Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մասիս Մայիլեան Կոչ Ըրաւ Չմասնակցելու Լեռնային Ղարաբաղի Ընտրութիւններու 2-րդ Փուլին

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլէն 9 օր առաջ, նախագահի թեկնածուներէն՝ Մասիս Մայիլեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ կոչ ըրած է արցախցիներուն չմասնակցելու 14 ապրիլին կայանալիք ընտրութիւններուն, հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրի տարածման վտանգը։

Արցախի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է, թէ 31 մարտին կայացած համապետական ընտրութիւնները շատ հեռու էին նոր պայմաններու մէջ արցախեան հանրութեան ակնկալած ընտրական զարգացումներէն, եւ ինք պարզապէս ի գիտութիւն կ’ընդունի քուէարկութենէն յետոյ Արցախի կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի (ԿԸՅ) հրապարակած տուեալները։

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ