ԱՄՆ-ի մէջ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի հետեւանքով զոհերու թիւը գերազանցած է 23 հազարը: Այս մասին յայտնեց «Արեւելք» վկայակոչելով «Ռիա նովոսթի»-ն, որ յղում տուած էր Ճոնս Հոփքինզի համալսարանի տուեալներուն:
Նշուած է, որ հաշուի առնուած են «Քորոնա» ժահրէն մահուան վերաբերեալ դաշնային եւ տեղական աղբիւրներու տուեալները:
Ընդհանուր առմամբ գրանցուած է վարակման 568 176 դէպք, 23 070 մարդ մահացած է: Ե՛ւ վարակումներու, ե՛ւ մահուան ցուցանիշով ԱՄՆ-ն ամբողջ աշխարհի մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ, հակառակ որ մահացողներու թիւը վերջին 3 օրերուն նուազում կ՛արձանագրէ: