Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Ապրիլ 24-ի, Մայիս 8-ի Եւ 9-ի Ձեռնարկներուն Քաղաքացիներուն Մասնակցութիւնը Պիտի Սահմանափակուի

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի, Շուշիի ազատագրութեան եւ Բ. Համաշխարհային պատերազմին տարուած յաղթանակի օրերուն տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններուն՝ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու քայլերու ծիրին մէջ, պիտի սահմանափակուի քաղաքացիներուն մասնակցութիւնը: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջի ուղիղ եթերով յայտնեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Այս ձեռնարկներուն քաղաքացիներու մասնակցութիւնը պէտք է սահմանափակուի: Եթէ մենք թոյլ տանք, որ մասնակցութիւնը սովորական ընթացակարգով ըլլայ, ապա կ’ունենանք “Քորոնա” ժահրի համավարակի անվերահսկելի բռնկում: Ապրիլ 24-ին, Մայիս 8-ին եւ 9-ին տեղի պիտի ունենան միայն արարողակարգային ձեռնարկներ, զանգուածային ձեռարկներ պիտի չըլլան», տեղեկացուց Փաշինեան:

 

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ