Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Ընտրուած է Արայիկ Յարութիւնեան

Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլի քուէարկութեան նախնական արդիւնքներով՝ նախագահ ընտրուած է  «Ազատ Հայրենիք-Քաղաքացիական միացեալ դաշինք» կուսակցութիւններուն կողմէ ներկայացուած նախագահի թեկնածու Արայիկ Յարութիւնեան:

ԱՀ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Սրբուհի Արզումանեան՝ ներկայացնելով արդիւնքները՝ ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեանի օգտին քուէարկած է 39,860 ընտրող կամ ընտրողներուն 88%-ը, իսկ Մասիս Մայիլեանի օգտին՝ 5428 ընտրող կամ ընտրողներուն 12%-ը:

ԿԸՅ նախագահը նշած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան 3784 ձայնով գերազանցած է իր նախկին ցուցանիշը: Ս. Արզումանեան տեղեկացուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան մէջ, ընտրական իրաւունք ունի 104,777 ընտրող: Այս թիւին մէջ կը ներառուին նաեւ լրացուցիչ ցուցակին մէջ ընդգրկուած ընտրողները:

Ընդհանուր առմամբ, քուէարկութեան մասնակիցներուն թիւը կը կազմէ 47,165 կամ 45%: Անվաւեր քուէաթերթիկներուն թիւը կը կազմէ 1876 կամ 3.97 %:

ԿԸՅ նախագահին խօսքով՝ Արցախի մէջ կայացած այս ընտրութիւնները կ՝առանձնանան նաեւ այն իրողութեամբ, որ իրականացած են ոչ սովորական, մասնաւորապէս՝ աշխարհը պատուհասած նոր «քորոնա» ժահրի տարածման պայմաններուն մէջ:

Ս. Արզումանեան նշած է, որ ԱՀ Նախագահ ընտրուելու վերաբերեալ վերջնական որոշումը պիտի կայացուի Ապրիլ 21-ին:

Նշենք, որ Մարտ 31-ին տեղի ունեցած համապետական ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահի թեկնածուներէն եւ ոչ մէկը յաղթահարած էր բոլոր թեկնածուներուն կողմ քուէարկած ձայներու կէսէն աւելին։ Այդ պատճառով երկրորդ փուլի անցան առաւելագոյն ձայներ հաւաքած նախագահի երկու թեկնածուներ Արայիկ Յարութիւնեան (49.26%) եւ Մասիս Մայիլեան (26.4%)։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 31-ին կայացած նախագահական ընտրութիւններուն Արցախի նախագահի 4-րդ պաշտօնը ստանձնելու համար յայտ ներկայացուցած էին 14 նախագահի թեկնածուներ:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ