Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախի Հանրապետութիւնը Անգամ Մը Եւս Ապացուցեց, Որ Կայացած Երկիր Է․ Արմէն Սարգսեան Շնորհաւորած Է Արայիկ Յարութիւնեանը

Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է Արայիկ Յարութիւնեանը Արցախի մէջ նախագահի ընտրութիւններու երկրորդ փուլին յաջողութեան հասնելու եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի բարձր պաշտօնին ընտրուելուն առիթով։

Նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան նախագահի պաշտօնը կը ստանձնէ Արցախի համար շատ բարդ ու պատասխանատու ժամանակահատուածի մը՝ պայմանաւորուած աշխարհի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով եւ մասնաւորապէս մեր տարածաշրջանին մէջ ընթացող բարդ աշխարհաքաղաքական գործընթացներով։ «Արցախի Հանրապետութիւնը մէկ անգամ եւս ապացուցեց, որ կայացած երկիր է՝ իր պետական մարմիններով եւ, ամենակարեւորը, իր քաղաքացիներով: Այսօր առաւել քան երբեւէ մենք միասնական ու համախմբուած ըլլալու կարիք ունինք»,- ըսած է Հայաստանի նախագահը։

Արմէն Սարգսեան վստահութիւն յայտնած է, որ Արայիկ Յարութիւնեան պիտի կարենայ ամրապնդել համերաշխութեան եւ հանդուրժողականութեան մթնոլորտը Արցախի մէջ, կազմակերպել եւ ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը, տնտեսական ու քաղաքական զարգացումը, համախմբել ժողովուրդը միասնական նպատակներու շուրջ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ