Հինգշաբթի, Ապրիլ 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Փաշինեան Շնորհաւորած է Անկախ եւ Ժողովրդավար Արցախի Ժողովուրդը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շնորհաւորած է Արցախի ժողովուրդը` ընտրութիւնները աւարտին հասցնելու առիթով` նշելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ Արցախի հետ սերտ համագործակցութիւնը` ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար:

Այս մասին Փաշինեան գրած է «Թուիթըր”-ի իր էջին վրայ: «Ես կը շնորհաւորեմ անկախ եւ ժողովրդավարական Արցախի ժողովուրդը` ընտրութիւնները ամբողջացնելու առիթով:

Անոնք իշխանութիւնները լիազօրած են ալ աւելի ամրապնդելու Արցախի անվտանգութիւնը եւ ներկայացնելու զայն խաղաղ գործընթացին մէջ: Մենք կը շարունակենք Արցախի հետ մեր սերտ համագործակցութիւնը` մեր ընդհանուր նպատակներուն հասնելու համար»,- գրած է Փաշինեան:

Ապրիլ 14-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու 2-րդ փուլի նախնական արդիւնքներով` 88% ձայնով նախագահ ընտրուած է Արայիկ Յարութիւնեան: Նախագահի միւս թեկնածուն՝ Մասիս Մայիլեանը, ստացած է 12% ձայն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ