Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Կը Գտնուինք Ճիշդ Ընտրութիւն Կատարելու Պարտաւորութեան Առջեւ

Աշխարհի մէջ    դժուար  պիտի   ըլլայ գտնել ժողովուրդ, որուն պատմութիւնը եւ հատած ճանապարհը  այնքան  մօտ  ըլլան Նոր կտակարանի  խորհուրդներուն, որքան հայ ժողովուրդը:

            Ապրիլ ամիսը  հայ ժողովուրդին համար: Ժամանակը մեզի աւելի եւ աւելի կրնայ հեռացնել ողբերգական 1915 թուականէն,  սակայն մեր  միտքն ու հոգին նոյնքան զգայուն են ցաւի եւ  զգօն՝  յիշողութեան  հանդէպ, որքան մեր հայրերունն  ու    պապերունը:

            Պայքարի եւ ծանր փորձութիւններու, յաջողութիւններու եւ տեղատւութիւններու հարիւր եւ  հինգ տարիներ անցան՝ վառ պահելով   մէկուկէս միլիոն եւ աւելի նահատակներուն  յիշատակը:  Քաղաքական ոչ մէկ  վերիվայրում կրցաւ  մթագնել հայ  ժողովուրդին յիշողութիւնը, խաթարել անոր կամքն ու ձգտումը հետապնդելու իր արդար դատը:

            Այդ  հաստատակամութեան արգասիքն է այսօրուան անկախ  հանրապետութիւնը, Արցախի ազատագրութիւնը, Հայաստանի իբրեւ անկախ պետականութիւն  միջազգային  ընտանիքին մէջ իր արժանի դիրքը գրաւելու  իրողութիւնը:

            Հայ  ժողովուրդը  պատմական յիշողութիւնը վառ պահելով ու նորագոյն  պատմութեան էջերուն առարկայական մօտեցում  ցուցաբերելով  պիտի  յաջողի  կերտել վաղուան ամբողջական  Հայաստանը:  Ան որ մոռնայ  իր անցեալը, դատապարտուած է անոր կրկնութեան…:

            Հակառակ անկախութեան մօտաւորապէս երեսուն  տարիներուն՝ տակաւին  վերջնական ձեւաւորում չեն գտած  մեր  պատմութեան  ամենակարեւոր  եւ առանցքային  փուլերուն,  իրադարձութիւններուն գնահատականները:  Ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է  գոյացնել մօտեցումներու  այնպիսի համակարգ, որ ընդունելի դառնայ հայ  ժողովուրդի բոլոր   հատուածներուն համար:  Այս մէկը   որքան  քաղաքական, նոյնքան եւ աւելի  բարոյական հրամայական է: Միջազգային հանրութեան առջեւ  շատ դժուար պիտի  ըլլայ արդիւնաւէտ պաշտպանել պատմական արդարութիւնը,  երբ  հայցուոր  ժողովուրդին ներկայացուցիչները  տարակարծութիւն կամ  տարընթերցումներ թոյլ կու տան Հայոց ցեղասպանութեան  իրադարձութիւնները անդրադառնալու   միջոցին…:  Միւս կողմէ՝ պատմութիւնը  վերարժեւորելու միջոցին անհրաժեշտ է  հրաժարիլ  պատմական  նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւնները կամայականօրէն խաղարկելու  անհանդուրժելի  վարժութիւններէն: Օսմանեան կայսրութեան  մէջ հայ ժողովուրդին  ցեղասպանութիւնը կարելի չէ  յարաբերական  շահարկումներու ենթակայ դարձնել:

            Հետեւեցէք պատմութեան. աշխարհը միշտ  խուլ ականջ  կը ձեւանայ այլոց   ողբերգութեան  նկատմամբ:  Ճիշդ է, որ  պատմաբաններ, մշակոյթի եւ  հասարակական գործիչներ, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կարելի բոլոր միջոցներով  մեծ  ջանքեր կը գործադրեն մարդկային  հասարակութեան հասցնելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական  ճշմարտութիւնը, սակայն  քաղաքական  որոշումի   տէր պետութիւններ  լուռ կը մնան   տակաւին յանցագործէն    հատուցում  պահանջելու մեր ջանքերուն:  Այս չի նշանակեր անտեսել  մեծ պետութիւններու,  միջազգային կառոյցներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան  ճանաչման  փաստը:   Սակայն  ճանաչումը մէկ  քայլ,   հատուցումը՝ այլ: Լռութիւնն էր, որ  քաջալերեց  հրեաներուն ցեղասպանութիւնը: Այդ լռութիւնն  է, որ  ցեղասպանութիւնը  այսօր դարձուցած է սովորական երեւոյթ: Այդ լռութիւնն է, որ  շահարկութեան  վերածած է  յանցագործութիւնը: Դժբախտաբար այս բարոյականութեամբ կը  մտածէ եւ կը շարժի  մարդկային քաղաքականութիւնը  21-րդ դարուն:  Մինչդեռ  քաղաքակիրթ աշխարհին պարտքը պարտի դառնալ,  կարելի բոլոր միջոցներով պայքարիլ ցեղասպանութեան եւ  բռնութեան տրամաբանութեան դէմ:  

            Ժամանակն է, որ աշխարհը  սթափի  շահարկումի եւ անտարբերութեան  թմբիրէն:  Այն ատեն միայն պիտի  քանդուի Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ քաղաքական  լռութեան պատը:  Այնքան  ժամանակ, որ միջազգային հասարակութիւնը  քաղաքական եւ բարոյական գնահատական չէ տուած Հայոց  ցեղասպանութեան, անկարող պիտի մնայ կանխելու   պարբերական  ողբերգութիւնները, մեր մոլորակը պիտի մնայ  վայրագութեան  փաստերը արձանագրողի  եւ  շահարկողի դերին մէջ:

            Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք Նիւրենպերկի   միջազգային ատեանը դատապարտեց եւ  պատիժ  սահմանեց  հրեաներու ցեղասպանութեան յանցագործներուն:  Դատապարտելով հրեաներուն ցեղասպանութիւնը՝  միջազգային հասարակութիւնը   դատապարտեց ցեղային  խտրականութեան վրայ հիմնուած   գաղափարախօսութիւնները: Սակայն   մանաւանդ  20-րդ դարու վերջին տասնամեակին եւ  21-րդ դարուն սկիզբը ծայր առած արիւնահեղութիւնները,  քաղաքական տագնապներու, կրօնական,  ցեղային  դրդապատճառներով  զանգուածային կոտորածներն ու ցեղասպանութիւնները  եկան ապացուցելու, թէ  անպատժելիութեան գաղափարախօսութիւնը համատարած  սպառնալիք դարձած է մարդկութեան դէմ:

            Ժամանակը  հասած չէ՞,  արդեօք,  որ մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներէն  ճառող  քաղաքակիրթ աշխարհը իրաւական եւ բարոյական  դատապարտումի ենթարկէ  քաղաքական  շահարկումներու  ծիրին մէջ կատարուած  ոճիրները, ցեղասպանութեան  վերածուած  անցեալի եւ այժմու  ամէն  ոճիր:  Համեստ կարծիքովս՝  Հայոց ցեղասպանութեան   իրաւական եւ բարոյական գնահատականը պիտի դառնայ այլ ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու  անկիւնաքարը:  

            Հայաստանի  եւ Սփիւռքի    հայութիւնը  բաւական լուրջ  պայմաններու մէջ կը դիմաւորէ   Հայոց ցեղասպանութեան 105-ամեակը: Ճգնաժամ կ’ապրին  Հայաստանն ու Սփիւռքը:   Մտահոգիչ  կը մնայ  Արցախի հանրապետութեան վաղուան օրը:  Ճիշդ է, որ  Արցախի  հանրապետութիւնը  քաղաքական, տնտեսական  հաստատուն քայլեր կ’առնէ այս  ուղղութեամբ,  սակայն ազգային հեռանկարի եւ  արցախահայութեան  արդար  իրաւունքներու պաշտպանութեան   տեսանկիւնէն  հսկայական աշխատանք ունինք կատարելիք:  Հայաստանն ու Սփիւռքը   հետեւողական պատասխանատուութիւն ունին Արցախի հանրապետութեան կայունութեան սատարելու ուղղութեամբ:  Արցախի հանրապետութեան անկախութեան  հակառակորդները   տակաւին  չեն համակերպիր ստեղծուած  աշխարհաքաղաքական իրողութեան:  Միջպետական   հաշուեկշիռին  մէջ ինկած  Արցախի հանրապետութեան  եւ հայ ժողովուրդին  մեծ փորձութիւններ կը սպասեն տակաւին:  Զգօնութիւնը եւ   քաղաքական սթափութիւնը  անհրաժեշտ մակարդակի վրայ պարտինք պահպանել:  Համայն   հայ ժողովուրդը  անհրաժեշտ է, որ պատրաստ  ըլլայ  իրադարձութիւններու  զարգացման բոլոր  ընտրանքներուն:

             Պատմաքաղաքական այս յոյժ  կարեւոր  ժամանակաշրջանին կենսական անհրաժեշտութիւն է, որ համահունչ  բաբախէ հայ  ժողովուրդին սիրտը: Անհատական,  հատուածական,  կուսակցական շահերու պաշտպանութիւնը  չի կրնար փոխարինել ազգային իմաստութեան եւ ինքնապաշտպանութեան տարրական  բնազդը:   Այս   հայրենիքը ի վերջոյ մեր պապերէն մեզի  ժառանգ մնացած,   հայ  ժողովուրդի ազատութեան եւ  անկախութեան  համար  իրենց կեանքը տուած բիւրաւոր   ազատամարտիկներուն եւ ցեղասպանութեան նահատակներու    դարաւոր երազներուն հայրենիքն է:

            Բախտորոշ այս ժամանակաշրջանին մեր հայեացքները  ուղղուած պիտի ըլլան Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ   տասնամեակներով կուտակուած  բացթողումներու սրբագրութեան:  Մեր ժողովուրդին  ազգային  քաղաքական  առօրեան ներկայացնող կառոյցներէն շատեր  մտած են կենաց մահու  գօտեմարտին մէջ՝ ուրախացնելով մեր հին ու նոր թշնամիները: Կը նահանջէ նաեւ   լեզուն, Մեսրոպի   լեզուն:  Հայաստանի պարագային,  ժամանակն է գիտակցելու, որ հայ  ժողովուրդը կերտած է  անկախ պետականութիւն: Քաւ լիցի, եթէ  անկախ պետականութիւնը պիտի կառուցենք սթալինեան գիտակցութեան եւ կամ ապաւինելով՝  օտարի արդարադատութեան  ուժին:

            Ազգային   համերաշխութիւնը  հայ  հաւաքականութեան  բոլոր   բաղկացուցիչներու անդրդուելի հաւատարմութիւնն է  պատմական,   քաղաքական, բարոյական արժէքներու այն համակարգին, որ կը   պայմանաւորէ ազգային  ինքնութեան պահպանումը:

            Հայ   ժողովուրդի այսօրուան ազգային անվտանգութիւնը խարսխուած է Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի անվտանգութեան  վրայ:  Այս երեք  հիմնասիւներուն շահերը տարանջատելու,  հակադրելու  որեւէ փորձ  կը նշանակէ  վտանգի ենթարկել հայկական  պետականութեան, Սփիւռքի եւ համայն  հայ ժողովուրդի ապագան:  Մեր  պատմական առաքելութիւնն է  հզօր հայրենիք եւ պետականութիւն կերտել,  Հայոց ցեղասպանութեան  ճանաչումը եւ  հատուցումները  հետապնդել, դադրեցնել  Հայաստանէն արտագաղթը եւ զօրացնել Սփիւռքի հայապահպանութեան  յենակները, գուրգուրալ մայրենի լեզուին: Եթէ  այս գիտակցութիւնը    տիրապետող  չդառնայ, անդառնալի կորուստներու  պիտի մատնուին Հայաստանն ու Սփիւռքը:

            Հայոց ցեղասպանութեան  105-ամեակը եզրագիծ է հայ ժողովուրդին համար:  Այս  պատասխանատու  ժամանակահատուածին մէջ իրաւունք չունինք սխալելու: Ճիշդ  դասեր  քաղենք  ողբերգական ցեղասպանութենէն, որ  ոչ միայն   միլիոնուկէս  նահատակներ  խլեց մեր ժողովուրդէն,  այլեւ մեզ զրկեց  մեր պատմական հայրենիքին մեծ մասէն, իւրացուց  եւ քանդեց մեր պատմամշակութային  կառոյցները, յափշտակեց  մեր ունեցուածքները: Պատմութեան կրկնութիւնը կանխելու  եւ ապագայ  կերտելու  համար  լուրջ խորութեամբ պարտինք  ընկալել պատմութեան այդ մեծագոյն  ողբերգութիւնը:

            Հայոց ցեղասպանութեան  քաղաքական եւ   բարոյական գնահատականը ներազգային եւ   միջազգային հանրութեան մէջ ձեռք  կը բերուի  հետեւողական  եւ միասնական աշխատանքով՝  պարտութեան  մատնելով  մեր  թշնամիին  երկդիմի, ժխտողական դիրքորոշումները:  Այս  գործընթացը պայմանաւորուած է մեր հաւաքական կամքով  եւ  քաղաքական  հասունութեամբ: Հայաստան, Սփիւռք, Արցախ  միասնաբար պիտի  ուխտեն  միս եւ արիւն  տալ   հայ ժողովուրդի    մեծ երազին  կամ միասին  պիտի  ճաշակենք  ինքնախաբէութեան  դառն արգասիքը:

            Այսօր՝   հարիւր եւ  հինգ տարի ետք, մեր պապերուն յիշատակին, ապագայ սերունդներուն առջեւ   ճիշդ  ընտրութիւն կատարելու  պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք:

            Ահա առաջնահերթ պարտաւորութիւնը Սփիւռքի հայութեան եւ Մայր հայրենիքին:

            Բիւր  յարգանք հայ   ժողովուրդի   բոլոր նահատակներուն:

 

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ