Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 11, 2024

Շաբաթաթերթ

Յարգանքի Տուրք Առ Բուժաշխատողը

Այսօր առանձնայատուկ կարեւոր թեմա կ՛ուզեմ շօշափել։ Աշխարհի չորս կողմը քորոնա ժահրի դէմ պայքարին առաջին գիծին վրայ կռուող բոլոր բժիշկներուն , բուժեղբայրներուն-քոյրերուն, եւ առողջապահական համակարգի մէջ միւս բոլոր աշխատողներուն մասին է , որ կ՛ուզեմ գրել։ Այն նուիրական ու պատասխանատու աշխատանքը, որ անոնք կ՛ընեն այսօր, համազօր է ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ կռուող զինուորներու մարտին։

Բոլոր վարակուած եւ առողջական անվտանգութեան խնդրով ծայրայեղ մտահոգիչ վիճակի մէջ գտնուող երկիրներու հիւանդանոցներուն մէջ, անոնք աշխատանքային դժուար պայմաններով կը պայքարին բոլորին առողջութեան համար, վտանգելով իրենց սեփական կեանքերը, որովհետեւ ամեն գնով փրկել հիւանդի կեանքը ոչ թէ անոնց աշխատանքն է, այլ՝ առաքելութիւնը։ Բժիշկներն ու բուժաշխատողները շաբաթներ շարունակ զրկուած են իրենց ընտանիքի անդամներուն եւ սիրելիներուն հետ կապէն, քանի որ մեկուսացումը հարազատներուն հնարաւոր վարակումէն փրկելու համար է։ Շատ մը բժիշկներ բառի բուն իմաստով կ՛ապրին հիւանդանոցներուն մէջ, ամեն օր պայքարելով մահուան դաշտին մէջ յանկարծ յայտնուած հազարներու կեանքին համար։ Անոնք կը կռուին մեզի համար, բայց ամենէն աւելի խոցելի եւ վտանգուած խումբը՝ իրենք են: Անոնցմէ շատեր վարակուեցան ու մահացան միայն այն պատճառով, որ անոնք կ՛աշխատէին վարակի ամենախիտ միջավայրին մէջ եւ որքան շատ է վարակի քանակը, այնքան ծանր է հիւանդութեան ընթացքը։ Կարծես այսքանը բաւական է արդeն , որպէսզի պահ մը զգանք ու հասկնանք անոնց կատարած նուիրեալ աշխատանքին լրջութիւնն ու պատասխանատուութիւնը։ Երանի այս կռուող զինուորները հաւուր պատշաճի զինուած եւ պաշտպանուած ըլլային․․․

յաճախ անոնց փրկած կեանքերու վճարը իրենց սեփական կեանքն է, որովհետեւ անոնցմէ շատերը պաշտպանուած չեն համապատասխան բժշկական հագուստով ՝ վերջինին սղութեան, իսկ որոշ երկիրներու պարագային՝ անոնց բացակայութեան պատճառով։ Վերջին օրերուն համացանցի վրայ պարբերաբար սկսան յայտնուիլ բուժաշխատողներու աղերսները, ուր գերլարուած պայմաններու մէջ, օրուայ ընթացքին իրենց աչքին առջեւ եղած մի քանի տասնեակ մահերը տեսնելէ ետք, քայքայուած ջիղերով ընկերային համացանցի իրենց էջերուն վրայ սկսան տեղադրել տեսանիւթեր, որոնց մէջ իրենք կը խնդրեն, որ մարդիկ դուրս չգան իրենց տուներէն: Իրենցմէ շատերուն խօսքերը գրեթէ լսելի չեն հեղեղող արցունքներուն ընդմէջէն:

Երբ կը յանձնուի բուժաշխատողը, երբ կու լայ տղամարդը, երբ բժիշկը ոչինչ կը կարենայ ընել մինչ կը նայի, թէ ինչպէ՞ս իրար ետեւէ մէկ օրուայ մէջ կը մահանան մի քանի տասնեակ առողջ ու երիտասարդ կեանքեր, մարդկային աւելի մեծ մղձաւանջ դժուար է պատկերացնել։ Մենք բոլորս կը նեղուինք կացութենէն, մեր կորսնցուցած գումարին համար, մեր սնանկացած գործին համար: Կը նեղուինք ստիպուած տունը նստելու ձանձրոյթէն եւ պարապութենէն, բայց մեզմէ, ո՛չ մէկը կը գտնուի բժիշկի այն հոգեվիճակին մէջ, ուր ան կանգնած երկու մահճակալներու միջեւ, պէտք է որոշէ, որուն ընտրել՝ որ ապրի…: Փառք ու պատիւ, յարգանք ու խոնարհում ձեզի՝ առաջնագիծին վրայ կռուող համայն աշխարհի հերոս բժիշկներ եւ բուժաշխատողներ ։

 

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ