Կիրակի, Դեկտեմբեր 1, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախեան Ընտրութիւնները Աշխարհի Համար Ժողովրդավարական Ընտրութիւններ Իրականացնելու Օրինակ Են. Վլատիմիր Զախարով

Ապրիլ 14-ին կայացած Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն իրականացուցած «Սեւծովեան-կասպեան տարածաշրջանի քաղաքական եւ հասարակական հետազօտութիւններու ուսումնարան»-ի տնօրէն Վլատիմիր Զախարով, այսօր կայացած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, ամփոփած է քուէարկութեան ընթացքը:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ իր խօսքին մէջ Վլատիմիր Զախարով ըսած է, որ, այցելելով տարբեր ընտրատեղամասեր, այնտեղ տեսած է ընկերասէր մարդիկ, որոնք կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտքը:

«Ինչպէս Մարտ 31-ին կայացած համապետական ընտրութիւնները, այնպէս ալ նախօրէին իրականացուած նախագահական ընտրութիւններուն երկրորդ փուլը անցած է ժողովրդավար պայմաններու մէջ: Դեռ աւելին, շփուելով մարդոց հետ, ես տեսայ, որ, մարդիկ աւելի շատ կը խօսին Արցախի զարգացման մասին: Կը կարծեմ՝ արցախեան ընտրութիւնները աշխարհի համար օրինակ են, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլան ժողովրդավարական ընտրութիւնները»,- աւելցուցած է Վ. Զախարով:

Ան շնորհաւորած է Արցախի Հանրապետութիւնը՝ ընտրութիւնները կայացած համարելու համար:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ