Երկուշաբթի 13 Ապրիլին, Մարտ ամսուան Կլէնտէյլ քաղաքի քաղաքական խորհուրդի մասնակի ընտրութիւններէն ետք, նորակազմ քաղաքային խորհուրդի անդամները, քաղաքապետ ընտրեցին Վրէժ Աղաճանեանը որ 2017 Ապրիլին ընտրուած էր քաղաքային խորհուրդի անդամ: Պրն. Աղաճանեան քաղաքապետի պաշտօնին ընտրուած է առաջին անգամ, դառնալով Կլէնտէյլի 7-րդ Ամերիկահայ քաղաքապետը, յաջորդելով իրաւաբան՝ Արա Նաճարեանին: Պրն. Աղաճանեան եղած է արհեստավարժ երկրաչափ եւ արտօնատէրն է Կլէնտէյլի մէջ հեռատեսիլի զոյգ կայաններու:
Համայնքային կեանքէն ներս ան եղած է ատենապետը Ամերիկահայ երկրաչափերու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, ինչպէս նաեւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութեան Կեդրոնական վարչութեան:
Պրն. Աղաճանեան անդամ է Կլէնտէյլի ոստիկանութեան հիմնարկին, ինչպէս նաեւ Կլէնտէյլի Kiwanis ակումբին, եղած է նաեւ ատենապետը Շուշիի որբանոցի խնամակալ մարմին:
Որպէս քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ան կը ծառայէ քաղաքի բնակարանային ծրագրի յանձնաժողովէն ներս ինչպէս նաեւ Պըրպէնք-Կլէնտէյլ-Փասատինա օդակայանի յանձնաժողովէն ներս ներկայացնելով Կլէնտէյլի քաղաքային խորհուրդը:
Յաջողութիւն կը մաղթենք պրն. Աղաճանեանին, քաղաքապետի իր պաշտօնին համար: