Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Ջանք ու Հնարաւորութիւն Չենք Խնայեր Այս Պայքարը Նուազագոյն Կորուստներով Յաղթելու Համար․ Զարեհ Սինանեան

Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան տեսաուղերձով դիմած է արտերկիր գտնուող մեր հայրենակիցներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր այն սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք գործնական եւ մասնագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն հայրենիքին՝ «քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին մէջ: Ան հաւաստիացուցած է, որ ջանք ու հնարաւորութիւն չի խնայուիր այդ պայքարը նուազագոյն կորուստներով յաղթելու համար:

«Ամբողջ աշխարհը այս օրերուն կը պայքարի «քորոնա» ժահր համավարակին դէմ, եւ հայ ժողովուրդը՝ իր համաշխարհային տարածումով՝ անմասն չէ մնացած այս պայքարէն: Այս ճգնաժամային պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութիւնը դիմած է շարք մը քայլերու՝ համավարակի տարածումը սահմանափակելու, հիւանդներուն համապատասխան բուժում յատկացնելու, հասարակական-տնտեսական ամենախոցելի խաւերուն աջակցելու եւ տնտեսութիւնը խթանելու նպատակով: Կը հաւաստիացնեմ, որ մենք ջանք ու հնարաւորութիւն չենք խնայեր այս պայքարը նուազագոյն կորուստներով յաղթելու համար:

Եւ հակառակ անոր, որ Սփիւռքի մէջ բնակող մեր հայրենակիցները եւս կ՝ապրին եւ կը գործեն արտակարգ պայմաններու մէջ, այսօր Սփիւռքը կը շարունակէ կանգնած մնալ հայրենիքի կողքին: Կ՝ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն սփիւռքեան կառոյցներուն եւ անհատներուն, որոնք հայրենիքին գործնական եւ մասնագիտական աջակցութիւն կը ցուցաբերեն:
Ձեզմէ իւրաքանչիւրի կեանքը, առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը հայրենի կառավարութեան համար շատ կարեւոր են:

Այս դժուար օրերուն կը խնդրեմ հետեւիլ ձեր բնակութեան երկիրներու իշխանութիւններու ցուցմունքներուն եւ սահմանափակումներուն, խուճապի չմատնուիլ, հետեւիլ միայն հաւաստի տեղեկութիւններու եւ առողջապահական պաշտօնական մարմիններու ուղեցոյցին, յաճախակի լուալ ձեռքերը, պահպանել ընկերային հեռաւորութիւն, մնալ տունը եւ այս ճանապարհով դիւրացնել բժիշկներուն պատասխանատու աշխատանքը:

Եղէ՛ք առողջ ու ապահով եւ պահպանեցէք զգօնութիւնն ու լաւատեսութիւնը: Պայքարը պիտի ըլլայ երկար եւ ծանր, սակայն մենք պիտի յաղթենք միասին: Մինչ նոր հանդիպում մեր բոլորի հայրենիքին մէջ»,- ըսուած է տեսաուղերձին մէջ:

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ