալ Նահանգները Պայքարելու Համար «Քորոնա»Ին Դէմ. Պիլ Կէյցի Դիտարկումը

Ամերիկեան Microsoft ընկերութեան համահիմնադիր Պիլ Կէյցը յորդորած է SARS-CoV-2 ժահրի տարածումը կանխելու համար հետեւողական ըլլալ քարանթինի հարցով: Այս մասին յայտնած է գործարարը The Washington Post-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։

Ըստ «Արեւելք»ին, որ կը վկայակոչէ վերի աղբիւրը, Պիլ Կէյցը քննադատած է Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու բոլոր այն նահանգապետերը, որոնք մարդոց տեղաշարժի սահմանափակման միջոցառումներ չեն ձեռնարկած մինչեւ հիմա։ Յայտնի է, որ ԱՄՆ-ի հինգ նահանգ տակաւին  չէ  յորդորած  բնակիչները  տուն մնալ, իսկ եօթն ալ քարանթինի  կանոն սահմանած է միայն որոշ շրջաններու մէջ։

«Այս թեմայով խառնաշփոթը միայն կ’երկարացնէ տնտեսական խնդիրները, կ’աւելցնէ ժահրի կրկնուելու հաւանականութիւնը եւ աւելի շատ մահերու կը յանգեցնէ»,- նշած է Կէյց։

Կէյցը  կը կարծէ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է արագացնէ բնակչութեան եւ առաջին հերթին բուժաշխատողներուն հետազօտման հարցը, ինչպէս նաեւ կեդրոնանայ պատուաստի ստեղծման վրայ։

«Այդ պարագային մենք պատմութեան մէջ պատուաստի ամենաարագ ստեղծման դէպքի ականատեսը կ’ըլլանք։ Արդէն հիմա կարելի է սկսիլ գործարաններ կառուցել, ուր այդ պատուաստը կ’արտադրուի, եւ գնել տարբեր դեղամիջոցներու պատրաստման համար անհրաժեշտ սարքաւորումներ։ Այս գործին մէջ կարեւոր դեր պէտք է կատարէ դաշնային կառավարութիւնը, քանի որ մասնաւոր ընկերութիւններ չեն կրնար իրենց վրայ նման վտանգ վերցնել»,- կը կարծէ Կէյց։

Այս առաջին անգամ չէ, որ Կէյց կը քննադատէ ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը։ Անցեալ շաբաթ ան յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ը արդիւնաւէտօրէն չէ յայտնած ինքնամեկուսացման անհրաժեշտութեան մասին։

Յայտնի է, որ գործարարը դեռ հինգ տարի առաջ կանխատեսած էր, որ մարդկութեան ամենամեծ սպառնալիքներէն կը համարուին ժահրերը, որոնց դէմ պայքարելու համար աշխարհը տակաւին պատրաստ չէ։

 

 

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ