Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստան Թուրքիայէն Որեւէ Այլ Աջակցութեան Խնդրանքով Չէ Դիմած․ Աննա Նաղտալեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղտալեան մեկնաբանած է թրքական կողմին յայտարարութիւնը, թէ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Հայաստան օգնութիւն խնդրած է Թուրքիայէն, եւ վերջինս պատրաստ է այդ օգնութիւնը տրամադրելու: Նոյն ժամանակ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ հրաւիրած է Թուրքիոյ մօտ Չինաստանի դեսպանը` Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղերուն վրայ գրառման վերաբերեալ պարզաբանում տալու համար, այս մասին կը հաղորդէ «Սիվիլնեթ»-ը:

Նաղտալեան դիտել տուած է, որ նախարարութիւնը արդէն նշած էր, թէ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքերու կը ձեռնարկուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած Հայաստանի քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ` յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում գտած է այս համաճարակը: «Այս ծիրէն ներս պիտի նշեմ, որ արդէն իսկ Ուրբաթ օր Հայաստան տեղափոխուած են Թուրքիա գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած մեր 73 քաղաքացիներ. այս հարցով ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական օղակները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններու հետ: Թրքական կողմին հետ համագործակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այս շրջանակով, եւ Հայաստանը չէ դիմած այս շրջանակէն դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով»,- յայտնած է բանբերը:

Աննա Նաղտալեան հաստատած է, որ Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող Հայաստանի ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն մէջ երկու երկիրներուն փոխգործակցութեան կարելիութիւնները էականօրէն սահմանափակ են եւ կը պահանջեն իրական բարի կամք եւ վստահութեան ստեղծում: «Ցաւօք սրտի, թրքական կողմէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս հնչած որոշ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր համագործակցութեան ապաքաղաքականացուած եւ մարդասիրական միջավայրի ձեւաւորման: Յատկապէս ափսոսանքի արժանի է երրորդ երկրի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշներու հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը ու անհարկի քաղաքականացումը»,- յայտնած է Նաղտալեան։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ